MAP

2025.07.23 Conferenza Stampa di presentazione del Giubileo dei Giovani

Երիտասարդներու Յոբելեանի ներկայացումը. կը սպասուին աւելի քան 500 հազար երիտասարդներ

Անոնց շարքին են նաեւ հայ կաթողիկէ երիտասարդներ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ տարուայ «ամենասպասուած պահը», որ Հռոմը պիտի տեսնէ բացուած «աշխարհին» նաեւ հակամարտութիւններէ ողբերգական կերպով տուժած տարածքներուն։ Որպէսզի իւրաքանչիւր երիտասարդ, շփուելով իր հասակակիցներուն հետ, կարողանայ զգալ «ողջագուրում» մը և հաւատարիմ մնալ «առաւօտեան պահապաններ» ըլլալու այն կոչին, զոր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը վերարծարծած էր 25 տարիներ առաջ։

Ահա այս ուղղութեամբ է ` որ չորեքշաբթի` 23 Յուլիս 2025-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացումը կատարուեցաւ յառաջիկայ 28 Յուլիսէն 3 Օգոստոս 2025-ին կայանալիք  Յոյսի Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս նախատեսուած Երիտասարդներու Յոբելեանին։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցան Աւետարանութեան Վերատեսչութեան համա-վերատեսուչ Գերապ. Ռինօ Ֆիզիքելլան, Իտալիոյ Նախարարներու Խորհուրդի նախագահութեան ենթաքարտուղարը` Տիար Ալֆրետօ Մանթովանի, Հռոմի Քաղաքապետը Տիար Ռոպերթօ Կուալթիերի, եւ Լացիօ Նահանգի փոխ նախագահ` Ռոպերթա Անճելիլլին, ինչպէս նաեւ Հռոմի Ոստիկանապետը Լամպերթօ Ճաննինին ու Քաղաքացիական պաշտպանութեան վարչութեան Պետ Տիար Ֆապիօ Չիչիլիանօ։

146 տարբեր երկիրներէ ժամանող ուխտաւորներ

Իր ելոյթին մէջ Գերապ. Ֆիզիքելլան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց` որոնք տարբեր հանգամանքներով սատարեցին վերոնշեալ Յոբելենական ուխտագնացութեան կազմակերպութեան, ըլլան անոնք տեղական քաղաքական իշխանութիւններ, ընկերութիւններ, հաստատութիւններ ու կամաւորներ։ Աբ ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց աղորդակցութեան Վերատեսչութեան այս առիթով մատուցած ծառայութիւններուն համար։

Աւետարանութեան Վերատեսչութեան համա-վերատեսուչը նշեց` որ ուխտաւորները պիտի ժամանեն աշխարհի 146 տարբեր երկիրներէ, որոնց 68 տոկոսը Եւրոպայէն են։ Կան նաեւ պատերազմի շրջաններէ ժամանող երիտասարդներ` ինչպէս Լիբանանէն, Իրաքէն, Միանմարէն, Ուքրանիայէն, Իսրայէլէն, Սուրիայէն եւ Հարաւային Սուտանէն։

Ուխտագնացութեան օրակարգը

Ներկայացուցաւ ապա ուխտագնացութեան օրակարգը որ սկիզբ պիտի առնէ երկուշաբթի 28 Յուլիսին, երիտասարդներու ժամանումով Հռոմ։ 29 Յուլիսի երեկոյեան ժամը վեցին նախատեսուած է Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ ուխտագնացութեան բարի գալուստի պատարագը, ապա 30 եւ 31 Յուլիսին առաւօտեան ժամը 10:30 – 18:00 նախատեսուած են «Երկխօսութիւն քաղաքին հետ» վերտառութեամբ հոգեւոր եւ մշակութային ձեռնարկներ։

Մէկ Օգոստոսը նուիրուած է ապաշխարութեան։ «Չոռնանք որ յոբելեանը նաեւ դարձի եւ ապաշխարութեան ժամանակ է», յարեց այս առնչութեամբ Գերապ. Ֆիզիքելլան ու այս ուղղութեամբ նշեց, որ առաւօտեան ժամը 10:30-էն մինչեւ յետմիջօրէի 5-ը «Չիրքօ Մասսիմօ» հին հռոմէական մարզադաշտի տարածքին նախատեսուած է Խոստովանանքի խորհուրդի մատակարարումը։

Հսկում

Շաբաթ` 2 օգոստոսին երիտասարդները պիտի փոխադրուին Հռոմի «Թոր Վերկաթա» կոչուած շրջանը, ուր կէսօրէն ետքը պիտի մասնակցին այս առիթով պատրաստուած զուարճութեան եւ վկայութիւններու ձեռնարկի մը, որ պիտի տեւէ մինչեւ երեկոյեան 8,30 երբ սկիզբ պիտի առնէ Հսկումը` Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետի մասնակցութեամբ։ Գերապայծառ Ֆիզիքելլան նշեց` որ այս առիթով երեք երիտասարդներ` Իտալիայէն, Մեքսիքոյէն եւ Միացեալ Նահանգներէն, Քահանայապետին պիտի յղեն երեք հարցում, որոնց Ան պիտի պատասխանէ երեք լեզուներով` Իտալերէն, Սպաներէն եւ Անգլերէն։

Եզրափակիչ Սուրբ պատարագ

Երիտասարդները հուսկ պիտի գիշերէն Թոր Վերկաթայի տարածքին վրայ ու յաջորդ օրը«  Կիրակի 3 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 09:30 նոյն վայրին մէջ պիտի մասնակցին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին գլխաւորած Երիտասարդներու Յոբելեանի եզրափակիչ Սուրբ Պատարագին։

Աւելի քան 500 հազար երիտասարդներ

Գերապայծառ Ֆիզիքելլան նշեց նաեւ` որ կը սպասուին աւելի քան 500 հազար երիտասարդներ որոնց համար պատրաստուած է նաեւ յատուկ ուղեցոյց մը որ կը պարունակէ օգտակար տեղեկութիւններ եւ ցուցմունքներ Հռոմի մէջ Յուլիսի 28-էն մինչեւ օգոստոսի 3-ը նախատեսուած այս մեծ միջոցառման նախապատրաստութեան վերաբերեալ ու երիտասարդներուն ի սպաս դրուած բոլոր ենթակառոյցներու ու ծառայութիւններու մասին։

Յայտնենք` որ Երիտասարդներու սոյն Յոբելեանին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ Միջին Արեւելքէն ու յատկապէս Լիբանանէն, Թուրքիայէն ու Հայաստանէն ժամանած Հայ կաթողիկէ երիտասարդներ։

«Թուային միսիոներներու և կաթողիկէ ազդեցիկ անձանց» Յոբելենական ուխտագնացութիւն

Գերապ. Ֆիզիքելլան ի միջի այլոց ակնարկեց նաեւ որ 28 եւ 29 Յուլիսին նախատեսուած է «Թուային միսիոներներու և կաթողիկէ ազդեցիկ անձանց» Յոբելենական ուխտագնացութիւնը որ յատկացուած է բոլոր անոնց որոնք կը քարոզեն ու կը գործեն թուային միջավայրին մէջ՝ տարածելով Աւետարանի պատգամը սոցիալական ցանցերու, պլոկներու, ալիքներու և յաւելուածներու մէջ:

Յոյսի միսիոներ ըլլալ կը նշանակէ ընդունիլ Քրիստոսի կոչը՝ Բարի լուրը հասցնելու ամենուրէք, յատկապէս թուային աշխարհին մէջ։ Ան կ՛ ենթադրէ հաւատքի և Աւետարանի լոյսը տարածել ու կեանքեր վերափոխել յոյսի և սիրոյ պատգամներով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/07/2025, 12:32