MAP

Շիքակոյի մէջ ընդհանուր ժողով Շիքակոյի մէջ ընդհանուր ժողով  (AFP or licensors)

Քամալա Հարիս պաշտօնապէս Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու

Շիքակոյի մէջ, ուր ընդհանուր ժողովի երկրորդ օրն էր, Քամալա Հարիսին իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպաման եւ նախկին առաջին տիկին Միշել Օպաման:

Շիքակոյի մէջ Դեմոկրատական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովի ընթացքին արարողակարգային քուէարկութեան ժամանակ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս ընտրուած է երկրի նախագահի պաշտօնին կուսակցութեան թեկնածու: Ան ստացած է 4566 քուէ:

«Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ Հարիս այդ ժամանակ կը գտնուէր Ուիսքոնսըն նահանգին մէջ, ուր փոխնախագահի թեկնածու Թիմ Ուոլցի հետ նախընտրական հանրահաւաքի կը մասնակցէր: Ան այնտեղէն տեսակապով միացած է Շիքակոյի մէջ տեղի ունեցող ընդհանուր ժողովին եւ ընդունած իր առաջադրումը:

Շիքակոյի մէջ, ուր ընդհանուր ժողովի երկրորդ օրն էր, Քամալա Հարիսին իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպաման եւ նախկին առաջին տիկին Միշել Օպաման:

Պարաք Օպամայի համաձայն, «Ամերիկան պատրաստ է աւելի լաւ պատմութեան»: Օպաման քննադատած է նախկին նախագահ եւ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփը` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներուն պէտք չէ Թրամփի յաւելեալ չորս տարուան նախագահութիւն:

«Ամերիկան պատրաստ է նոր էջի, Ամերիկան պատրաստ է աւելի լաւ պատմութեան: Մենք պատրաստ ենք նախագահ Քամալա Հարիսին», ըսած է Օպամա:

Ան նաեւ նշած է, որ պատմութիւնը պիտի յիշէ նախագահ Ճօ Պայտընը:

Յիշեցնենք, որ Պայտըն Օպամայի նախագահութեան նստաշրջանին կը վարէր փոխնախագահի պաշտօնը:

Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 5 նոյեմբերին:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2024, 07:45