Կաթողիկէ Թուային միսիոնարներուն եւ ազդեցիկ անձերու յոբելեանը 28-էն 29 Յուլիս 2025
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Յոյսին նուիրուած Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս, այսօր եւ վաղը` 28 եւ 29 Յուլիս 2025-ին տեղի կ՛ունենայ Կաթողիկէ Թուային միսիոնարներուն եւ ազդեցիկ անձերու յոբելեանը, որուն բացումը կատարուեցաւ այսօր` 28 Յուլիսի առաւօտեան, «Conciliazione» լսարանին մէջ, որպէս նպատակ ունենալով խթանել հաւատքի իսկական վկայութիւն մը, այսօրուայ թուային աշխարհին մէջ։
Բացման արարողութեան ելոյթներ ունեցան ի միջի այլոց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզքելլան` Աւետարանութեան Վերատեսչութեան աշխարհի աւետարանումի հիմնարար հարցերու բաժնի համա-վերատեսուչը, Հաղորդակցութեան Վերատսեչութեան Վերատեսուչ Տիար Փաոլօ Ռուֆֆինին ու Վերատեսչութեան քարտուղարը Գերապայծառ Ռոյցը։
Իր ելոյթին մէջ Կարդինալ Փարոլինը նշեց, որ «Թուային առաքելութեան մասին խօսիլը չի նշանակեր աւետարանութիւնը վերածել թեքնիքական կամ հաղորդակցական հարցի մը, այլ ճանչնալ, որ թուայինը մաս կը կազմէ այն աշխարհին, որուն մէջ աւելի ու աւելի շատ մարդիկ կը մտածեն, կը զգան, կ՛ որոնեն, ու կը յարաբերուին»։ Ան ապա նշեց` որ «Թուային առաքելութիւն կատարելը կը նշանակէ ընդունիլ այդ տարածքին մէջ բնակողներու ռիթմը, վէրքերը, հարցերը և որոնումները՝ առանց տրուելու անանունութեան կամ մակերեսայնութեան, կամ ինքնագովազդի գայթակղութիւններուն»։ Թուայինը, ըսաւ ապա, Ծիրանաւորը միայն գործիք չէ այլ լեզու, զոր պէտք է բնակիլ ստեղծագործութեամբ եւ մարդկայնութեամբ։
Խօսք առաւ նաեւ Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզքելլան Աւետարանութեան Վերատեսչութեան համա-վերատեսուչը, որ ակնարկեց թէ ինչպէս աւետարանումը կ՛անցնի մարդկային յարաբերութիւններէն։ Արդարեւ բաւարար չէ միայն բովանդակութիւնը, մենք պէտք է ուսուցիչներէ աւելի վկաներ դառնանք, ըսաւ ի միջի այլոց Ան կոչ ուղղլլով վերագտնելու լռութեան արժէքը, իսկապէս լսելու համար։
Հաղորդակցութեան Վերատեսուչ Ռուֆինին զգուշացուց` համայնքը «լսարանի» և բովանդակութիւնը «ապրանքի» վերածելէ։ Եկեղեցին պէտք է թուային աշխարհը ընդունի համայնքային ոգիով՝ խթանելով իսկական յարաբերութիւնները և դիմադրելով անհատականութեան։ Մինչ Գերապ. Ռոյցը վերակոչեց Ֆրանչիսկոս Պապին «սամարացի» դառնալու նորաբանութիւնը, այսինքն ըլլալ մօտիկ միւսի ցաւին, ըլլալ աստուածային ողորմութեան շօշափելի նշան մը։ Նպատակը ոչ թէ բովանդակութիւն արտադրելն է այլ մարդոց հանդիպիլն է, նշեց ի միջի այլոց Գերապ. Ռոյցը։
Հիմնական իրադարձութիւններու ծիրէն ներս նախաեսուած են երկու կլոր սեղանի շուրջ քննարկումներ, կարդինալ Մարատիակայի գլխաւորած աղօթքը, ապա յուլիսի 29-ին՝ ուխտագնացութիւն դէպի Սուրբ Պետրոս՝ կարդինալ Թակլէի նախագահութեամբ մատուցուած պատարագով։ Ապա նախատեսուած է համամիութենական հանդիպիմ Թեզէի հասարակութեան կազմակերպութեամբ հուսկ Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ Թուային Առաքելութեան» օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ