MAP

Փեշվարի մէջ կեանքի օր Փեշվարի մէջ կեանքի օր  (ANSA)

Սուրբ Աթոռի կոչը՝ տարեցներու պաշտպանութեան համար

Մարդու իրաւունքներու Խորհուրդի 60-րդ սովորական նստաշրջանին, Ժընեւի ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդ, արք Էթթորէ Պալեսթրերօ ընդգծեց վաթսուն տարեկանէն բարձր մարդոց պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը, որոնց թիւը 2050 թուականին կը հասնի գրեթէ 3 միլիառի։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ժընեւի մէջ գտնուող ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդ, արք Էթթորէ Պալեսթրերօ հանդէս եկաւ տարեց անձերու իրաւունքներուն պաշտպանութեան կոչով՝ ընդգծելով որ հասարակութիւնները պատրաստ չեն մօտալուտ ժողովրդագրական ծերացումի համար։ Ան ապա խօսքը կեդրոնացուց մի քանի կէտերու վրայ.

Ժողովրդագրական ծերացում

Արք Պալեսթրերօ նշեց, որ մինչեւ 2030 թուականը իւրաքանչիւր վեց մարդու վրայ մէկը կը դառնայ 60 տարեկանէն աւելի ու ընդգծեց որ այս փոփոխութիւնը, «բարոյական փորձառութիւնէ» հասարակութիւններուն համար, որոնք պէտք է ցոյց տան իրենց կարողութիւնը՝ գնահատելու եւ հոգ տանելու իրենց տարեցներուն։

Անփոխանցելի արժանապատուութիւն

Արք Պալեսրթրերօ ելոյթին մէջ նկատել տուաւ, որ Մարդու արժէքը կախեալ չէ անոր ֆիզիկական արդիւնաւէտութենէն, երիտասարդութիւնէն կամ առողջութենէն այլ ներքին արժանապատուութենէն։

Մերժել մեկուսացման մշակոյթի գաղափարը

Գերպ Պալեսթրերօ քննադատեց այնպիսի քաղաքականութիւն, ինչպէս հեշտամահութիւնը, օժանդակուած ինքնասպանութիւնը, որոնք տարեցները կը համարեն հասարակութեան բեռ։

Տնտեսական եւ ընկերային պաշտպանութիւն

Վատիկանի դիւանագէտը կոչ ըրաւ ապահովուելու տարեց անձերու համար համարժէք կենսաթոշակներ, տնտեսական աջակցութիւն, ընկերային եւ առողջապահական ծառայութիւնները, ինչպէս նաեւ աշխատանքայի շուկայի պաշտպանութիւնը անոնց համար, որոնք պէտք է շարունակեն աշխատիլ։ Ան ընդգծեց տարեց կանանց պաշտպանութեան կարեւորութիւնը, որոնք յաճախ աւելի խոցելի են։

Միջ սերնդային համերաշխութիւն

Գերպ Պալեսթրերօ ելոյթը աւարտեց սերունդներու միջեւ համերաշխութիւնը ամրապնդելու եւ ընկերային պաշտպանութեան քաղաքականութիւններուն մէջ ներդրումներ կատարել, որոնք կ՝աջակցին ընտանիքին, որ համարուած է տարեցներու համար հիմնական յենակէտ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/09/2025, 16:36