MAP

LEBANON-ISRAEL-PALESTINIAN-CONFLICT-UN

ՖԻՆԻՒԼ-ն ու Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչի գրասենեակը կոչ կ՛ուղղեն յաւելեալ մագլցումէ ետ կանգնելու

«Թշնամական գործողութիւններու դադրեցումն ու անկէ ետք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնը յառաջ ընթանալու միակ կենսունակ ուղին են», նշեցին անոնք:

ՖԻՆԻՒԼ-ն ու Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչի գրասենեակը միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով անդրադարձան Կապոյտ գիծը շրջանցող զարգացումներուն:

«Այսօր կանուխ առաւօտէն Կապոյտ գիծի երկայնքին արձանագրուած մտահոգիչ զարգացումներուն լոյսին տակ, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչի գրասենեակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ը բոլորին կոչ կ՛ուղղեն կրակոցը դադրեցնելու եւ յաւելեալ մագլցողական քայլերէ ետ կանգնելու»:

«Թշնամական գործողութիւններու դադրեցումն ու անկէ ետք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնը յառաջ ընթանալու միակ կենսունակ ուղին են», նշեցին անոնք:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչի գրասենեակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ը շեշտեցին. «Պիտի շարունակենք մեր հաղորդակցութիւնները բոլորը ուժեղ կերպով յորդորելու մագլցումը նուազեցնելու»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2024, 08:43