MAP

2025.06.17 2025.06.17 Dicastero per la Vita Consacrata e le Società di Vita Apostolica: antichi volumi custoditi nell'archivio

Նուիրեալ Կեանքի Հաստատութիւններու եւ Առաքելական Կեանքի Ընկերութիւններու Վերատեսչութիւնը

Ըստ «Praedicate Evangelium» Առաքելական Սահմանադրութեան, Վերատեսչութիւնը՝ բացառապէս Լատին Եկեղեցւոյ համար, կը զբաղի կրօնական հաստատութիւններու (արական եւ իգական կրօնական միաբանութիւններ եւ ժողովներ), աշխարհիկ հաստատութիւններու եւ առաքելական կեանքի ընկերութիւններու հետ կապուած բոլոր հարցերով՝ կառավարում, կարգապահութիւն, կրթութիւն, գոյք, իրաւունքներ ու արտօնութիւններ: Այն նաեւ պատասխանատու է նոր հաստատութիւններու կանոնադրութիւններու հաստատման համար:

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Նուիրեալ Կեանքի Հաստատութիւններու եւ Առաքելական Կեանքի Ընկերութիւններու Վերատեսչութեան առաքելութիւնն է խթանել եւ ուղեկցիլ Աւետարանի համաձայն նուիրեալ կեանքին՝ յարգելով առողջ աւանդոյթներէն սերած անոր շնորհապարգեւը եւ նպաստելով Եկեղեցւոյ կառուցման ու առաքելութեան աշխարհի մէջ:

Հիմնադրուած է 1586 թուականին՝ Սիսթօ Ե․ Պապի կողմէ։ Վերատեսուչն է Քոյր Սիմոնա Պրամպիլլան, Համա Վերատեսուչը՝ Կարդինալ Անկել Ֆերնանտէզ Արթիմէն, իսկ Քարտուղարը՝ Քոյր Թիցիանա Մերլեթթին:

Պարտականութիւնները

Հռոմէական Քուրիայի՝ «Praedicate Evangelium» Առաքելական Սահմանադրութեամբ Վերատեսչութեան վերապահուած հիմնական պարտականութիւններն են․

- Նուիրեալ Կեանքի Հաստատութիւններու եւ Առաքելական Կեանքի Ընկերութիւններու հաստատումը, հիմնադրումը, միաձուլումները, միաւորումները եւ լուծարումը:

- Թեմական իրաւունքով Հաստատութիւններու հիմնադրման արտօնութեան տրամադրումը,

- Նուիրեալ կեանքի նոր ձեւերու կանոնակարգումը,

- Մեծաւորներու միութիւններու միջազգային համաժողովներու վերահսկողութիւնը,

- Հաստատութիւններու կեանքին, գործունէութեան, գոյքին, առաքելութեան եւ կարգապահութեան վերաբերող հարցերու կառավարումը:

Յատուկ պարտականութիւններն են․

- Կանոնադրութիւններու եւ անոնց փոփոխութիւններու հաստատումը,

- Հաստատութիւններու սովորական եւ արտակարգ կառավարումը,

- Անդամներու կառավարումը՝ նոր անդամներու ընդգրկում, կազմաւորում, տեղափոխում, ազատում եւ կարգապահութեան հարցեր, յատուկ նորմերու եւ հրահանգներու միջոցաւ

- ժամանակաւոր ունեցուածքի եւ անոր կառավարման հետ առնչուող հարցերը՝ առաքելութեան եւ արտակարգ կառավարման միջոցառումներով:

Կառուցուածքը

Նուիրեալ կեանքի Հաստատութիւններու եւ Առաքելական Կեանքի Ընկերութիւններու Վերատեսչութիւնը բաղկացած է 5 գրասենեակներէ․

- Առաջինը կը խթանէ նուիրեալ կեանքի եւ առաքելական կեանքի առանձին հաստատութիւններու կեանքն ու գործունէութիւնը։

- Երկրորդը կը զբաղի վանական կեանքի (ըլլայ այր մարդոց, ըլլայ կիներու) կառավարումով։

- Երրորդը կը զբաղի առաքելական կեանքի կրօնական հաստատութիւններու եւ միութիւններուն հետ առնչուող հարցերով։

- Չորրորդը կը զբաղի բացառիկ կառավարման միջոցառումներով եւ անկանոն իրավիճակներով։

- Հինգերորդը պատասխանատու է նուիրեալ կեանքի նոր ձեւերու եւ հաւատացեալներու միութիւններու հաստատութիւններ հիմնելու արտօնութիւններով եւ հաստատումներով։

Նոր կեանք

Նուիրեալ կեանքը նոր կեանքն է, որ կը նորացուի ամէն օր Քրիստոսի հետ հանդիպումով՝ աղօթքի, եղբայրական բարեգործութեան, աղքատութեան եւ աղքատներուն ծառայելու հաւատարմութեան մէջ։ Մարգարէական տեսլական ունի Եկեղեցւոյ մէջ եւ կը հռչակէ Աստուծոյ սէրը աշխարհի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2025, 17:10