Նիքարակուայէն վտարուեցան երկու այլ քահանաներ եւ ուղարկուեցան Հռոմ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Օգոստոս 10ին եւ 11ին, Նիքարակուայի մէջ ձերբակալուեցան ապա Հռոմ ուղարկուեցան երկու այլ քահանաներ՝ Հայր Պալմաչէտա եւ Հայր Մարթինեզ։
2018 թուականէն մինչեւ այսօր, լրատուամիջոցներու տեղեկութիւններուն համաձայն, Նիքարակուայի պետութիւնը վտարած է աւելի քան 245 կրօնաւորներ։
Վերջերս վտարուած քահանաներէն, Հայր Պալմաչէտա կը պատկանի Էսթելի թեմին եւ կը ծառայէ որպէս հոգեւոր հովիւ Եսուս տի Լա Թրինիտատ ժողովրդապետութեան մէջ, իսկ Հայր Մարթինեզ, որպէս դաստիարակիչ կը ծառայէ Մաթակալփա թեմի նորընծայարանին մէջ։
Երկու քահանաներուն Նիքարակուայէն վտարումի լուրը հաղորդեց մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ու լրատուամիջոցները յայտնելով նաեւ, որ ազատ արձակուած է՝ 15 օգոստոսին ձերբակալուած, Հայր Կարսի Տանի։
Նիքարակուացի՝ աքսորի մէջ գտնուող հետազօտողի մը տուեալներուն համաձայն 2018ին, Նիքարակուայէն վտարուած են աւելի քան 245 կրօնաւորներ, անոնց շարքին Պապական Նուիրակ, Գերպ Վալտեմար Սոմերթակ, երեք եպիսկոպոսներ եւ Նիքարակուայի տարբեր թեմերէն 136 քահանաներ, երեք սարկաւագներ, 11 նորընծաներ եւ շուրջ 91 մայրապետներ կամ կրօնաւորներ։
Տեղեկութիւններու համաձայն, 19 կրօնաւորները՝ որոնց շարքին, գերպ Ալվարեզ եւ աքսորուած գերպ. Սիլվիօ Պայէզ եւ 14 քահանաներ յայտարարուած են հայրենիքի դաւաճաններ ու զրկուած իրենց ազգութենէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ