Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատեսչութիւնը
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Այսօր Հաւատոյ Վարդապետութեան խնդիրն է, առաջին հերթին, աշխատիլ «հաւատքի հասկացողութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ՝ խուսափելու ոչ միայն սխալներէն, այլեւ որոշակի որոշումներէն, որոնք «կը մարէն» Հոգին, որոնք, նոյնիսկ եթէ ձեւականօրէն ճիշտ են, կրնան խաթարել հաւատքի հարստութիւնը»։ Այս խօսքերով Վերատեսուչ Կարդինալ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտէսը կը նկարագրէ Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատեսչութեան առաքելութիւնը, որուն երեք Քարտուղարներն են Արքեպիսկոպոս Արմանտօ Մաթթէոն, Արքեպիսկոպոս Ճոն Ճոզէֆ Քեննետին եւ Արքեպիսկոպոս Շարլզ Ճուտ Շիքլունան։
Պատմութիւնը
Եկեղեցւոյ հովիւները պարտականութիւն ունին պաշտպանելու Քրիստոսի կողմէ իրենց վստահուած հաւատքի աւանդի ամբողջականութիւնը։ Այս խնդիրը իրականացնելու ճանապարհին պատմութեան ընթացքին Պապերը օգտագործած են տարբեր գործիքներ եւ հիմնադրած տարբեր մարմիններ՝ Եկեղեցւոյ կառավարումը դիւրացնելու համար: Հաւատոյ Վարդապետութեան Ժողովի ակունքները կարելի է դիտարկել այս շրջագիծէն ներս, անոնք կը հասնին մինչեւ 1542 թուական, երբ Պօղոս Գ․ Պապը, հաւատքի հարցերը վերահսկելու յանձնարարութեամբ, ստեղծեց վեց կարդինալներէ բաղկացած յանձնաժողով: «Սուրբ Հռոմէական եւ Տիեզերական Հաւատաքննութիւն» անունը կրող այդ հաստատութիւնը, նախ, բացառապէս հերետիկոսութեան եւ հերձուածի գործերով դատարան էր: Ապա, 1555 թուականէն սկսեալ, Պօղոս Դ․ Պապը զգալիօրէն ընդլայնեց անոր շրջանակը՝ լիազօրելով լուծել նաեւ տարբեր բնոյթի բարոյական հարցեր:
Այսօր հաւատաքննութիւնը անցեալին կը պատկանի։ Դարերու ընթացքին խոր փոխակերպումները փոխած են հաստատութեան առաքելութիւնը, սակայն մնայուն պահած են Առաքեալներու վարդապետութեան նկատմամբ հաւատարմութեան խթանը։
Ֆրանչիսկոս Պապը եւս, «Praedicate Evangelium» Առաքելական Սահմանադրութեամբ, փոխեց հաստատութեան ներքին կառուցուածքը, եւ անունը, որ այժմ կը կոչուի «Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատեսչութիւն»:
Կառուցուածքը
Վերատեսչութիւնը ներկայիս բաղկացած է երկու բաժիններէ՝ «Վարդապետական» եւ «Կարգապահական»:
«Վարդապետական» բաժինը կը զբաղի հաւատքի եւ բարոյականութեան վարդապետութեան խթանման եւ պաշտպանութեան հարցերով: Անոր մաս կը կազմէ «Ամուսնութեան գրասենեակը», որ ստեղծուած է այսպէս կոչուած «Privilegium fidei –հաւատքի արտօնութեան» հայող հարցերը քննելու համար, ինչը թոյլ կու տայ, որոշակի պարագային, ամուսնական կապի լուծարում յօգուտ ամուսիններէն մէկու հաւատքի, ինչպէս եւ անունը կը յուշէ:
«Կարգապահական» բաժինը, Բարձրագոյն Առաքելական Դատարանի միջոցաւ, կը զբաղի Վերատեսչութեան վերապահուած յանցագործութիւններով:
Աստուածաշնչական եւ Միջազգային Աստուածաբանական Քահանայապետական Յանձնաժողովները
Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատեսչութեան ծիրէն ներս հիմնադրուած են Քահանայապետական տարբեր Յանձնաժողովներ։ Անոնցմէ են Աստուածաշնչական եւ Միջազգային Աստուածաբանական Յանձնաժողովները, որոնք կը գործեն սեփական նորմերու համաձայն:
Առաջինը խորհրդակցական մարմին է, որ հիմնադրուած է Լեւոն ԺԳ․ Պապի կողմէ՝ 30 Հոկտեմբեր 1902 թուականին՝ «Vigilantiae studiique» Առաքելական Նամակով:
Մինչ երկրորդը հիմնադրուած է Պօղոս Զ Պապի կողմէ 1969 թուականին: Անոր խնդիրն է օգնել Սուրբ Աթոռին քննարկելու առաւել կարեւորութեան վարդապետական հարցերը:
Անչափահասներու Պաշտպանութեան Քահանայապետական Յանձնաժողովը
Անչափահասներու Պաշտպանութեան Քահանայապետական Յանձնաժողովը նոյնպէս ստեղծուած է Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատեսչութեան շրջագիծէն ներս եւ խորհրդատւութիւն կը տրամադրէ Սրբազան Քահանայապետին անչափահասներու եւ խոցելի անձանց պաշտպանութեան համար: Յիրաւի, Յանձնաժողովի աշխատանքը նուիրուած է անչափահասներուն եւ խոցելի անձերուն սեռական բռնութենէ պաշտպանելու համար համապատասխան ռազմավարութիւններու եւ ընթացակարգերու մշակման եւ համապատասխան նախաձեռնութիւններու իրականացման։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ