Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութիւնը Եւրոպայի մէջ կապիկի ծաղկախտի նոր պարագաներու արձանագրումէն զգուշացուց
Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութիւնը Եւրոպայի մէջ Կապիկի ծաղկախտի նոր տարբերակով վարակման յաւելեալ պարագաներու արձանագրումէն զգուշացուց:
Կազմակերպութիւնը նշեց, որ Շուէտի մէջ Կապիկի ծաղկախտով վարակման պարագայի մը արձանագրումը «մեր աշխարհի իրարու կապուած ըլլալու յստակ արտացոլացումն է: Հաւանական է, որ յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն Եւրոպայի շրջանին մէջ նոր տարբերակով վարակուած ներածուած պարագաներու յաւելեալ պարագաներ նշմարուին»:
Շուէտի առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու նախարար Եաքոպ Ֆորսմիտ յայտարարեց, որ Շուէտի մէջ Կապիկի ծաղկախտի «ամէնէն վտանգաւոր տարբերակով» վարակման պարագայ արձանագրուած է:
Ժահրը կը փոխանցուի անձերու միջեւ սերտ կապի ճամբով:
Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան մէջ համաճարակի տարածումէն ու մերձակայ երկիրներ անցնելէն ետք, Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութիւնը երկու տարուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով հասարակական առողջապահական արտակարգ իրավիճակ յայտարարեց:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ