Երիտասարդներու Յոբելեանի բարի գալուստի Սուրբ Պատարագը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երեքշաբթի` 29 Յուլիսի երեկոյեան ժամը եօթին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակը ականատեսը դարձաւ երիտասարդներու մեծ հաւաքի մը։
Արդարեւ այնտեղ համախմբուած էին 146 երկիրներէն ժամանած տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներ` իրենց գոյնզգոյն տարազներով, երկրի դրօշներով, խանդավառութեամբ, ուրախութեամբ ու ապագայի յոյսի հեռանկարով, մասնակցելու համար Յոյսին նուիրուած Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս կազմակերպուած Երիտասարդներու Յոբելեանի բարի գալուստի Սուրբ Պատարագին, զոր մատոյց Աւետարանութեան Վերատեսչութեան համա – վերատեսուչ եւ Յոբելեանի կազմակերպութեան պատասխանատու` Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան։
Երիտասարդներէն շատեր արդեն առիթը ունեցան իրենց ուխտագնացութիւնը կատարելու ու Սուրբ Դուռէն անցնելու մինչ ուրիշներ այս մէկը պիտի կատարեն յաջորդ օրերուն։ Անոնք առաւօտէն ի վեր կը գտնուէին Վատիկանի մօտակայքը, եւ օրը անցուցին աղօթքով ու զուարճանքի պահերով, սպասելով երեկոյեան այս բարի գալուստի պատարագին։ Անոնց շարքին էին նաեւ Հայաստանէն ու Միջին Արեւելքի այլ շրջաններէն ժամանած հայ կաթողիկէ երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ։
«Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին անունով կ՛ողջունեմ ձեզ» ըսաւ Սուրբ Զոհին սկիզբը Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան` Աւետարանութեան Վերատսեչութեան համա - վերատեսուչը եւ Յոբելեանի կազմակերպութեան պատասխանատուն, ողջունելով հրապարակի ու Քոնչիլիացիոնէ պողոտայի երկայնքին վրայ գտնուող 120 հազարէ աւելի երիտասարդները։
Ձեզ երկար սպասեցինք
«Ձեզ երկար սպասեցինք եւ այժմ այստեղ էք» շարունակեց Ան, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն, որ համապատասխանեցին Քահանայապետի հրաւէրին, մասնակցելու Յոբելեանին, «որ նուիրուած է ձեզի եւ այն յոյսին զոր իւրաքանչիւր անհատ կը պահէ իր սրտին մէջ»։
Մօտիկութիւն պատերազմի գօտիներէն ժամանած երիտասարդներուն
«Դուք եկած էք համայն աշխարհէն։ Կան բարեկամներ, որոնք կու գան նոյնիսկ պատերազմի գօտիներէն. Ուքրանիայէն, Պաղեստինէն... Թող բոլորին հասնի եղբայրութեան ողջագուրումը, որ մեզ կը միացնէ ու մեզ մէկ մարմին կը դարձնէ։
1Անոնց թող չպակսի ձեր բարեկամութեան նշանները» ըսաւ ապա Յոբելեանի կազմակերպութեան պատասխանատու Արքեպիսկոպոսը ակնարկելով այն զոհողութիւններուն, որ շատեր յանձն առին Հռոմ հասնելու համար ու հաւաստիացնելով` որ Տէրը զանոնք յուսախաբ պիտի չթողու։ «Ան ձեզի ընդառաջ պիտի գայ եւ դուք արթուն մնացէք, որպէսզի ընկալէք անոր ներկայութիւնը» ըսաւ Ան։
Այս օրերը ապրիլ ուրախութեամբ եւ հոգեւորականութեամբ
«Այս օրերը ապրեցէք ուրախութեամբ եւ հոգեւորականութեամբ, բացայայտելով նոր բարեկամութիւններ, մասնաւորապէս վայելեցէք Հռոմը ու արուեստի բազմաթիւ գործերը` որոնք արտայայտութիւնն են հաւատքին, որ ստեղծեց այնքան շատ գեղեցկութիւն» ըսաւ Գերապայծառ Ֆիզիքելլան աւելցնելով. «Մենք այստեղ ենք փոխանցելու համար հաւատքը ու հասկնալու համար այն մեծ արժէքը` որ Յիսուս Քրիստոս ունի մեր կեանքին մէջ» եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց «համապատասխանել խանդավառութեամբ» նշելով` որ «այս օրերուն Հռոմը եւ բոլոր այն բաները, որ ան կը ներկայացնէ ձեր ձեռքերուն մէջն է»։
Իսկ Սուրբ Զոհի ընթացքին Գերապայծառ Ֆիզիքելլան մեկնաբանեց օրուան Աւետարանը, որ քաղուած էր Յովհաննէսի Աւետարանէն (Գլ. 11, 19 27) ուր կը պատմուի Յիսուսի այցելութեան մասին` զոր ան տուաւ Մարթային ու Մարիամին Ղազարոսի մահէն ետքը։
Հաւատքը կը ծնի Յիսուսին հետ հանդիպումէն
Մարթան կը ներկայացնէ հաւատքը, որ կը ծնի Յիսուսին հետ հանդիպումէն, հանդիպում` որ տեղի կ՛ունենայ Աստուծոյ եւ ոչ թէ մեր ուզած ժամանակներով ու ձեւերով, նկատել տուաւ Գերապայծառ Ֆիզիքելլան հաստատելով նաեւ, թէ հաւատքը նաեւ պատասխան եւ ազատութիւն է։ Մարթան արդարեւ ընդառաջ կ՛երթայ Յիսուսին, որ իր մօտ կու գար, պատասխանելով անոր։
Հաւատքը ազատութիւն է
Հաւատքը է նաեւ ազատութիւն, ազատութեան ընտրանք մը, որով մենք կ՛որոշենք հետեւիլ Տիրոջ։ Բայց իսկական ազատութիւնը կը պահանջէ զոհողութիւն ինչպէս ցոյց կու տայ այն հարուստ երիտասարդը, որ չի կրնար հետեւիլ Յիսուսին, որովհետեւ կաշկանդուած է իր ինչքերուն, նշեց քարոզիչ Արքեպիսկոպոսը, ապա հաստատեց, որ հաւատքը է նաեւ ունկնդրութիւն, ինչպէս կ՛ընէ Մարթան ունկնդրելով Յիսուսը` ապա զայն դաւանելով որպէս «Քրիստոս, Աստուծոյ Որդի»։
Ապրիլ Յիսուսի ուսուցումներուն համաձայն
Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ նաեւ վկայել յարութիւնը ու ապրիլ Յիսուսի ուսուցումներուն համաձայն, նշեց ի միջի այլոց Գերապ. Ֆիզիքելլան Երանութիւնները ներկայացնելով, որպէս ուղեցոյց` վկայելու համար քրիստոնէական յոյսը աշխարհի մը մէջ, որ յատկանշուած է բռնութեամբ։
հաւատքը պէտք է թարգմանուի վկայութեան արարքներով
«Մենք կ՛ապրինք մեծ բռնութեան ժամանակաշրջանի մը մէջ: Եւ բռնութիւնը, բարեկամներս, միայն պատերազմական գօտիներուն մէջ չէ: Բռնութիւնը մեր փողոցներուն մէջ է, մեր քաղաքներուն, մեր կողքին է, մեր դպրոցներուն մէջ է» ըսաւ Ան ու խրախուսեց երիտասարդները ըլլալու խաղաղութեան կերտիչներ, զօրակցութեան շօշափելի արարքներու միջոցաւ, անոնց նկատմամբ որոնք անօթի ու ծարաւի են, հիւանդ ու անտեսուած, ընդգծելով որ հաւատքը պէտք է թարգմանուի վկայութեան արարքներով։ Ան ապա խօսքը աւարտեց քաջալերելով երիտասարդները հաւատալու սիրոյ ուժին որ կը յաղթէ բռնութեան։
Աղօթքի դիտաւորութիւնները
Պատարագի ընթացքին երիտասարդները աղօթքներ բարձրացուցին առ Աստուած` Եկեղեցւոյ համար, որպէսզի պատմութեան ուղեւորութեան մէջ ցոլացնէ աշխարհի յոյս` Քրիստոսին լոյսը։ Լեւոն Քահանայապետին համար, որպէսզի համայն Եկեղեցւոյ աղօթքի աջակցութեամբ կարողանայ հաւատքի մէջ ամրապնդել Աստուծոյ ժողովուրդը ու մասնաւորապէս Յոբելեանի մասնակցող երիտասարդները։ Ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան, արդարութեան ու եղբայրութեան համար, որպէսզի դադրին բռնութիւններն ու պատերազմները ու բոլորը կարողանան ապրիլ հաշտութեամբ ու պատրաստակամ համագործակցելու ի նպաստ կայուն ու մնայուն խաղաղութեան մը, ապա յոյսի ուխտաւոր երիտասարդներուն համար, որպէսզի այս օրերուն փորձարկեն Աստուածային ներումի եւ ողորմութեան շնորհքը, եւ ի վերջոյ բոլոր պատերազմներէն, ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւններէ, առանձնութեան ու կեանքի իմաստի բացակայութենէն տառապող երիտասարդներուն համար, որպէսզի անոնք եւս հանդիպին Քրիստոսին, որ կեանք կը պարգեւէ ու զայն կը պարգեւէ առատութեամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ