MAP

2025.04.12 pellegrini in cammino verso la Porta Santa

24 միլիոն է Յոյսի Յոբելեանին առիթով Հռոմ ժամանած ուխտաւորներուն թիւը

Աւետարանութեան Վերատեսչութիւնը հրապարակած է Յոբելենականն ուխտագնացութեամբ մինչեւ օրս Հռոմ ժամանած հաւատացեալներուն թիւի մասին տուեալները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ընդամէնը ութ ամիս անցած է այն օրէն երբ հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապը անցեալ տարուայ 24 դեկտեմբերին Սուրբ Պետրոսի տաճարի Սուրբ Դուռը բացաւ պաշտօնապէս բացուած յայտարարելով նաեւ Յոյսին նուիրուած Յոբելենական Սուրբ Տարին եւ ահա Աւետարանութեան Վերատեսչութիւնը, որուն յանձնուած է Յոբելենական տարուան կազմակերպումի պատասխանատուութիւնը հրատարակեց Յոբելեանի առիթով Հռոմ ժամանած ուխտաւորներուն թիւը` որ մինչեւ օրս հասած է 24 միլիոնի:

Մինչ այդ կը շարունակուին զանազան Թեմերուն ու որոշ կրօնական ու եկեղեցական կազմակերպութիւններուն Յոբելենական ուխտագնացութիւնները եւ այսօր Հռոմ կը ժամանեն Իտալիոյ Թերամօ – Աթրի, Ավեցցանօ եւ Լոտի Թեմերուն ուխտաւորները։ Իսկ միւս օր, Շաբաթ վեց սեպտեմբերին Լեւոն ԺԴ Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ պիտի գլխաւորէ Յոբելենական Ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն առիթով Սուրբ Դուռը փակ պիտի մնայ եւ ունկնդրութեան մասնակիցները հնարաւորութիւն պիտի ունենան իրենց ուխտագնացութիւնը կատարելու ունկնդրութեան աւարտին։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2025, 08:00