MAP

Երիտասարդներու Յոբելեան. Խոստովանանքի ու ապաշխարութեան օր

«Դարձի եւ ապաշխարութեան» այս Օրուան ընթացքին «Youcat» հիմնադրամի քսան կամաւորներ պիտի բաժնեն «Youcat» գիրքի խոստովանութեան մասին 10,000 օրինակ: Երիտասարդութեան Յոբելեանի առիթով հրատարակուած այս յատուկ հրատարակութիւնը հասանելի պիտի ըլլայ չորս լեզուներով՝ իտալերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն և գերմաներէն:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` մէկ օգոստոսը յոյսին նուիրուած Սուրբ Տարուան երիտասարդներու յոբելենական ուխտագնացութեան ծիրէն ներս եղաւ յատուկ օր մը նուիրուած ապաշխարութեան ու հաշտութեան Խորհուրդին` Խոստովանանքին։

Այս առիթով հռոմէական պատմական Չիրքօ Մասսիմօ կրկէսի տարածքին պատրաստուած են աւելի քան 200 սպիտակ գոյնով «խոստովանարաններ» որոնք առաւօտ ժամը 10,30էն մինչեւ կէսօրէն ետքը ժամը վեցին պիտի դրուին երիտասարդներու տրամադրութեան տակ, որոնք հնարաւորութիւն պիտի ունենան տարբեր լեզուներով խոստովանանք կատարելու նախ քան շաբաթ օր իրենց Թոր Վերկաթա թաղամաս փոխադրուիլը, ուր պիտի մասնակցին երեկոյեան աղօթքի հսկումին ապա կիրակի օր Լեւոն ԺԴ. Պապին գլխաւորած պատարագին։

«Դարձի եւ ապաշխարութեան» այս Օրուան ընթացքին «Youcat» հիմնադրամի քսան կամաւորներ պիտի բաժնեն «Youcat» գիրքի խոստովանութեան մասին 10,000 օրինակ: Երիտասարդութեան Յոբելեանի առիթով հրատարակուած այս յատուկ հրատարակութիւնը հասանելի պիտի ըլլայ չորս լեզուներով՝ իտալերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն և գերմաներէն: Գիրքը, որ առաջին անգամ հրատարակուած էր 2014 թուականին և թարմացուած է այս առիթով, նպատակ ունի երիտասարդներուն առաջարկել հաշտութեան խորհուրդի մատչելի մօտեցում: Նոր հրատարակութիւնը կը ներառէ խիղճի քննութիւն, խոստովանութեան իմաստի բացատրութիւններ և որոշ օգտակար աղօթքներ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/08/2025, 07:00