MAP

2020.05.23 Beato Frassati

Երիտասարդներու Յոբելեանին առիթով Երանելի Փիէր Ճորճօ Ֆրասսաթիի մարմինը պիտի ցուցադրուի Հռոմի մէջ

Մեծարանքի մեկնարկը պաշտօնապէս պիտի կատարուի Շաբաթ` Յուլիս 26-ին, Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս կարդինալ Պալտօ Ռեյնայի նախագահութեամբ մատուցուած պատարագով, որ այս առիթով նաեւ իր օրհնութիւնը պիտի շնորհէ երիտասարդներու յոբելեանի կամաւորներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յոյսին նուիրուած 2025-ի Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս կայացած Երիտասարդներու Յոբելեանին առիթով երիտասարդ Երանելի Փիէր Ճորճօ Ֆրասսաթիի մարմինը որ 1990 -էն ի վեր անապական կը հանգչի Թոիրնօ քաղաքի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ պիտի ժամանէ Հռոմ ու պիտի զետեղուի Santa Maria sopra Minerva Տոմինիքեան միաբանութեան պատկան պազիլիքային մէջ, ուր պիտի մնայ մինչեւ յառաջիկայ 4 օգոստոս  արժանանալով ուխտաւորներու եւ այցելուներու մեծարանքին։

Մեծարանքի մեկնարկը պաշտօնապէս պիտի կատարուի Շաբաթ` Յուլիս 26-ին, Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս կարդինալ Պալտօ Ռեյնայի նախագահութեամբ մատուցուած պատարագով, որ այս առիթով նաեւ իր օրհնութիւնը պիտի շնորհէ երիտասարդներու յոբելեանի կամաւորներուն։

Իտալիոյ Թորինօ քաղաքի երիտասարդ աշխարհական Ճորճօ Ֆրասաթթին ծնած է 6 ապրիլ 1901 եւ մահկանացուն կնքած 24 տարեկանին 4 Յուլիս  1925-ին։ Ան եղած է բարերար, լեռնագնաց և ուսանող, տոմինիքեան բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու անդամ։ Ան եղած է նաև Սուրբ Վէնսան Տը Փոլի ընկերութեան անդամ, եւ Իտալական կաթողիկէ համալսարաններու դաշնութեան և Ացիոնէ Քաթթոլիքա բանուորական շարժումի անդամ։

Հարուստ ընտանիքի զաւակ Փիեր Ճորճոն իր կեանքը նուիրած է աղքատներու օգնութեան, աւետարանութեան ու իր քաղաքի քաղաքական ու մշակութային մարզէն ներս յանձնառումին, առաջնորդուած կաթողիկէ խոր եւ արմատացած հաւատքով մը։

Ան Երանելի հռչակուած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի օրով 1990 թուականին ապա յառաջիկայ 7 սեպտեմբեր 2025-ին նախատեսուած է անոր սրբադասման արարողութիւնը, զոր պիտի նախագահէ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Վատիկանի մէջ։

Ֆրասաթթին պիտի սրբադասուի իրեն բարեխօսութեան վերագրուած հրաշքի մը հիման վրայ՝ որ պատահեցաւ այսօր քահանայ դարձած Juan Manuel Gutierrez անունով ամերիկացի նորընծայի մը` 2017 թուականին։

Gutierrez իր ընկերներուն հետ խաղի մը ընթացքին ծանր վնաս կը կրէ Աքիլլեւսն ջիլին` եւ բժիշկները կը խրատեն վիրահատութեամբ լուծել հարցը։ Նոյն տարուայ մէկ նոյեմբերին ան մտահոգուած վիրահատութեան ծախսերով ու իր նորընծայարանական ուղեւորութեան հետեւանքներով կը դիմէ Երանելի Փիեր Ճորճօ Ֆրասսաթիին, որուն ծանօթացած էր Եու Թիուպի միջոցաւ։ Մի քանի օրեր ետք, Կութիերեսը մինչ կ՛աղօթեր կը զգայ զօրեղ ջերմութիւն մը եւ յանկարծ կը բացայայտէ, որ կարող է դարձեալ քալել։ Արդարեւ դէպքին յաջորդող ՄՌՏ (Մագնիսա-ռեզոնանսային տոմոգրաֆիան) կը բացայայտէ վնասուածքին անհասկանալի անհետացումը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2025, 12:37