Սպիտակ Տուն. «Գահիրէի նախնական ցուցանիշներով շինիչ եղող բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրուեցաւ»
Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ Ուաշինկթընի, Տոհայի եւ Գահիրէի միջնորդութեամբ Իսրայէլի եւ պաղեստինեան Համաս շարժումին միջեւ անուղղակի նոր բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան:
Սպիտակ տունը երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման վերաբերեալ Գահիրէի բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրուած է, եւ նախնական ցուցանիշներու համաձայն, բանակցութիւնները շինիչ են:
Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի նշեց, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզ կը հասնի Գահիրէ` մասնակցելու համար բանակցութիւններուն:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի բանակցութիւններուն մէջ բեկում յառաջացնելու ձախողած շրջան այցելութեան աւարտին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն չորեքշաբթի գիշեր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ընդգծած էր Կազայի մէջ «զինադադարի եւ պատանդներու ազատ արձակման գործարքը կնքելու հրատապութիւնը»:
Իսրայէլի վարչապետի բանբեր Օմեր Տոսթրի երէկ յայտնեց, որ իսրայէլեան արտաքին հետախուզութեան` Մոսատի ղեկավար Տաւիտ Պարնէան եւ ներքին ապահովութեան ծառայութեան` Շապաքի ղեկավար Ռոնին Պարը կը գտնուին Գահիրէ, ուր «կը բանակցին գերիներու ազատ արձակման համաձայնութեան յառաջ մղման համար»:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ, նախագահութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Քամալա Հարիս Շիքակոյի մէջ կուսակցութեան ընդհանուր ժողովի աւարտին իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտարարեց. «Մեր ուժերն ու շահերը Իրանէն ու ահաբեկիչներէն պաշտպանելու որեւէ քայլ որդեգրելու պիտի չտատամսիմ:
«Այն, ինչ որ Կազայի մէջ տեղի ունեցաւ, քանդիչ է, եւ մարդասիրական տառապանքի մակարդակը շատ տխրեցուցիչ է: Աշխատանք կը տանինք Կազայի մէջ տառապանքին վերջ տալու, եւ որպէսզի պաղեստինցիները իրաւունք ունենան արժանապատուութեան եւ ինքնորոշման», ըսաւ Հարիս:
«Կազայի մէջ զինադադարի եւ գերիներու վերադարձման գործարքի ժամանակն է», աւելցուց ան:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ