Քրիստոնեաներու միութեան խթանումին Վերատեսչութիւնը։
Վատիկան Նիւուզ - Հայկական բաժանմունք
Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանումի Վերատեսչութեան պարտականութիւնն է Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ համամիութենական հոգիի իսկական աճը, գործօն է բոլոր այն ոլորտներուն մէջ, որոնք կը նպաստեն Քրիստոնեաներու միութեան խթանման՝ եղբայրական յարաբերութիւններու, համագործակցութեան եւ այլ եկեղեցիներու եւ Քրիստոնեաներու հետ Աստուածաբանական երկխօսութիւններուն միջոցաւ։
Վերատեսչութեան վերատեսուչն է Կարդինալ Քուրտ Քոխը, մինչ Քարտուղարը, Արք Ֆլավիօ Փաչէ։ Այլ եկեղեցիներուն եւ եկեղեցական համայնքներու հետ յարաբերութիւնները կառավարուած են երկու բաժանմունքներու կողմէ։ Արեւելեան բաժանմունքը, Բիւզանդական աւանդոյթի ուղղափառ եկեղեցիներուն եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներուն համար, (Քաղդէացի, Ասորի, Հայ, Եւթոպիա եւ Մալանքարէզ եկեղեցիները), ինչպէս նաեւ Արեւելեան Ասորի եկեղեցւոյ համար։ Մինչ Արեւմտեան բաժանմունքը, Արեւմուտքի եկեղեցական հաստատութիւններու եւ տարբեր եկեղեցիներուն համար։
Պատմական նշումներ
1960 թուականին, 5 յունիսին, Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետը ստեղծեց Քրիստոնեաներու միութեան խթանման համար Քարտուղարութիւն, որպէս Տիեզերական Ժողովի նախապատրաստական յանձնաժողներէն մէկը։ Սա հանդիսացաւ Համամիութենական շարժումէն ներս Կաթողիկէ եկեղեցւոյ յանձնառութեան սկիզբը։ Սոյն քարտուղարութիւնը, Վատիկանի Տիեզերական ժողովին համար պատրաստեց եւ ներկայացուց համամիութենականութեան փասաթուղթերը՝ (Unitatis redintegratio), Ոչ քրիստոնեայ կրօններուն մասին (Nostra ætate) փաստաթուղթը, կրօնական ազատութեան նուիրուած (Dignitatis humanae) փաստատուղթը, ինչպէս նեաւ կաթողիկէ վարդապետութեան յանձնաժողովին հետ համագործակցութեամբ, Աստուածային Յայտնութեան նուիրուած (Dei Verbum) փաստաթուղթը։
1966 թուականի վերջաւորութեան, Պօղօս Զ Պապը սոյն քարտուարութիւնը հաստատեց, որպէս Սուրբ Աթոռի կայուն մարմին։ Այդ նոյն տարին, Հաւատքի եւ եկեղեցիներուն համամիութենական խորհուրդի կարգը, ինչպէս նաեւ Քրիստոնեաներու միութեան խթանումի քարտուղարութիւնը որոշեցին առաջին անգամուան համար համատեղ պատրաստել ամէն տարուայ Քրիստոնեաներուն միութեան շաբթուայ աղօթքը։
1988 թուականին, «Pastor Bonus», Aռաքելական սահմանադրութեամբ, Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը, քարտուղարութիւնը վերափոխեց Քրիստոնեաներուն Միութեան խթանումի Քահահայապետական խորհուրդի։ 2022 թուականին, «Praedicate Evangelium» առաքելական սահմանդրութեամբ վերանուանեց Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանումի Վերատեսչութիւն։
Վերատեսչութիւնը կ՝իրականացնէ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովին եւ եւ ժողովէն առաջ Քահանայապետերուն վարդապետութեան ուսուցումները եւ կը զբաղի անոնց ուղիղ մեկնաբանութեամբ՝ համամիութենական գործունէութիւնները զարգացնելու, համակարգելու ու առաջնորդելու համար։ Վերատեսչութիւնը կը նպաստէ ազգային եւ միջազգային գետնի վրայ հանդիպումներուն եւ միջոցառումներու՝ քրիստոնեաներուն միութիւնը խթանելու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ