Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութիւնը
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
2023 թուականի Յունուարէն ի վեր Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչն էր, երբեմնի Կարդինալ Ռոպերթ Ֆրենսիս Փրեւոսթը, որ հետագային բարձրացաւ Պետրոսի գահին որպէս Լեւոն ԺԴ․: Ներկայիս այդ տեղը տակաւին թափուր է։ Քարտուղարն է Գերապայծառ Իլսոն տէ Եզուս Մոնթանարին:
Եկեղեցւոյ կողմէ այս Վերատեսչութեան վստահուած խնդիրն է օգնել Սրբազան Քահանայապետին ընտրելու Աստուծոյ ժողովուրդի հովիւները: Այս հոգեւորական մարմինը պատասխանատու է որոշակի եկեղեցիներու հիմնադրման եւ մատակարարման, ինչպէս նաեւ Լատին եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական պաշտօնի իրականացման հետ կապուած բոլոր հարցերու համար՝ բացառութեամբ Աւետարանումի Վերատեսչութեան իրաւասութեան ներքոյ գտնուող հարցերը:
Իրաւասութիւններ
Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան գործողութեան եւ իրաւասութեան շրջանակը յստակեցուած են «Praedicate Evangelium» Առաքելական Սահմանադրութեան մէջ: Այս Վերատեսչութիւնը, անհրաժեշտ տեղեկատւութիւնը հաւաքելէն ետք եւ եպիսկոպոսներու ու եպիսկոպոսաց դասերու հետ համագործակցութեամբ, պատասխանատու է որոշակի եկեղեցիներու եւ անոնց խմբաւորումներու հիմնադրման եւ անոնց հետ կապուած ցանկացած այլ գործողութիւններու համար․ բաժանում, միաւորում, լուծարում եւ այլն: Վերատեսչութիւնը, բացի այդ, կը զբաղի եպիսկոպոսներու, ըլլայ թեմական, ըլլայ տիտղոսակիր, ինչպէս նաեւ առաքելական կառավարիչներու նշանակման հետ կապուած բոլոր հարցերով, եպիսկոպոսներու իրենց պաշտօններէն հրաժարականով ՝ համաձայն կանոնական դրոյթներու:
Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական Յանձնաժողով
Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական Յանձնաժողովը ստեղծուած է Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան ծիրէն ներս: Անոր պաշտօնն է ուսումնասիրել որոշակի եկեղեցիներու կեանքին եւ զարգացումին վերաբերող հարցերը: Ան նաեւ պատասխանատու է Լատին Ամերիկայի տարածաշրջաններու համար աշխատող միջազգային եւ ազգային եկեղեցական հաստատութիւններու եւ Հռոմէական Քուրիայի հաստատութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու խթանման։
Պատմական նշումներ
Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութիւնը հինաւուրց ծագում ունի: Սիսթօ Ե․ Պապը 22 Յունուար 1588 թուականին «Immensa» Սահմանադրութեամբ ստեղծեց «Եկեղեցիներու Հիմնադրման եւ Քոնչիսթորոյի Մատակարարումներու Ժողովը», որ հետագային վերանուանուեցաւ «Սուրբ Քոնչիսթորոյի Ժողով»: 1908 թուականի «Sapienti Consilio» Սահմանադրութեամբ Սուրբ Պիոս Ժ․ Պապն ընդլայնեց անոր լիազօրութիւնները՝ անոր վերապահելով, ի միջի այլոց, եպիսկոպոսներու ընտրութեան եւ թեմերու հիմնադրման պատասխանատուութիւնը: Պօղոս Զ․ Պապի կողմէ 15 Օգոստոս 1967 թուականին «Regimini Ecclesiae Universa» Առաքելական Սահմանադրութեամբ ան ստացաւ «Եպիսկոպոսներու Սուրբ ժողով» անունը: Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Պապի կողմէ 28 Յունիս 1988 թուականին հաստատուած «Pastor Bonus» Առաքելական Սահմանադրութեամբ, Եպիսկոպոսներու Ժողովը կոչուած է, ի միջի այլոց, իրականացնելու որոշակի Եկեղեցիներու եւ անոնց Խորհուրդներու հիմնադրման, բաժանման, միաւորման, լուծարման եւ այլ փոփոխութիւններու հետ կապուած բոլոր հարցերը: 2022 թուականին «Praedicate Evangelium» Առաքելական Սահմանադրութեան հրապարակմամբ հաստատութիւնը կրկին փոխեց անուանումը եւ դարձաւ «Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութիւն»։
Ընտրելով անձերը որպէս հովիւներ
Չափանիշը կատարելութեան ձգտումը չէ: Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութիւնը, ի տարբերութիւն Սուրբերու Դատի Վերատեսչութեան, պատասխանատու է Աւետարանի լոյսի ներքոյ գործող թեկնածուներու հովուական դիմագիծի գնահատման: Աստուածաբանական եւ հիմնական առաքինութիւնները, մասնաւորապէս՝ խոհեմութիւնը, անկասկած կարեւոր են եպիսկոպոսութեան առաջարկուող քահանայի համար: Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան աշխատանքը պէտք է կատարուի հաւաքական կերպով, հաւատքով եւ ծառայութեան ոգիով: Վերջնական գնահատականը այնուամենայնիւ կը մնայ Սրբազան Քահանայապետի իրաւասութիւն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ