MAP

Անդաստան Անդաստան  

Աղօրհնէք եւ Հայրապետական օրհնութիւն` Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ

12-16 օգոստոս 2024-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, Կիլիկեան ուխտի երիտասարդ միաբան հայրեր աւելի քան 200 ուխտաւոր հաւատացեալներու փոխանցեցին ուխտի շաբթուան հոգեւոր սնունդը: Իւրաքանչիւր օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ խունկի, ջուրի, իւղի եւ հացի օրհնութեան կարգ:

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով նաեւ կը նշենք Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի օրը: Այս առիթով, հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը, ամբողջ շաբթուան ընթացքին, կը կազմակերպէ հոգեւոր լսարաններ, որոնց ընթացքին կը կատարուին հոգեւոր խորհրդածութիւններ, աղօթասացութիւններ եւ սաղմոսասացութիւններ:

Առ այդ, 12-16 օգոստոս 2024-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, Կիլիկեան ուխտի երիտասարդ միաբան հայրեր աւելի քան 200 ուխտաւոր հաւատացեալներու փոխանցեցին ուխտի շաբթուան հոգեւոր սնունդը: Իւրաքանչիւր օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ խունկի, ջուրի, իւղի եւ հացի օրհնութեան կարգ:

Ուխտի շաբթուան աւարտին, ուրբաթ, 16 օգոստոսի առաւօտեան, եկեղեցական արարողութենէն ետք, ուխտաւոր հաւատացեալները բարձրացան Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ աւանդական անդաստանի եւ աղօրհնէքի արարողութիւնները: Ապա, հաւատացեալները ստացան վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2024, 09:11