MAP

FRANCE-OLY-PARIS-2024-CAULDRON

Միջազգային Քրիստոնէական Համերաշխութիւնը կը քննադատէ Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն Ալիեւի` Արցախի մէջ կատարած ոճիրները թաքցնելուն համար

Միջազգային քրիստոնէական համերաշխութիւնը յունիսին ձեռնարկած էր Արցախի մէջ հայերու ցեղային զտման համար Ազրպէյճանի Փարիզի Ողիմպիական խաղերուն մասնակցելէ արգիլելու արշաւի մը:

Փարիզի Ողիմպիական խաղերու փակման արարողութենէն ետք Միջազգային քրիստոնէական համերաշխութիւն կազմակերպութեան նախագահ Ճոն Այպնըր կիրակի, 11 օգոստոսին քննադատեց Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն Արցախի մէջ ցեղային զտում «գործադրողներուն քաղաքական աջակցութիւն տրամադրելու» համար: Այս մասին հաղորդեց «Ասպարէզ»-ը:

Միջազգային քրիստոնէական համերաշխութիւնը յունիսին ձեռնարկած էր Արցախի մէջ հայերու ցեղային զտման համար Ազրպէյճանի Փարիզի Ողիմպիական խաղերուն մասնակցելէ արգիլելու արշաւի մը:

Հակառակ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի` «մարմնակրթութեան ճամբով մարդու իրաւունքներ ջատագովելու» նկատմամբ հրապարակային յանձնառութեան եւ ռուսական ու պիելոռուսական խումբերուն Փարիզի Ողիմպիականին մասնակցութիւնը արգիլելուն, կոմիտէն Ազրպէյճանի նկատմամբ Արցախի մէջ ցեղային զտման արշաւի համար որեւէ քայլ չառաւ:

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի ազգային ողիմպիական յանձնախումբերու յարաբերութիւններու տնօրէն Տէյվիտ Մաքլէոտ Ազրպէյճանի մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ ողիմպիական յանձնախումբին գրեց` ներում հայցելով «Ֆրանս 2» պատկերասփիւռի կայանի զրուցավարին համար, որ անդրադարձած էր «Լեռնային Ղարաբաղի անկումին»: Ան Ազրպէյճանին վստահեցուցած էր, որ «յստակ ցուցմունքներ տրուած են ապագային խուսափելի նոյնպիսի եզրերու օգտագործումէն»:

Այպնըր ըսաւ. «Ասիկա յստակ պատգամ մըն է, թէ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն իր ազդեցութիւնը կ՛օգտագործէ Ալիեւի վարչակարգի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ոճիրները թաքցնելու համար: Անիկա Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի իսկական առաջնահերթութիւններուն ամօթալի ցուցանիշ մըն է»:

«Համաշխարհային քրիստոնէական համերաշխութիւնը պիտի շարունակէ Ղարաբաղի ցեղասպանութեան հեղինակներու հաշուետուութեան, Ղարաբաղի հայերուն իրենց հայրենիք վերադարձի եւ այդտեղ ազատ ապրելու իրաւունքին համար, եւ Ազրպէյճանի կողմէ պահուող, Վիգէն Էօլճեքեանի, Ռուբէն Վարդանեանի եւ Դաւիթ Բաբայեանի նման հայ պատանդներու ազատութեան համար իր արշաւը», խոստացաւ Այպընր:

Ան եզրափակեց Պախին կոչ ուղղելով «յարգելու ողիմպիականութեան քու սեփական արժէքներդ, մերժելու ողիմպիական համակարգին մէջ չարամիտ, ցեղապաշտ եւ հակաքրիստոնեայ բռնատիրութիւններու ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ մարմնակրթութեան ճամբով մարդու իրաւունքներ ջատագովելու համահունչ մօտեցում մը որդեգրելու»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/08/2024, 09:16