Ընդհանուր Վերահսկիչի Գրասենեակ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ձեւաւորուելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի կողմէ նախաձեռնած տնտեսական եւ վարչական բարեփոխումներու ծիրէն ներս՝ Վատիկանի Ընդհանուր Վերահսկիչի Գրասենեակին վստահուած է Հռոմէական Քուրիայի Վերատեսչութիւններու, Սուրբ Աթոռի հետ առնչուող հաստատութիւններու և Վատիկան Քաղաք Պետութեան Կառավարութեան մատակարարութեան հաշուապահական վերահսկողութիւնը՝ այսպէս կոչուած «աուտիդ»ը։ Գրասենեակը նաեւ պատասխանատու է Վատիկան Քաղաք Պետութեան կողմէ հաստատուած պիւտճէի վերահսկողութեան: Հիմնադրուած է 2014 թուականին եւ փաստացի սկսած է գործել 2015էն եւ ուղղակիօրէն հաշուետու է Սրբազան Պապին։ Ընդհանուր առաքելութիւնն է նպաստել Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկան Քաղաք Պետութեան գոյքի պատշաճ եւ թափանցիկ կառավարմանը։ Ներկայիս Ընդհանուր Վերահսկիչը Ալեսանտրօ Քասինիս Ռիկինին է:
Պատմական ակնարկ
24 Փետրուար 2014-ին «Fidelis dispensator et prudens – Հաւատարիմ եւ իմաստուն տնտես», ինքնագիր նամակով Ֆրանչիսկոս Պապը ստեղծեց երեք նոր մարմիններ. Տնտեսութեան Խորհուրդը, Տնտեսութեան Քարտուղարութիւնը եւ Ընդհանուր Վերահսկիչի Գրասենեակը։ Վերջինիս Ան վստահեցաւ Հռոմէական Քուրիայի Վերատեսչութիւններու, Սուրբ Աթոռի հետ առնչուող կամ վերաբերուող հաստատութիւններու և Վատիկան Քաղաք Պետութեան Կառավարութեան տարեկան ֆինանսական հաշուետուութիւններու վերահսկողութիւնը: Իսկ 21 Յունուար 2019 թուականին նոր Կանոնադրութեան հրապարակմամբ Ֆրանչիսկոսը ուրուագծեց Ընդհանուր Վերահսկիչի Գրասենեակի գործառոյթներն ու պարտականութիւնները:
Բացի այդ, Գրասենեակը կը գործէ որպէս Կաշառակերութեան դէմ պայքարի մարմին՝ համաձայն ՄԱԿի Մերիտայի Պայմանադրութեան (Մեքսիքայի Մերիտա քաղաքի անունով), որուն Սուրբ Աթոռը եւ Վատիկան Քաղաք Պետութիւնը միացած են 19 Հոկտեմբեր 2016էն: Այդ Պայմանադրութեան պահանջով, 2020ի Յունիսին, Ընդհանուր Վերահսկիչ Գրասենեակը հրապարակած է «Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկան Քաղաք Պետութեան հանրային պայմանագրերու թափանցիկութեան, վերահսկողութեան եւ մրցակցութեան կանոնները»:
Լիազօրութիւնները
Ընդհանուր Վերահսկիչի Գրասենեակը, համաձայն 2022 թուականի «Praedicate Evangelium» Առաքելական Սահմանադրութեան, Տնտեսութեան Խորհուրդի հաստատմանը կը ներկայացնէ տարեկան վերահսկողութեան ծրագիրը։
Բացի այս, Գրասենեակը, ըլլայ իր որոշումով, որ նախապէս կը տեղեկացնէ ու կը պատճառաբանէ, ըլլայ Տնտեսութեան խորհուրդի, Տնտեսութեան Քարտուղարութեան կամ Հաստատութիւններու եւ Վարչութիւններու ղեկավարներու պահանջով, կարող է վերահսկողութիւններ իրականացնել որոշակի իրավիճակներու պարագային, որոնք ի մասնաւորի կը հային․
- ֆինանսական կամ նիւթական կենսամիջոցներու օգտագործման կամ բաշխման անկանոնութեան,
- գործարքներու կնքման կամ փոխանցումներու կամ օտարումներու հետ կապուած անկանոնութիւններուն,
- կաշառակերութեան կամ խարդախութեան դէպքերուն։
Ընդհանուր Վերահսկիչը, ուսումնասիրելով Գրասենեակ ստացուած զեկոյցները իր հերթին զանոնք կը ներկայացնէ Տնտեսութեան Քարտուղարութեան Ղեկավարին եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, Տնտեսութեան Խորհուրդը համակարգող Կարդինալին։ Եթէ կան քրէական յանցագործութիւններու ապացոյցներ՝ Ընդհանուր Վերահսկիչը այդ մասին տեղեակ կը պահէ Վատիկանի դատական մարմինը։
Անկախութիւն, միջազգային փորձ եւ մասնագիտական մօտեցում
11 Դեկտեմբեր 2023 թուականին Ընդհանուր Վերաքննիչի Գրասենեակի բոլոր աշխատակիցներուն շնորհած ունկնդրութեան ժամանակ Ֆրանչիսկոս Պապը կանգ առած է Գրասենեակի աշխատանքը բնութագրող երեք հիմնական արժէքներու վրայ, որ են՝ անկախութիւն, միջազգային փորձ եւ մասնագիտական մօտեցում: Ան յորդորած է Սուրբ Աթոռի գոյքի կառավարման համար պատասխանատուներուն «ստեղծել երաշխիքներ, որոնք կարող են կանխել կաշառակերութեան սպառնալիքը»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ