Կազա. Սարսափի առջև կարելի չէ այլուր սեւեռել հայեացքը
Մասսիմիլիանօ Մենիքեթթի
Ո՞րքան ժամանակ պէտք է տակաւին սպասել, ի՞նչ այլ բան պիտի տեսնենք որպէսզի կասեցնենք պատերազմին բարբարոսութիւնը որ ամէն օր կը հասնի Կազայէն, ինչպէս վերջերս հաստատեց Լեւոն Քահանայապետը։
Իւրաքանչիւր պատերազմ ահռելի է ու պէտք է որ կասեցուցի` Ուքրանիոյ, Սուտանի, Միանմարի, Եմէնի մէջ եւ այլուր.... նոյնիսկ մէկ անձի մը սպանութիւնը համայն մարդկութեան մէջ փոփոխութիւն կը յառաջացնէ։ Կազայի մէջ սակայն կը մահանան ոչ միայն պատերազմի սարսափին բերումով, այնտեղ կը մահանան անօթութեան պատճառաւ եւ ոչ միայն զէնքի գործածութեամբ։ Մանուկները կը դադրին լալէ, տարեցները ողջագուրելէ, չափահասները քալելէ, որովհետեւ այնտեղ սիրտն է` որ կանք կ՛առնէ, առանց շունչի եւ ուժի, եւ մարմինը կը մնայ առանց կենսամիջոցի։
Առանց սնունդի և ջուրի՝ մարդիկ սովամահ կ՛ըլլան տեղեկացուած եւ արհեստագիտութեան աշխարհի մը առջև, որ կը պատմէ, կը փաստագրէ և կը կլանէ իւրաքանչիւր իրադարձութիւն` տեսանիւթերով ու լուսանկարներով և չի կրնար յաղթահարել անմարդկայնութիւնը։
Այս բոլորի առջեւ կարելի չէ անտարբեր մնալ, կարելի չէ սարսափներն ու բռնութիւնը տեսնելէ ետքը թմրած մնալ կամ հայեացքը սեւեռել այլուր։ Բոլորս ալ կոչուած ենք ըլլալու խաղաղութեան, հիւրընկալութեան, երկխօսութեան, եղբայրութեան ու յոյսի կառուցողները, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը ձայն մըն է որ կարող է թիկունք կանգնիլ բարիին, արժանապատուութեան ու կեանքին։ Ապա երբ բազմաթիւ ձայներ կը դառնան օգնութեան, միջնորդութեան եւ աջակցութեան արարքները կարելի չէ զանոնք անտեսել ուստի քաղաքականութիւնը, կառավարութիւնները կարող չեն իրենց զիրենք անգիտակից ձեւացնել։ Այդպէս է որ կ՛ամրապնդուի դիւանագիտութեան աշխատանքը, գործնական կը դառնան օգնութեան ուղիները եւ կը կառուցուի իսկական մարդկայնութիւն մը, ուր խաղաղութիւնը չի մնար լոկ արտասանուած բառ մը այլ իրականութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ