MAP

Պաղեստինցի  մարդ մը կանգնած է Իսրայէլի  ռմբակոծած շէնքի փլատակներու տակ Կազա քաղաքին մէջ Պաղեստինցի մարդ մը կանգնած է Իսրայէլի ռմբակոծած շէնքի փլատակներու տակ Կազա քաղաքին մէջ   (AFP or licensors) Խմբագրական

Մեղմ պատժամիջոցներ, որոնք չեն կանխարգիլեր կոտորածը

Եւրոպան և Իսրայէլի դէմ առաջարկուող միջոցները
Ունկնդրէ լուրը

Անտրէա Թորնիելլի 

Չորեքշաբթի՝ 17 սեպտեմբերին, Եւրոպական յանձնաժողովը ներկայացուց որոշ միջոցներ դադրեցնել փորձելու համար Կազայի մէջ շարունակուող ողբերգութիւնը: Մենք կը շարունակենք տեսնել սրտաճմլիկ պատկերներ՝ համայն ժողովուրդի մը, որ ենթարկուած է տարհանումի,   ռումբերուն տակ, սպաննուած մանուկներու պատկերներ: Կը շարունակենք լսել Լևոն ԺԴ-ի կրկնուած կոչերը, որ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին  կրկին կոչ ուղղեց յարգելու համար միջազգային մարդասիրական իրաւունքը՝ արտայայտելով իր մօտիկութիւնը պաղեստինցի ժողովրդին, որ կը «շարունակէ ապրիլ վախի մէջ և գոյատևել անընդունելի պայմաններու մէջ՝  անգամ մը եւս ստիպուած ըլլալով լքել իր հողերը»:

Այս բոլորի դիմաց, Եւրոմիութեան առաջարկները – որոնք տակաւին պէտք է վաւերացուին – կը յայտնուին մեղմ։ Կան միջոցներ, որոնց ազդեցութիւնը կարող է դժուարացնել բնակչութեան կեանքը, մինչդեռ կը բացակային այլ միջոցներ, որոնք կարող են անմիջականօրէն ազդել հակամարտութեան վրայ՝ զէնքի առևտուրի սահմանափակումը: Այդ զէնքերը, որոնք ներկայիս կ՛ օգտագործուին սահմանակից երկիրներու դէմ ուղղուած յարձակումներու ժամանակ: Եւրոպական առաջարկներու փաթեթին մէջ, ըստ էութեան, չէ  պարունակուած զէնքի և ռազմական սարքաւորումներու մատակարարման վերաբերեալ որևէ դրոյթ:

Անցեալ 26 Յունիսին Լեւոն Պապի կողմէ արտայայտուած խօսքերը, ցաւօք, կը մնան արդիական. «Ինչպէ՞ս կարող ենք շարունակել դաւաճանել ժողովրդի խաղաղութեան իղձը՝ կեղծ վերազինման քարոզչութեամբ, այն ունայն պատրանքով, որ գերակայութիւնը կը լուծէ խնդիրները, փոխանակ  ատելութիւնն ու վրէժ սնելու։ Մարդիկ միշտ աւելի նուազ անտեղեակ են մահուան վաճառականներու գրպաններուն մէջ հոսող գումարի քանակի մասին, որով կարելի է կառուցել հիւանդանոցներ և դպրոցներ, մինչ կը քանդուին արդեն իսկ  գոյութիւն ունեցող այդպիսի կառոյցներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2025, 08:00