MAP

2024.08.08 Avvenire Articolo sul Nagorno Karabakh

Լեռնային Ղարաբաղ. Այսպիսով Ազրպէյճանը կը բնաջնջէ հայական մշակոյթը. Avvenire օրաթերթ

«Կովկասեան Ալպանիայի ատրպէյճանական վերակառուցումը անքննադատաբար ընդունիլը փաստօրէն կը նշանակէ մասնակցիլ հայերու դէմ մշակութային նոր ցեղասպանութեան» կը գրէ իտալացի գրագէտը քննադատելով նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ «պատմական իրականութեան համակարգուած կեղծումը» որ կը կատարուի նաեւ «ֆինանսաւորումներու» միջոցաւ։
Ունկնդրէ լուրը

 Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի «Avvenire» պաշտօնական օրաթերթը, 7 օգոստոսի իր թիւին մէջ հրատարակեց «Լեռնային Ղարաբաղ. Այսպիսով Ազրպէյճանը կը բնաջնջէ հայկական մշակոյթը» խորագիրով Փորֆ. Ալտօ Ֆերրարիի ստորագրութիւնը կրող մէկ յօդուածը, որուն ենթատիտղոսն է «Caucasus Heritage Watch» հետազօտական ծրագիրը կը փաստէ, որ 2023 թուականի սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի փլուզումէն յետոյ աւելի քան 50 մշակութային հայկական վայրեր ոչնչացուած կամ վնասուած են։

Յօդուածին մէջ Փրոֆ Ալտօ Ֆերրարի ընդհանուր ակնարկով մը ներկայացնելէ ետք Լեռնային Ղարաբաղի հարցը ու մատնանշումներ կատարելէ ետք հայ ատրպէյճանական պատերազմներու վերաբերեալ, շեշտը կը դնէ 2023ի իրադարձութիւններուն վրայ, ու Արցախահայութեան տեղահանութեան տխուր դէպքին վրայ. «Միջազգային հանրութեան գրեթէ կատարեալ անտարբերութեան պայմաններուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ողջ հայ բնակչութիւնը ստիպուած եղաւ փախչիլ՝ ընդմիշտ թողնելով իր տուները, եկեղեցիներն ու գերեզմանները՝ ապաստանելով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ» կը գրէ Ան։

Ֆերրարի կը նշէ նաեւ, թէ «Ազրպէյճանի քաղաքական և ռազմական յաղթանակէն ետք Պաքույի իշխանութիւններն այժմ այլ միջոցներով կը շարունակեն հակամարտութիւնը, մասնաւորապէս՝ վարելով հայկական ժառանգութեան մշակութային թալանման քաղաքականութիւն, որ ողբերգական նախադէպ ունի Նախիջևանի մէջ»։

Ան կը բացատրէ, թէ ինչպէս Խորհրդային իշխանութիւններու կողմէ Ազրպէյճանին վերագրուող այս ինքնավար հանրապետութեան մէջ ազրպէյճանցիները վերջին տասնամեակներու ընթացքին իրականացուցին մշակութային իսկական ցեղասպանութիւն՝ ոչնչացնելով ողջ հայկական գեղարուեստական ժառանգութիւնը։

«Կը խօսուի շուրջ 90 եկեղեցիներու և 10000 խաչքարերու, հայ սրբազան արուեստը բնորոշ քարէ խաչերու ոչնչացման մասին։ Հայերու գեղարուեստական ժառանգութեան վերացումը ջնջած է այս տարածքին մէջ անոնց հազարամեայ ներկայութեան յիշողութիւնը» կը հաստատէ Փրոֆ Ֆերրարի հարց տալով, թէ «հիմա` որ Լեռնային Ղարաբաղը դատարկ է իր բնակիչներէն, ի՞նչ պիտի պատահի այն կոթողներուն, որոնք կը գտնուին ազրպէյճանցիներու հսկողութեան տակ» այս առնչութեամբ ներկայացնելով «Caucasus Heritage Watch» հետազօտական աշխատանքին տուեալները։

Ֆերրարի կ՛անդրադառնայ ապա Պաքուի իշխանութիւններուն պատմութիւնը խեղաթիւրելու քաղաքականութեան ու այն հարցին թէ անոնք կ՛ուզեն հայկական հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնել, որպէս «Ալպանական» այս ուղղութեամբ եւս ներկայացնելով գիտական ու պատմական տուեալներ, որոնք կը հերքեն Ազրպէյճանի սուտ ու խաբեբայ պնդումներն ու տարածած տեղեկութիւնները. ընդգծելով, որ ատրպէյճանական մեկնաբանութիւնը «հիմնուած է պատմական և մշակութային տուեալներու արմատական ​​խեղաթիւրման վրայ, ինչը Կովկասեան Ալպանիայի վերաբերեալ ազրպէյճանական տեսութիւնները դուրս կը թողու գիտական ​​որևէ վաւերականութիւնէ»։

«Կովկասեան Ալպանիայի ատրպէյճանական վերակառուցումը անքննադատաբար ընդունիլը փաստօրէն կը նշանակէ մասնակցիլ հայերու դէմ մշակութային նոր ցեղասպանութեան» կը գրէ իտալացի գրագէտը քննադատելով նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ «պատմական իրականութեան համակարգուած կեղծումը» որ կը կատարուի նաեւ «ֆինանսաւորումներու» միջոցաւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2024, 09:00