Յունիսի դրութեամբ Հայաստանաէն հեռացած են 10 հազար 308 Արցախցիներ
Այս տուեալները տրամադրած է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ):
1 Յունիսի դրութեամբ, օդային եւ ցամաքային ուղիներով Հայաստանէն հեռացած են Արցախէն բռնի տեղահանուած 17,743 անձեր, վերադարձած` 7435 անձեր: Այսինքն, 1 Յունիսի դրութեամբ, Հայաստանէն հեռացած են եւ չեն վերադարձած 10,308 արցախցիներ (Արցախի հաշուառում ունեցող անձեր): Այս տուեալները տրամադրած է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ):
1 Մայիսի հետ համեմատած, Հայաստանէն հեռացած Արցախի հաշուառում ունեցող անձերուն թիւը աւելցած է 383-ով:
Աղբիւրը՝ Եռագոյն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
11/07/2024, 07:59