MAP

2021.06.14 Dicastero Laici Famiglia Vita

Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութիւնը

Վատիկանեան այս հաստատութիւնը պատասխանատու է՝ աշխարհականներու կեանքի ու առաքելութեան արժեւորման, երիտասարդներու հովուական խնամքի, ընտանիքի եւ անոր առաքելութեան՝ համաձայն Աստուծոյ ծրագրի, տարեցներու, ինչպէս նաեւ կեանքի պաշտպանութեան ու աջակցութեան համար։

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութիւնը «իրաւասու է Առաքելական Աթոռին առնչուող հարցերու մէջ՝ աշխարհականներու կեանքի եւ առաքելութեան արժեւորման, երիտասարդներու հովուական խնամքի, ընտանիքի եւ անոր առաքելութեան՝ համաձայն Աստուծոյ ծրագրի, տարեցներու, ինչպէս նաեւ մարդկային կեանքի եւ պաշտպանութեան եւ աջակցութեան համար» ( Կանոնադրութիւն 10 Ապրիլ 2018, Յօդուած 1)։

Վերատեսուչն է Կարդինալ Քեվին ժոզէֆ Ֆարրելը, Քարտուղարները Եպիսկոպոս Տարիօ Ճերվազին եւ  Կլեյսոն Տէ Փաուլա Սոուզան։

Պատմական նշումներ

Հիմնադրուած Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ՝ 15 Օգոստոսի 2016 թուականին «Sedula Mater» ինքնագիր նամակով, Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութիւնը  կը միաւորէ նախկին երկու Քահանայապետական Խորհուրդներու՝ Աշխարհականներու եւ Ընտանիքի Քահանայապետական Խորհուրդներու պարտականութիւնները, գործառոյթները եւ փորձը։

Առաջինը ստեղծած է Սուրբ Պօղոս Զ․ Պապը 1967 թուականին «Catholicam Christi Ecclesiam» ինքնագիր նամակով՝ այդպիսով կեանքի կոչելով  Վատիկանի Տիեզերական Բ Ժողովի « Apostolicam Actuositatem» հրամանագրի առաջարկը: 1985 թուականէն ի վեր՝ իր «երիտասարդական բաժանմունքով», Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ի ցանկութեամբ, կը զբաղի Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերու կազմակերպումով։ 1988ի Յունիսին անոր պարտականութիւններն ու կառուցուածքը սահմանուած էին Հռոմէական Քուրիայի «Pastor Bonus – Բարի Հովիւ» առաքելական սահմանադրութեան մէջ:

Իսկ երկրորդը, Ընտանիքի Քահանայապետական Խորհուրդը, հիմնադրած է Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Պապը 1981 թուականին՝ «Familia a Deo Instituta» ինքնագիր նամակով՝ փոխարինելով 1973 թուականին Պօղոս Զ․ի կողմէ ստեղծած Ընտանիքի կոմիտէին։ 1994 թուականէն Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդը պատասխանատու եղած է Ընտանիքներու համաշխարհային հանդիպումներու կազմակերպման համար՝ առաջինը կայացած է Հռոմի մէջ։

Վերատեսչութեան գործառոյթները այսօր

Իրաւասութիւններ, որոնք կը շարունակեն արդիական ըլլալ նաեւ Աշխարհականներու, ընտանիքի եւ կեանքի նոր Վերատեսչութենէ ներս՝ համաձայն «Praedicate Evangelium» Առաքելական Սահմանադրութեան՝ հաստատուած Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ 19 մարտի 2022 թուականին, ըստ որուն Վերատեսչութիւնը այսօր ի միջի այլոց նաեւ․

-          Պատասխանատու է աշխարհականներու առաքելութեան բարձրացման, երիտասարդներու հովուական խնամքի, տարեցներու, ընտանիքի, ինչպէս նաեւ կեանքի խթանման եւ պաշտպանութեան համար:

-          Կը խթանէ բոլոր աշխարհականներու կոչումն ու առաքելութիւնը՝ ըլլայ որպէս անհատներ, ըլլայ որպէս միաւորումներու, շարժումներու եւ համայնքներու անդամներ՝ քաղաքացիական եւ եկեղեցական բոլոր ոլորտներէն ներս,

-           Կը խրախուսէ երիտասարդներու աշխոյժ մասնակցութիւնը համաշխարհային մարտահրաւէրներու առջեւ,

-          Կը նպաստէ Եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան մէջ կանանց եւ տղամարդկանց ինքնութեան եւ առաքելութեան վերաբերեալ եկեղեցական խորհրդածութիւններուն` խթանելով անոնց մասնակցութիւնը, գնահատելով կանանց եւ տղամարդկանց առանձնայատկութիւնները,

-          Կ’ուսումնասիրէ աշխարհականներու եւ հոգեւորականներու միջեւ մկրտութեան ուժով համագործակցութեան հետ կապուած հարցեր՝ խթանելու Եկեղեցու կեանքի եւ առաքելութեան նկատմամբ անոնց համատեղ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը,

-          Կը գնահատէ եւ կը հաստատէ եպիսկոպոսական համաժողովներու առաջարկները՝ աշխարհականներուն վստահուած նոր ծառայութիւններ եւ եկեղեցական պաշտօններու վերաբերեալ՝ ըստ համապատասխան եկեղեցիներու կարիքներու,

-          Կը համակարգէ աշխարհական միաւորումներու եւ շարժումներու ղեկավարումը, ինչպէս նաեւ ստեղծումը։ Եթէ միջազգային են, կ’ապահովէ համապատասխան կանոնադրութիւններու հաստատումը կամ ճանաչումը։

-          Կը խթանէ ամուսնութեան եւ ընտանիքի հովուական խնամքը՝ հիմնուելով Եկեղեցու Վարդապետական ուսմունքի վրայ՝ աշխատելով ապահովել ամուսիններու եւ ընտանիքներու իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու ճանաչումը Եկեղեցւոյ, հասարակութեան, տնտեսութեան եւ քաղաքականութեան մէջ,

-          Կը խթանէ միջազգային հանդիպումներն ու միջոցառումները։ Աւետարանական եւ Մշակոյթի ու Կրթութեան Վերատեսչութիւններու հետ համակարգուած՝ կ’աջակցէ ընտանիքներու մէջ հաւատքը փոխանցելու ձեւաչափերու մշակմանը եւ տարածմանը, ինչպէս նաեւ կը խրախուսէ ծնողներուն ապրիլ հաւատքի առարկայական կեանքով,

-          Մասնագէտներու աջակցութեամբ կ’ուսումնասիրէ ամուսնական եւ ընտանեկան ճգնաժամերու պատճառները, կ’առաջարկէ հովուական խնամքի ձեւաչափեր ամուսնալուծուած եւ քաղաքացիական կարգով վեր ամուսնացած անձանց, ինչպէս նաեւ որոշ մշակոյթներէն ներս բազմակնութեան իրավիճակներու մէջ ապրող անձանց համար։

Քալել միասին՝ յանուն աւետարանացումի

Վերատեսչութեան կողմէ 2023ին կազմակերպուած համաժողովի ընթացքին այս բառերը արտասանելով, Ֆրանչիսկոս Պապը նշած էր թէ՝ իր ցանկութիւնն է, որ․ «բոլորս մեր սրտերու եւ մտքերու մէջ ունենանք Եկեղեցւոյ այս գեղեցիկ տեսլականը․ միաւորուած ուժերով առաքելութեան ձգտող Եկեղեցի՝ յանուն աւետարանացումի, Եկեղեցի, որտեղ մեզ կը կապէ մկրտուած քրիստոնեայ ըլլալը, Յիսուսին պատկանիլը. Եկեղեցի, որտեղ աշխարհականները եւ հովիւները կը զգան իսկական եղբայրութիւն՝ աշխատելով ամեն օր կողք կողքի հովուական խնամքի ցանկացած ոլորտէն ներս, քանի որ բոլորը մկրտուած են»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2025, 17:00