Գերպ Կալլակեր Հնդկաստանի մէջ. Միացած բազմազանութեան մէջ Քրիստոսը ներդաշնակութեան մէջ վկայելու համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար, Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր, Հնդկաստան կատարած առաքելական Ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Holy Qurbana Սուրբ Պատարագ մատուցեց, Թրիվանտրում քաղաքի մէջ Աստուծոյ ծառայ Մար Իվանիոսի յիշատակին նուիրուած 72-րդ օրուայ կապակցութեամբ։
Մար Իվանիոս (1882-1953), եղած էԱսորի Մալանքար եկեղեցւոյ առաջնորդը ու կարեւոր դեր ունեցած է Հռոմի եկեղեցւոյ հետ հաղորդութիւնը վերականգնելու գործին մէջ։
«Միութիւն մը, որ պէտք չէ միատարրութիւն ըլլայ « Այլ պէտք է ներդաշնակութիւն ըլլայ որ բազմազանութիւնը կը յարգէ խթանելով փոխադարձ սէր ու հասկացողութիւնը» Սա է ժառանգութիւնը որ աւելի արդիական է քան երբեք, որ ձգած է Աստուծոյ ծառայ Մար Իվանիոսը, «Այսօրուան աշխարհի մէջ ուր կը գերիշխէ հակամարտութիւնները ու բաժանումները» ըսաւ Արք Կալլակեր իր արտասանած քարոզի մէջ, որ 13 էն 19 յուլիս, Հնդկաստան պիտի գտնուի համագործակցութեան եւ բարեկամութեան կապերը ամրապնդելու համար։ Քարոզի մէջ Արքեպիսկոպոսը իր խօսքը կեդրոնացուց մկրտութեան անունով Geevarghese Thomas Panickaruveetil, Աստուծոյ ծառայ Մար Իվանիոսի վրայ, որ եղած է հիմնարիրը (Bethany Ashram) միաբանութեան ինչպէս նաեւ Մայրապետներու (Bethany Madhom) հաստատութեան։
«Չնայած բազմաթիւ ներքին եւ արտաքին դժուարութիւններուն 95 տարին առաջ Աստուծոյ ծառայ Մար Իվանիոս «խիզախ որոշումով» Ասորի Մալանքարներուն եկեղեցին առաջնորդեց Հռոմի հետ լիակատար հաղորդութեան, ըսաւ Գերպ Կալլակեր աւելցնելով, որ «այդ պատմական պահ մը եղաւ, ոչ միայն Հնդկաստանի Քերալա մարզի համար, այլեւ Տիեզերական եկեղեցւոյ համար, որովհետեւ պարզապէս վարչական գործողութիւն մը չէ, այլ « խոր հոգեւորական եւ եկեղեցական հռչակագիր բոլոր Քրիստոնեաներուն միութեան մասին, որ արմատաւորուած է Յիսուսի Անձին մէջ։
Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումները գերպ Կալլակեր գովաբանեց «հաւատքի շարունակութիւնը որ սերունդներէն կ՝անցնի եւ «սուրբ Վկաներու դերակատարութիւնը, որ հիմնարար է հաւատքը սնուցանելու համար ինչպէս նաեւ հոգեւորականութիւնը արմատացած Սուրբ Հաղորդութեան եւ Խաչի զոհողութեան մէջ։
Գերպ Կալլակեր մատնանշեց որ Մար Իվանիոսի կեանքի հիմքը եղաւ աղօթքը, ու առանց որուն գործողութիւններու իմաստն ու ուղղութիւնը կը կորսուի, որովհետեւ աղօթքի մէջն է որ ուժ, զօրութիւն, իմաստութիւն եւ խաղաղութիւնը կը ստանանք դիմագրաւելու համար կեանքի մարտահրաւէրներ։
Խթանելով «միութիւնը բազմազանութեան մէջ, Աստուծոյ ծառան ցոյց տուաւ որ այդ միութիւնը կարող է իրականանլ երբ հիմնուած է սիրոյ եւ ճշմարտութեան մէջ։ Հետեւաբար իւրաքանչիւր հաւատացեալ կանչուած է ըլլալու «խաղաղարար, կամուրջներ կառուցողներ եւ Աւետարանի վկաներ, առաննց մոռնալու որ իսկական միութիւնը կը ներառէ արդարութիւն, կարեկցութիւնը տառապողներուն նկատմամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ