Օրէնսդրական գիրքերու Վերատեսչութիւնը։
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Օրէնսդրական գիրքերուն համար վերատեսչութիւնը եկեղեցւոյ մէջ կը խթանէ ու կը տարածէ Լատին եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան եկեղեցիներուն կանոնական իրաւունքի գիտելիքները ու ընդունումը, ինչպէս նաեւ օգնութիւն կը տրամադրէ անոնց ճիշդ կիրառման համար։ Վերատեսուչը գերապայծառ Ֆիլիփփօ Իաննոնէ անունով կղերական մըն է իսկ քարտուղարը գերպ Խուան Ինիացիօ Առիէթա Օքով Տէ Չինչէթրուն։
Պարտականութիւնները
Օրէնսդրական գիրքերու համար վերատեսչութիւնը իր պարտականութիւնները կը կատարէ Հիմնականին մէջ Պապին գերագոյն օրէնսդրական ծառայութեան մէջ , ինչպէս նշուած է «Praedicate Evangelium» առաքելական կանոնադրութեան մէջ, Վերատեսչուելան պարտականութիւն է ձեւակերպել Եկեղեցւոյ օրէնքներուն իսկական մեկնաբանութիւնը,որ յատուկէն հաստատուած է Պապին կողմէ ուսումնասիրելով Լատին Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան եկեղեցիներուն գործող օրէնսդրութիւնը ու համաձայն գտնուելով եկեղեցական ընթացակարգէն ստացած առաջարկութիւններուն կը քննարկէ իրաւական բացթողումներուն հնարաւոր առկայութիւնը եւ Քահանայապետին կը ներկայացնէ զանոնք յաղթահարելու համապատասխան առաջարկներ։ Այս վերատեսչութիւնը կապ կը հաստատէ եկեղեցական տարբեր մարմիններու հետ, մասնաւորապէս Հռոմի Քուրիայի վերատեսչութիւններուն եւ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերուն հետ՝ օրէնքներուն փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը պարզելու եւ կամ առաջարկութիւնները հաշուի առնելու համար։ Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ նաեւ ճիշդ կանոնական ընթացակարգերուն, որպէսզի եկեղեցական օրէնքը բաւարար կերպով հասկցուի ու կիրարկուի։
Պատմական նշումներ
Օրէնսդրական գիրքերուն համար վերատեսչութիւնը ծնած է 1917 թուականին կանոնական ցանկագրումի շրջանակէն ներս։ Այդ տարին Պենետիկտոս ԺԵ Պապ «Cum iuris» ինքնագիրով մը հիմնեց կանոնական իրաւունքի կանոնագիրքի իսկական մեկնաբանութեան Քահանայապետական յանձնաժողովը։
Ապա 1963ին, Յովհաննէս ԻԳ Պապը հիմնեց կանոնական իրաւունքի կանոնագիրքի վերանայման քահանայապետական յանձնաժողովը, Վատիկանեան Տիեզերական ժողովին փաստաթուղթերուն հիման վրայ պատրաստելու համար Պենետիկտոս ԺԴ-ի կողմէ հրապարակուած կանոնագիրքի բարեփոխումը։
1967ին, Պօղոս Զ քահանայապետը հիմնեց Վատիկանի Տիեզերական Բ ժողովին փաստաթուղթերը մեկնաբանելու համա Քահանայապետական յանձնաժողովը։ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը ապա «Recognito Iuris Canonici Codice» ինքնագիր նամակով, 1984 թուականին յունուարին, հիմնեց եկեղեցական կանոնագիրքի իսկական մեկնաբանութեան համար քահանայապետական յանձնաժողովը։
28 յունիս 1988ին, «Pastor Bonus» առաքելական սահմանադրութեամբ յանձնաժողովը դարձաւ կանոնագիրքի յօդուածներուն համար քահանապապետական խորհուրդ, աւելի լայն եւ մանրամասն իրաւասութեամբ։
«Praedicate Evangelium», առաքելական սահմանադրութեամբ հրապարակուած՝ 5 յունիս 2022ին, կանոնագիրքի յօդուածներուն համար քահանայապետական խորհուրդը կը դառնայ օրէնսդրական գիրքերուն համար վերատեսչութիւնը։
Այս վերատեսչութեան մէջ աշխատաողներուն համար անհրաժեշտ են հմտութիւննե,ր որոնք կը վերաբերին իրաւական ոլորտին։ Կը պահանջուի եկեղեցական իրաւագիտութեան համալսարանական տիտղոս ինչպէս նաեւ ժամանակակից լեզուներուն որոշակի գիտելիքները, Լատիներէն զատ, յատուկէն բաւարարելու համար տարբեր երկիրներէն եկող խորհրդատուական հարցումները։
Ընդհանրապէս Վերատեսչութեան մէջ աշխատող պաշտօնեաները արդեն ունին հասուն փորձառութիւն՝ եկեղեցական կեանքէն ներս, իրենց թեմերուն եւ հաստատութիւններուն մէջ կատարելով ծառայութիւններ, որոնք կ՝ենթադրեն օրէնքի իմացութիւն։
Այդ պաշօնենաներուն կարողութիւններուն կ՝աւելնայ նաեւ յատուկ հայեացք մը որ է «Խթանել եկեղեցական իրաւագիտութեան գիտելիքները, նախ եւ առաջ ընբռնելով, որ եկեղեցական իրաւագիտութիւնը կը տարբերի իրաւական համակարգերէն. Եկեղեցական իրաւագիտութիւնը հիմնուած է բնական օրէնքի եւ Աստուածային օրէնքի վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ