MAP

WRESTLING-OLY-PARIS-2024-MEDALS

Հայաստանի Ողիմպիական Խումբը «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ

«Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան դարձեալ խօսեցաւ խաղը աւարտական փուլին եղած անարդարութեան մասին եւ ըսաւ, որ Ըմբշամարտի միջազգային դաշնակցութիւնը չ՛ընդունիր Հայաստանի բողոքարկումը։ Սակայն, ան հաստատեց, որ պիտի չյուսահատին, պիտի դիմեն այլ կառոյցներու, տեսանիւթերով եւ փաստերով պիտի ապացուցեց, որ սխալ տեղի ունեցած է։

Փարիզի 33րդ ամառնային ողիմպիական խաղերու փոխախոյեաններ Արթուր Ալեքսանեան, Վարազդատ Լալայեան եւ պրոնզէ մետալակիր Մալխաս Ամոյեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մարզիչները եւ պատուիրակութեան ներկայացուցիչները ջերմօրէն դիմաւորուեցան Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ:

«Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան դարձեալ խօսեցաւ խաղը աւարտական փուլին եղած անարդարութեան մասին եւ ըսաւ, որ  Ըմբշամարտի միջազգային դաշնակցութիւնը չ՛ընդունիր Հայաստանի բողոքարկումը։ Սակայն, ան հաստատեց, որ պիտի չյուսահատին, պիտի դիմեն այլ կառոյցներու, տեսանիւթերով եւ փաստերով պիտի ապացուցեց, որ սխալ տեղի ունեցած է։ 

«Մինչեւ  եզրափակիչ էլ բարդ գօտեմարտեր անցկացրի։ Օլիմպիական խաղերում թոյլ մրցակիցներ չեն լինում։ Կիսաեզրափակիչում աշխարհի գործող չեմպիոնի (ախոյեանի) հետ էի մրցում։ Լաւ մարզավիճակում էի, ինձ լաւ էի զգում։ Իմ կարծիքով, եթէ այսպիսի մրցավարութիւն չլինէր, ես իմ ուզած մեդալով կը վերադառնայի։ Լարուածութիւն կար ոչ միայն իմ նկատմամբ, այլ նաեւ Հայաստանի թիմի դէմ։ Մասնաւորապէս, Սլաւիկ Գալստեանի կիսաեզրափակիչի ժամանակ եւս եղաւ կողմնակալ վերաբերմունք, ինչի արդիւնքում նա առանց մեդալ մնաց։ Իմ մրցակցի հետ չեմ խօսել, նա որեւէ մեղաւորութիւն չունի, բայց շատերը, անգամ UWW-ի մրցավարները, որոնց անունները չեմ նշի, եկել, ներողութիւն են խնդրել բոլորի անունից։ Դեռ չգիտեմ, Լոս Անջելեսի խաղերին կը լինեմ, թէ ոչ», ըսաւ Ալեքսանեան։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/08/2024, 08:19