MAP

U.S. Secretary of State Antony Blinken meets with Australian Foreign Minister Penny Wong during the 2024 Australia-U.S. Ministerial Consultations (AUSMIN)

Պլինքըն. «Իսրայէլին եւ Իրանին ուղղակի կերպով յայտնեցինք, թէ ոչ ոք պէտք է շրջանի տագնապին մէջ մագլցում կատարէ»

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան կնքումը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի համար առաջնահերթութիւն է, եւ ան կ՛ուզէ վերջ տալ այս պատերազմին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ Կազայի մէջ գերիներու փոխանակման շուրջ բանակցութիւնները հասած են վերջին փուլին:

Ան ըսաւ, որ կողմերը պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ գոյացնեն համաձայնութիւնը:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ աւելցուց. «Իսրայէլին եւ Իրանին ուղղակի կերպով յայտնեցինք, որ ոչ ոք պէտք է շրջանի տագնապի մէջ մագլցում կատարէ»:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին նշեց, որ պէտք չէ անտեսել, որ Միացեալ Նահանգներ Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ իր զինուորներուն վրայ յարձակումներուն գծով աչք պիտի չփակէ:

Փենթակոնի ղեկավարը յայտարարեց. «Մեր ուժերու շարք մը անդամներ երէկ արեւմտեան Իրաքի Այն Ասատ օդուժի ռազմակայանին վրայ հրթիռային յարձակումին պատճառով վիրաւորուեցան»:

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան կնքումը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի համար առաջնահերթութիւն է, եւ ան կ՛ուզէ վերջ տալ այս պատերազմին:

Սպիտակ տունը նշեց, որ Պայտընի կարծիքով` այդ համաձայնութիւնը պիտի նուազեցնէ շրջանին մէջ մագլցումը, ուստի այդ նպատակի իրագործման վրայ կը կեդրոնանայ:

Սպիտակ տունը յայտնեց, որ Պայտըն աշխատանք կը տանի շրջանին մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու, եւ Յորդանանի թագաւորին, Քաթարի իշխանին ու Եգիպտոսի նախագահին հետ անոր հաղորդակցութիւնները այս ծիրին մէջ են:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը հաղորդեց. «Անցեալ շաբթուան ընթացքին ամերիկեան մեծ ջանքեր թափուեցան շրջանին մէջ մագլցումը դադրեցնելու համար»:

Օրաթերթը նաեւ հրապարակեց հարցախոյզ մը, որուն համաձայն, ամերիկացիներուն 55 առ հարիւրը դէմ է Իսրայէլը իր դրացիներու յարձակումներէն պաշտպանելու համար ամերիկեան ուժերու ուղարկման:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին համաձայն, Իսրայէլի գնահատականով` Իրանն ու Հըզպալլան կրնան թիրախաւորել յայտնի թիրախներ, ինչպէս Քնեսեթը, Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը, պաշտպանութեան նախարարութիւնը, Մոսատի եւ/կամ օդուժի եւ բանակի հետախուզութիւններու ռազմակայանները:

Հաւանական այլ թիրախները կը ներառեն ելեկտրակայանները, նաւահանգիստներն ու օդակայանները:

Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին նշեց, որ իսրայէլեան գնահատականին համաձայն, Հըզպալլան Իրանէն առաջ առաջինը ինք պիտի հարուածէ, ինչ որ կը նուազեցնէ կանուխէն զգուշացման կարելիութիւնը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2024, 07:55