MAP

2021.02.13 PROGETTO DICASTERI - Congregazione per le Chiese Orientali

Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութիւնը

Ասիկա Հռոմի Քուրիայի այն Վերատեսչութիւնն է, որ Սրբազան Պապին անունով հոգ կը տանի բոլոր Արևելեան Կաթողիկէ եկեղեցիներուն, որոնց տարածքները կը տարածուին Եթովպիայէն մինչև Մերձաւոր Արևելք, Եւրոպայէն մինչև Հնդկաստան, և բոլոր սփիւռքի համայնքներուն, որոնք այս «sui iuris» (իրենց իւրայատուկ իրաւունքով) եկեղեցիներու զաւակներն են, որոնք գաղթի պատճառաւ այսօր տարածուած են աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ։

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժին

Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութիւնը այն վերատեսչութիւնն է որ Սրբազան Պապին անունով հոգ կը տանի Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն, որոնց տարածքները կը տարածուին Եթովպիայէն մինչև Մերձաւոր Արևելք, Եւրոպայէն մինչև Հնդկաստան, և բոլոր սփիւռքի համայնքներուն, որոնք այս «sui iuris» (իրենց իւրայատուկ իրաւունքով) եկեղեցիներու զաւակներն են, որոնք գաղթի պատճառաւ այսօր տարածուած են աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ։

Վերատեսուչթեան այժմու վերատեսուչն է Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին, մինչ քարտուղարն է` Գերպ, Միշել Ժալախը։

Պատմական տուեալներ

1573 թուականին Գրիգոր ԺԳ-ը հիմնեց Congregatio de rebus Graecorum-ը, որուն յանձնուած էր պարտականութիւնը հետևելու բիւզանդական կամ յունական ծէսի կաթողիկէներու կեանքին, ինչպէս նաև հաւատքը տարածելու արևելքի միւս քրիստոնեաներուն։

1862 թուականին Պիոս Թ Քահանայապետը Հաւատքի տարածման Սուրբ ժողովի շրջագիծէն ներս հիմնեց Արևելեան ծէսերու գործերու համար Հաւատքի տարածման ժողովը՝ նմանատիպ առաջադրանքներով: 1917-ին Պենետիկտոս ԺԵ Քահանայապետի Dei providentis ինքնագիր նամակով ստեղծեց Արևելեան Եկեղեցւոյ ի սպաս ժողովը, իսկ 1967 թուականին Սուրբ Պօղոս Զ-ը Regimini Ecclesiae Universae առաքելական սահմանադրութեամբ զայն վերանուանեց Արևելեան Եկեղեցիներու ժողով:

2022 թուականին Ֆրանչիսկոս Պապը, «Praedicate Evangelium» առաքելական սահմանադրութեամբ, կառոյցը վերանուանեց Արևելեան եկեղեցիներու Վերատեսչութիւն։

աստաթուղթեր

Տարբեր վարդապետական փաստաթղթերու շարքին յիշատակի արժանի են

«Orientalium Dignitas» առաքելական նամակը, որով Լևոն ԺԳ-ը 1895 թուականին ձգտեցաւ պաշտպանել համայն Եկեղեցւոյ համար արևելեան աւանդոյթներու նշանակութիւնը, ընդգծելով Սուրբ Աթոռին ցանկութիւնը՝ պաշտպանելու անոնց առանձնայատկութիւնը: 1964 թուականին Սուրբ Պօղոս Զ-ը հրապարակեց Վատիկանեան Երկրորդ ժողովի որոշումը Արևելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու վերաբերեալ՝ «Orientalium Ecclesiarum» տիտղոսով: 1990 թուականին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը հրապարակեց Արևելեան եկեղեցիներու կանոններու օրէնսգիրքը, իսկ հինգ տարի ետք՝ «Orientalium Dignitas»-ի հարիւրամեակի առթիւ, հրատարակեց «Orientale Lumen» առաքելական նամակը:

Վերատեսչութեան իրաւասութիւնները

Ըստ Praedicate Evangelium առաքելական սահմանադրութեան Վերաեսչութիւնը կը զբաղի Արևելեան «ինքնիրաւ» Կաթողիկէ Եկեղեցիներու վերաբերող հարցերով:

Ան իրաւասու է Արևելեան Եկեղեցիները բնորոշ բոլոր հարցերու համար, որոնք կը գտնուին Սուրբ Աթոռի իրաւասութեան ներքոյ, ինչպիսիք են՝ Եկեղեցիներու կառուցուածքը և կարգը, ուսուցման, սրբացման և կառավարման գործառոյթներու իրականացումը, ինչպէս նաև անձինք, անոնց կարգավիճակը, իրաւունքներն ու պարտականութիւնները: Հետևաբար, ան կ՛ իրականացնէ թեմերու, եպիսկոպոսներու, հոգևորականութեան, կրօնական և արևելեան ծէսի հաւատացեալներու նկատմամբ այն լիազօրութիւնները, որոնք Աստուածային պաշտամունքի և Խորհուրդներու մատակարարումի, եպիսկոպոսներու, հոգևորականութեան, Նուիրեալ Կեանքի հաստատութիւններու և առաքելական կեանքի ընկերութիւններու, ինչպէս նաև կաթողիկէ կրթութեան Վերատեսչութիւններու համապատասխանաբար վերապահուած իրաւասութիւններ են, որոշակի բացառութիւններով:

Վերատեսչութիւնը ուշադրութեամբ կը հետևի Լատին Եկեղեցւոյ տարածքային սահմաններուն մէջ ապրող արևելեան հաւատացեալներու համայնքներուն, որոնք յայտնի են որպէս «սփիւռք»։ Ան հոգ կը տանի անոնց հոգևոր կարիքներուն` այցելուներու կամ սեփական Կարգապետութեան մը միջոցաւ, ուր հաւատացեալներու թիւը և հանգամանքները այդ մէկը կը պահանջեն։

Վերատեսչութիւնը տարածքային իրաւասութիւն ունի նաև Պուլկարիայի, Կիպրոսի, Եգիպտոսի, Յորդանանի, Յունաստանի, Իրաքի, Իրանի, Իսրայէլի, Լիբանանի, Պաղեստինի, Սուրիայի և Թուրքիայի լատին հաւատացեալներու վրայ։

Յանձնախումբեր

Վերատեսչութեան մէջ կը գործեն տարբեր յատուկ յանձնախումբեր` Ծիսականը, Քրիստոնեան Արեւելքի Ուսումնասիրութեան յատուկ յանձնախումբը, Կղերի եւ Հոգեւորականներու Կազմաւորման յանձնախումբը, ապա «ROACO»ն, որ Արեւելեան Եկեղեցիներու ի սպաս օգնութիւն մատուցող կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու միութիւն մըն է, որուն նախագահն է Վերատեսչութեան Վերատեսուչը ու Փոխ Նախագահը` Քարտուղարը։

Վեարտսեչութիւնը ունի նաեւ Սուրբ Երկրի նկատմամբ սիրոյ և եկեղեցական համատեղ պատասխանատուութեան խթանման պարտականութիւնը, և այդ նպատակով է որ ամէն տարի շրջաբերական նամակ կ՛ ուղարկէ բոլոր եպիսկոպոսներուն՝ Սուրբ Երկրի համար դրամահաւաքի նախապատրաստման նպատակով, որպէսզի հաւատացեալներուն մէջ խթանուի իրազեկութիւնը Յիսուսի երկրին մէջ առկայ կաթողիկէ համայնքներուն և կազմակերպութիւններուն հոգևոր և նիւթական օգնութեան վերաբերեալ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2025, 16:34