Արք. Պալեսթրերոյի ելոյթը. Զինաթափում եւ միջազգային իրաւունք
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սեպտեմբեր 16ին, Ժընեւի մէջ ունեցած ելոյթի ընթացքին,ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդ արք Էթթորէ Պալեսթրեօ ընդգծեց խաղաղութեան վերականգման եւ զինաթափումի խթանման հրատապութիւնը, ու միջազգային պայմանագիրերը, ինչպէս զինամթերքի մասին համաձայնութիւնը, սահմանեց որպէս ոչ տկարութեան այլ պատասխանատուութեան նշան։
Արքեպիսկոպսը իր ելոյթին մէջ գովաբանեց Ֆիլիփինի եւ Վանութաի նման երկիրներու յանձնառութիւնը իրենց անդամակցութեան։
ՄԱԿ-ի մօտ սուրբ Աթոռի դիտորդը դատապարտեց զինամթերքի օգտագործումը, ընդգծելով որ իրական արդարադատութիւնը ձեռք կը բերուի «բանականութեան ուժով» այլ ոչ թէ զէնքի ուժով ու գայթակղութիւն համարեց ռազմական ծախսերու՝ գերազանցող 2,7 դրիլիոն տոլարի եւ զոհերու օգնութեան, սովի դէմ պայքարի եւ զարգացման համար նախատեսուած չնչին միջոցներուն միջեւ եղած հսկայական անհամաչափութիւնը։
Արք Պալեսթրերօ ելոյթը աւարտեց ընդգծելով որ ազգի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը բացարձակ չէ այլ պէտք է սահմանափակուի անվտանգութեան համար խիստ անհրաժեշտութեամբ ու կոչ ըրաւ միջազգային հանրութեան մասնակցելու արդիւնաւէտ զինաթափման բանակցութիւններուն եւ ամրապնդել մարդասիրական իրաւունքը՝ վերահաստատելով մարդկային արժանապատուութիւնը բոլոր գործողութիւններուն հիմքին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ