MAP

2025.06.08 Santa Messa nella Solennità di Pentecoste, per il Giubileo dei Movimenti, delle Associazioni e delle Nuove Comunità

Երիտասարդներու Յոբելեանը. Ուխտաւորներու համար ընդհանուր ուղեցոյցը հասանելի է առցանց

Հռոմը քեզ կը սպասէ։ Եկու՛ր վայելելու հաւատքի եւ հանդիպման այս եզակի իրադարձութիւնը։ Երիտասարդներու յոբելեանի ընդհանուր ձեռնարկի ուղեցոյցը այժմ առցանց է։ Ան կը պարունակէ օգտակար տեղեկութիւններ եւ ցուցմունքներ Հռոմի մէջ Յուլիսի 28-էն մինչեւ օգոստոսի 3-ը նախատեսուած այս մեծ միջոցառման նախապատրաստութեան վերաբերեալ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 28 Յուլիսէն մինչեւ 3 օգոստոս 2025-ին` Յոյսի Յոբելենական տարուան ծիրէն ներս նախատեսուած է հարուստ յայտագիրով Երիտասարդներու Յոբելենական ուխտագնացութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ Հայ Կաթողիկէ պատանիներ եւ երիտասարդներ Լիբանանէն, Միջին Արեւելքի այլ շրջաններէն, Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն։

Անոր պիտի մասնակցին աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներ միասնաբար կիսելով այս առիթով կազմակերպուած տօնախմբութեան, հանդիպումի եւ աղօթքի պահերը։

Բոլորն ալ անշուշտ առիթը պիտի ունենան իրենց ուխտագնացութիւնը կատարելու Սուրբ Դուռ եւ ընդունելու մեղքերու Յոբելենական լիակատար ներումը մօտենալով Խոստովանանքի Խորհուրդին։

Անոնք ապա առիթը պիտի ունենան հանդիպելու նորընտիր Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ.-ին հետ, շաբաթ 2 օգոստոսի երեկոյեան Հռոմի Tor Vergata շրջանին մէջ նախատեսուած աղօթքի հսկումի ընթացքին ու նաեւ վերջին օրը` Կիրակի 3 օգոստոսին նոյն վայրին մէջ Քահանայապետին գլխաւորած Սուրբ Պատարագի ընթացքին։

Վերոնշեալ ուղեցոյցը կը տրամադրէ գործնական տեղեկատուութիւն ծրագիրի, ճանապարհորդութեան, ուխտաւորի պարագաներու և Յոբելենական անցագրի, ինչպէս նաև փոխադրութիւններու և սնունդի վերաբերեալ։ Աւելի ուշ յատուկ տեղեկութիւններ պիտի հրատարակուին 2 եւ 3 օգոստոսին Թոր Վերկաթայի եւ Nuova Fiera di Roma-ի մօտ հանգրուանող մասնակիցներուն համար։

Ուղեցոյցը վեց լեզուներով հասանելի է այստեղ.

Հռոմը քեզ կը սպասէ։ Եկու՛ր վայելելու հաւատքի եւ հանդիպման այս եզակի իրադարձութիւնը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/07/2025, 10:28