MAP

2025.06.17 Dicastero per il Clero

Կղերի Վերատեսչութիւնը

Վատիկանեան այս մարմինը կը զբաղի քահանաներու եւ սարկաւագներու հետ կապուած ողջ հովուական ծառայութեան արդիւնաւէտ իրականացմամբ։

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Առաքելական Աթոռի կողմէ Միաբանութիւններու թեկնածուներու ձեւաւորում եւ անոնց նկատմամբ հոգատարութեան ցուցաբերում։ Ասիկա է Կղերի Վերատեսչութեան առաքելութիւնը, այսինքն՝ օգնել թեմական եպիսկոպոսներուն, որպէսզի սեփական եկեղեցիներու մէջ ապահովուի մասնագիտական ծառայութիւն, եւ որպէսզի վարժարանները համարժէքօրէն կրթեն յանուն ամուր մարդկային, հոգեւոր, մտաւոր եւ հովուական կազմաւորումի։ Վերատեսուչն է Կարդինալ Լածծարօ Էու Հէունկ-սիքը, Քարտուղարը՝ Գերապայծառ Անտրէս Կապրիէլ Ֆեռատա Մորէյրան։

Պատմական անդրադարձ

Այս հաստատութեան պատմութիւնը կապուած է «S. Congregatio Cardinalium Concilii Tridentini interpretum» անուամբ Միաբանութեան հետ (Հռոմէական Քուրիայի հին մարմիններէն, որ այսօր լուծարուած է)՝ հիմնադրուած Պիոս Դ Պապի կողմից 1564 թուականի «Alias Nos » Առաքելական Սահմանադրութեամբ՝ ապահովելու համար «Թրենթոյի Ժողովի» կողմէ սահմանուած կանոններու ճիշտ մեկնաբանութիւնը եւ գործնական կիրառումը։ Յիրաւի, մարմնի պատմական անուանումն է «Ժողովի Սրբազան Միաբանութիւն», որ պահպանուեցաւ մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 1967 թուական, երբ՝ Պօղոս Զ Պապի օրօք «Regimini Ecclesiae universae» հրապարակմամբ, ստացաւ «Կղերի Ժողով» անունը։ Մինչ, Ֆրանչիսկոս Պապի օրօք հաստատուած «Praedicate Evangelium» Առաքելական Սահմանադրութեամբ ան փոխուեցաւ եւ դարձաւ «Կղերի Վերատեսչութիւն»։

Իրաւասութիւններ

Ինչպէս կ’ընդգծուի անոր մէջ, Կղերի Վերատեսչութիւնը կոչուած է վերահսկելու որպէսզի համայնքային կեանքը եւ վարժարաններու կառավարումը համապատասխանէ քահանայական դաստիարակութեան կարիքներուն: Կարեւորագոյն ոլորտ, որմէ ներս մեծաւորները ու մանկավարժները պէտք է նաեւ սեփական օրինակով իրենց ներդրումը ունենան ապագայ հոգեւորականներու անհատականութեան ձեւաւորումի գործին մէջ: Վերատեսչութիւնը պատասխանատու է այդ հոգեւորականներու կազմաւորումի հետ առնչութիւն ունեցող բոլոր հարցերու խթանման, ի մասնաւորի՝ «Ratio fundamentalis institutionis sacerdotalis» եւ «Ratio fundamentalis institutionis diaconorum permanentium» կանոնակարգերու միջոցաւ:

Վերատեսչութեան գրասենեակները

Կղերի Վերատեսչութիւնը բաժնուած է չորս գրասենեակներու՝ «Կղեր», «Ազատում» (ազատում պարտականութիւններէ), «Կառավարում» (եկեղեցական գոյքի) «Կազմաւորում» (սկզբնական եւ ընթացիկ): Իւրաքանչիւր ոլորտ ունի իր ղեկավարը, որ վերադասներու հետ համագործակցութեամբ կը համակարգէ եւ կը վերահսկէ պաշտօնեաներու աշխատանքը:

2022 թուականէն ի վեր Վերատեսչութիւնը նախաձեռնած է «Հաղորդակցութեան եւ Միջոցառումներու» ծառայութիւն իրականացնելու նախագիծ՝ ստեղծելով ներքին համակարգման ստորաբաժանում, որուն նպատակն է մշակել նոր հաղորդակցութեան ռազմավարութիւն՝ յատուկ եկեղեցիներու հետ աջակցութեան եւ փոխանակման ցանցը խթանելու համար:

«Կղերի» եւ «Կազմաւորումի» գրասենեակները կը հաւաքագրեն, կ’առաջարկեն եւ կը խթանեն հոգեւորականութեան (թեմական քահանաներու եւ սարկաւագներու) սրբութեան, մտաւոր եւ հովուական զարգացման նախաձեռնութիւնները:

«Կազմաւորումի» գրասենեակը պատասխանատու է բոլոր վարժարաններու վրայ, բացառութիւն կը կազմեն Արեւելեան եկեղեցիներու եւ Աւետարանումի Վերատեսչութիւններու իրաւասութեան տակ գտնուող վարժարանները:

«Կառավարումի» գրասենեակի հիմնական իրաւասութեան ոլորտը պետական իրաւաբանական անձանց պատկանող եկեղեցական գոյքի կառավարումն է:

Իսկ «Ազատումի» գրասենեակը իրաւասու է, օրէնքի համաձայն, մշակել Լատին Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան եկեղեցիներու թեմական հոգեւորականներու եւ կրօնականներու կողմէ Սարկաւագութեան եւ Քահանայութեան ձեռնադրման ժամանակ ստանձնած պարտաւորութիւններէն ազատելու կարելիութիւնը։

Բարի Սամարացիի հետքերով

Կղերի Վերատեսչութեան առաքելութիւնն է ծառայել Եկեղեցւոյ՝ նպաստելով ամբողջ աշխարհի մէջ Բարի Սամարացիի կերպարի վերակենդանացումին՝ Աստուծոյ ողորմածութիւնն ու աւետարանական սէրը փայլեցնելու համար:

Յովհաննէս Մարիա Վիաննէյը, Կղերի Սուրբ հովանաւորը, այս բառերով կ’անդրադառնայ քահանայական ծառայութեան. «Եթէ լաւ ըմբռնէինք, թէ ինչ կը նշանակէ ըլլալ քահանայ մը երկրի վրայ, կը մահանայինք. ոչ թէ վախէն, այլ սէրէն»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/08/2025, 11:11