MAP

Նիքարակուայի մէջ խումբ մը հաւատացեալներ Նիքարակուայի մէջ խումբ մը հաւատացեալներ 

Նիքարակուան կը վտարէ 7 քահանաներ

Նիքարակուայէն առաջին անգամ չէ որ կը վտարուին քահանաներ, սա հինգերորդ անգամն է որ եօթը քահանաներէ բաղկացած խումբ մը կը վտարուի Նիքարակուայէն ու կը ժամանեն Հռոմ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Նիքարակուայէն առաջին անգամ չէ որ կը վտարուին քահանաներ, սա հինգերորդ անգամն է որ եօթը քահանաներէ բաղկացած խումբ մը կը վտարուի Նիքարակուայէն ու կը ժամանեն Հռոմ։

Անցեալ 7 Օգոստոսին, Նիքարակուային մէջ կալանաւորուած եօթը քահանաները կը վտարուին եւ կ՝ուղարկուին Հռոմ, ուր ժամանեցին 8 օգոստոսին։

Քահանաներուն անունները հետեւեալ են. Վիքթոր Կոտոյ, Ժայրօ Փրաւիա, Սիլվիօ Ռոմերօ, Էտկար Սաքասա, Հարվին Թոռէս, Ոլիսէս Վէկա, Մարլոն Վէլազքէզ։ Լուրը հաստատեց Նիքարակուայի պետութիւնը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը, «Եօթը քահանաներ Նիքարակուայէն մեկնեցան Հռոմ»։

Քահանաները կը պատկանին Մաթակալփա եւ Էսթելլի թեմերուն, անոնք ձերբակալուած են Մանակայի մէջ Ֆաթիմայի Տիրամօր դպրեվանքէն ներս։ Ըստ Նիքարակուային լրատուամիջոցներուն, Էսթելի թեմի պատասխանատու Հայր Ֆրութոս Վալլէ ձերբակալուած է 26 յուլիսին սակայն չգտնուիր երկրէն վտարուած անձերուն ցանկին մէջ։

Սա հինգերորդ անգամն է որ Նիքարակուայէն կը հեռանան խումբ մը քահանաներ. 2022 թուականի հոկտեմբերին, քահանաներէ կազմուած երկու խումբերը փոխադրուեցան Միացեալ Նահանգներ, 2023ին, եւ 2024Ին ուրիշ քահանաներու երկու խումբեր փոխադրուեցան Հռոմ անոնց հետ երկու եպիսկոպոսներ, Ռոլանտօ Ալվարէզ եւ Իզիտորօ Մորա։ Հինգշաբթի, 8 օգոստոսին, եօթը քահանաներէ բաղկացած խումբ մը ժամանեց Հռոմ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2024, 11:46