Պետական Քարտուղարութիւնը
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ընդհանուր գործերու բաժին, Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու բաժին եւ Սուրբ Աթոռի Դիւանագիտական անձնակազմի բաժին: Այս երեք մարմիններու շրջագիծէն ներս կ՛ուրուագծուի Պետական Քարտուղարութեան կառուցուածքը, որ կ՚օգնէ Սրբազան Պապին Սուրբ Աթոռի կառավարման եւ որպէս Տիեզերական Հովիւ Անոր ծառայութեան իրականացման մէջ:
ՊետականՔարտուղարութիւնը աշխարհի քաղաքացի ըլլալու յատկութեամբ օժտուած անհատներու խումբ է, որ Սրբազան Պապին հետ սերտ կապի միջոցաւ կը համակարգէ Առաքելական Աթոռի Վերատեսչութիւնները ու հաստատութիւնները եւ Քահանայապետական ներկայացուցչութիւնները:
Տիեզերական Եկեղեցւոյ կառավարման ծիրէն ներս, ՊետականՔարտուղարը՝ ներկայիս Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Քահանայապետի հիմնական համագործակիցն է:
Պատմական նշումներ
ՊետականՔարտուղարութեան ակունքները սկիզբ կ՛առնեն 15րդ դարէն.
1487 թուականի 31 Դեկտեմբերին «Non debet reprehensibile» Առաքելական Սահմանադրութեամբ ստեղծուեցաւ «Առաքելական Քարտուղարութիւնը»՝ բաղկացած 24 առաքելական քարտուղարներէ՝«Secretarius domesticus»ի նախագահութեամբ։
Լեւոն Ժ. Պապը (1513-1521) այս պաշտօնին կից նշանակեց քաղաքական հարցերու մէջ փորձագէտ՝ «Secretarius intimus», որուն յանձնարարեց զբաղիլ ըլլայ կաթողիկէ միապետներու, ըլլայ դիւանագիտական նամակագրութեամբ։
Պօղոս Ե. Պապի օրօք (1605-1621) «Secretarius intimus» տիտղոսը իր անունը փոխեց ու դարձաւ «Segretario di Stato» (Պետական Քարտուղար)։
1908 թուականի 29 Յունիսին Սուրբ Պիոս Ժ. Պապը «Sapienti Consilio» Առաքելական Սահմանադրութեամբ, ապա՝ 1917 թուականին «Codex Iuris Canonici»ով խոր բարեփոխումներու ենթարկեց ողջ Հռոմէական Քուրիան։
1967 թուականի 15 Օգոստոսին Պօղոս Զ. Պապը իր հերթին, «Regimini Ecclesiae Universae» Առաքելական Սահմանադրութեամբ, իրականացնելով Վատիկանի Տիեզերական Բ. Ժողովի ընթացքին Եպիսկոպոսներու կողմէ արտայայտուած կամքը, կրկին բարեփոխեց Հռոմէական Քուրիան եւ անոր շրջագիծէն ներս ի միջի այլոց, հաստատեց «Առաքելական Քարտուղարութեան» կասեցումը՝ անոր գործառոյթները փոխանցելով ՊետականՔարտուղարութեան։
1988 թուականին Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը հրապարակեց «Pastor Bonus» Առաքելական Սահմանադրութիւնը, ըստ որու ՊետականՔարտուղարութիւնը բաժնուեցաւ երկու բաժիններու՝ Ընդհանուր գործերու բաժին եւ Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու բաժին:
Ի վերջոյ, Ֆրանչիսկոս Պապը նախաձեռնեց բարեփոխումներու նոր գործընթաց, որ իր գագաթնակէտին հասաւ 2022 թուականին՝ «Praedicate Evangelium» Առաքելական Սահմանադրութեամբ:
Ընդհանուր հարցերու բաժին
Ընդհանուր հարցերու բաժինը՝ Պետական Քարտուղարութեան տեղակալ` Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Էտկար Փենիա Փառային ղեկավարութեամբ, պատասխանատու է Տիեզերական Եկեղեցւոյ հայող Պապի ամենօրեայ ծառայութեան համար: Ան ի մասնաւորի.
- Կը խթանէ Առաքելական Աթոռի Վերատեսչութիւններու, Մարմիններու և Պաշտօններու միջեւ համակարգումը եւ, չդպչելով անոնց ինքնավարութեան,
- Կը վերահսկէ հոգեւորական հաստատութիւններու ղեկավարներու հանդիպումները եւ պատասխանատու է Սուրբ Աթոռի մօտ պետութիւններու ներկայացուցիչներուն վերաբերող բոլոր հարցերուն համար:
Բացի այդ, Բաժինը.
- Կը պատրաստէ եւ կ՛առաքէ Սրբազան Հօր կողմէ իրեն վստահուած փաստաթուղթերը,
- Կը համադրէ «Acta Apostolicae Sedis»-ի հրատարակումը,
- Կ՛ուղղորդէ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան՝ ըլլայ Քահանայապետի գործողութիւններու, ըլլայ Սուրբ Աթոռի գործունէութեան վերաբերեալ պաշտօնական հաղորդակցութիւններով,
- Կը պահպանէ կապարէ կնիքը եւ ձկնորսի մատանին,
- Պատասխանատու է Պապի կողմէ կատարուած կամ հաստատուած նշանակումներու վերաբերեալ բոլոր փաստաթուղթերու մշակման, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհի մէջ Եկեղեցւոյ վիճակագրութեան համակարգման եւ հրապարակման:
Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններ
Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու բաժինը՝ Քարտուղար Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերի գլխաւորութեամբ, պատասխանատու է մասնաւորապէս.
- Քաղաքացիական իշխանութիւններու հետ քննարկում պահանջող հարցերու լուծման համար,
- Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական եւ քաղաքական յարաբերութիւններու համար պետութիւններու կամ միջազգային իրաւունքի այլ ենթականերու հետ կապերու, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռը կը ներկայացնէ միջազգային միջկառավարական կազմակերպութիւններու եւ բազմակողմ համաժողովներու մօտ,
- «nihil obstat» տրամադրելու համար, երբ Հռոմէական Քուրիայի վերատեսչութիւն մը կամ հաստատութիւն մը մտադիր է հրապարակել միջազգային յարաբերութիւններուն կամ քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն վերաբերող որեւէ յայտարարութիւն կամ փաստաթուղթ:
Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական անձնակազմ
Այս բաժինը՝ Քարտուղար Արքեպիսկոպոս Լուչանօ Ռուսոյի ղեկավարութեամբ, կը զբաղի Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ծառայութեան մէջ ծառայողներու հարցերով, մասնաւորապէս՝ անոնց կենսապայմաններով եւ շարունակական ուսուցմամբ։
Բաժինը կը համագործակցի ՔահանայապետականԵկեղեցական Կաճառի հետ՝ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ծառայութեան թեկնածուներու ընտրութեան եւ վերապատրաստման համար։
Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական անձնակազմի բաժինը հիմնադրուած է 2017 թուականի 21 Նոյեմբերին՝ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ։
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը՝ անցեալ 5 Յունիսին, ընդունելով Քարտուղարութեան ղեկավարները եւ պաշտօնեաները երախտագիտութեան խօսքեր ուղղած էր անոնց. «Զիս կը մխիթարէ գիտնալ, որ մինակս չեմ եւ կարող եմ ձեզի հետ կիսել իմ տիեզերական ծառայութեան պատասխանատուութիւնը»։
ՊետականՔարտուղարութիւնը «մեծ համայնք» է, որ «թանկարժէք ծառայութիւն կը մատուցէ Եկեղեցւոյ կեանքին» եւ Սրբազան Պապին հետ միասին կը կիսէ համայն աշխարհի մէջ Աստուծոյ ժողովուրդին դժուարութիւնները, մարտահրաւէրները եւ յոյսերը», աւելցուցած էր Ան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ