MAP

Թուային միսիոնարներու յոբելեանը Թուային միսիոնարներու յոբելեանը  

Թուային միսիոնարներուն եւ կաթողիկէ ազդեցիկ անձերու յոբելեանը. Յոյսին կապուած ըլլալու համար։

Յուլիս 28ին եւ 29ին, Հռոմի մէջ տեղի կ՝ունենայ թուային միսիոնարներու եւ կաթողիկէ ազդեցիկ անձերու յոբելեանը, որուն ծիրէն ներս ւ կազմակերպուած են տարբեր միջոցառումներ. Համագումար «Աուտիթորիումօ դահլիճին մէջ։ Սուրբ Պետրիսի տաճարի Սուրբ Դուռէն անցում եւ Սուրբ Պատարագ նախագահութեամբ կարդինալ Թակլէի, աղօթք Թէզիէ հասարակութեան, իսկ եզրափակիչ տօնակատարութիւնը Հռոմի Ռիզրոճիմենթօ հրապարակին վրայ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հռոմի մէջ 28 եւ 29 յուլիսին, տեղի կ՝ունենայ թուային միսիոնարներուն եւ կաթողիկէ ազդեցիկ անձերու յոբելեանը, նախաձեռնութիւն մը նուիրուած թուային առաքելութեան եւ յոյսի տարածման, թուային ցանցերու միջոցաւ, կազմակերպուած Աւետարանումի վերատեսչութեան կողմէ համագործակցութեամբ Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան վերատեսչութեան։ Միջոցառումին նպատակ է ուժեղացնել յոյսը ՝խթանելով համաշխարհային երկխօսութիւնը։

Թուային աշխարհի յոբելեանի առթիւ տեղի պիտի ունենան Վատիկանի մօտակայքը գտնուող ժողովրդապետութիւններէն ներս ծիսական արարողութիւններ, որոնք կ՝աւարտին Յոբելեանի պաշտօնական բացումով Auditorium դահլիճէն ներս, որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, գերպ Ռինօ Ֆիզիքելլա եւ Սուրբ Աթոռի վերատեսչութեան վերատեսուչ, Փաուլօ Ռուֆինի։

Համագումարին ուշադրութեան կեդրոնն է Աստուծոյ խօսքի, արհեստագիտութեան եւ առաքելութեան միջեւ կապը ու այս նիւթով ելոյթներ պիտի ունենայ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներ ինչպէս ՄԿալլում եւ Ասթոնիօ Սփատարօ։

28 յուլիսին, տեղի պիտի ունենան կլոր սեղաններ եւ գիտաժողովներ նուիրուած թուային միսիոնարներու միջեւ փորձառութեան փոխանակումի եւ Աստուծոյ Սուրբ Ազդեցիկներուն։ Այս միջոցառումներ կը ներառեն բաժնեկցութիւն, աղօթքը հանդիպումները, ներկայութեամբ Կարդինալ Ռոտրիկէզ Մարատիակայի եւ Կարդինա Խօսէ Քոպօ Քանոյի։

29 յուլիսին, տեղի կ՝ունենայ ուխտագնացութիւն, սուրբ Պատարագի մասնակցութիւն, նախագահութեամբ Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէի, համամիութենական հանդիպումներ, Թէզէի հասարակութեան հետ, որոնց ընթացքին թուային ծրագիրները պիտի վստահուին Տիրամօր՝, սահմանուած «Աստուծոյ ազդեցիկ», ամրապնդելով թուային նախաձեռնութիւններուն հոգեւոր եւ միսիոնարական արժէքը

Թուային միսիոնարներուն եւ կաթողիկէ ազդեցիկ անձերու յոբելեանը վերջ կը գտնէ Հռոմի Ռիզորժիմենթօ հրապարակին վրայ երաժշտականծրագիրներով եւ միջ մշակութային վկայութիւններով։

Միջոցառումի նպատակն է զօրացնել եկեղեցւոյ ներկայութիւնը թուային աշխարհի մէջ օգտագործելով արհեստագիտութիւնը, որպէս աւետարանի, յոյսի, տիեզերական հաղորդութեան միջոց։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2025, 13:27