MAP

2025.06.20 Dicastero Dialogo Interreligioso

Միջկրօնական Երկխօսութեան Վերատեսչութիւնը

Այս Վերատեսչութիւնը պատասխանատու է կաթողիկէներու եւ ոչ քրիստոնէական կրօնական աւանդոյթներու՝ բացառութեամբ հրէականութեան, հետեւորդներու միջեւ յարգանքի, փոխըմբռնման եւ համագործակցութեան խթանման : Վատիկանի Տիեզերական Բ․ Ժողովի երկխօսութեան չափանիշներով իրականացուած՝ մարդկային եղբայրութեան վերաբերեալ հիմնարար գլուխը ընդունուած է 2019 թուականին:

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Միջկրօնական երկխօսութեան Վերատեսչութեան խնդիրն է խթանել կաթողիկէներու եւ այլ ոչ քրիստոնէական կրօնական աւանդոյթներու հետեւորդներու միջեւ յարգանքը, փոխըմբռնումը եւ համագործակցութիւնը, բացառութեամբ հրէականութեան, որուն համար պատասխանատու է Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանումի Վերատեսչութիւնը: Պատմութիւն, որ սկսած է 60 տարիներ առաջ Վատիկանի Տիեզերական Բ․ Ժողովի կողմէ եւ՝ Ֆրանչիսկոս Պապի ղեկավարութեամբ, հասած է մարդկային եղբայրութեան հանգրուանին Ապու Տապիի մէջ 4 Փետրուար 2019 թուականին ստորագրուած պատմական Փաստաթուղթի հետ:

21 Յունուար 2025 թուականէն Վերատեսչութիւնը կը ղեկավարէ Կարդինալ Ժորժ Ժաքոպ Քովաքատը: Քարտուղարն է՝ Գերապայծառ Ինտունիլ Քոտիթուվաքու Ժանաքարաթնէ Քանքանամալակէ։

Պատմական նշումներ

Հաստատութիւնը՝ «Ոչ Քրիստոնեաներու Քարտուղարութիւն» իր նախնական անունով, հիմնուած է Պօղոս Զ․ Պապի կողմէ 19 Մայիս 1964 թուականին՝ «Progrediente Concilio» Պապական Կոնդակով եւ աւելի ուշ՝ 1965-ին Վատիկանի Տիեզերական Բ․ Ժողովի աւարտին, «Nostra aetate» Հռչակագիրով։

1974 թուականին Վերատեսչութեան ծիրէն ներս ստեղծուեցաւ Մահմետականներու հետ կրօնական յարաբերութիւններու Յանձնախումբ։ 1988ին Յովհաննէս Պօղոս Բ.-․ի օրօք ընդունուած «Pastor Bonus» Առաքելական Սահմանադրութեամբ «Քարտուղարութիւնը» ստացաւ «Միջկրօնական Երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդ» անուանումը։ Իսկ արդեն 19 Մարտ 2022 թուականին «Praedicate Evangelium» առաքելական սահմանադրութեամբ այն վերանուանուեցաւ «Միջկրօնական Երկխօսութեան Վերատեսչութիւն»։

Իրաւասութիւնները

Վերատեսչութիւնը, ինչպէս կը նշուի «Praedicate Evangelium» Սահմանադրութեան մէջ, կը ջանայ ապահովել այլ կրօններու հետեւորդներու հետ պատշաճ երկխօսութիւնը՝ դրսեւորելով լսելու, գնահատելու եւ յարգելու վերաբերմունք: Եւ բոլորը միասին կը խթանեն խաղաղութիւնը, ազատութիւնը, ընկերային արդարութիւնը, արարչագործութեան պահպանումը ու պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ հոգեւոր եւ բարոյական արժէքները:

Վերատեսչութիւնը ի միջի այլոց․

- Կը ծառայէ Եկեղեցւոյ երկխօսութեան իր լայնածաւալ առաքելութեան մէջ՝ համագործակցելով տեղական եկեղեցիներու եպիսկոպոսներու հետ, մասնաւորապէս՝ միջկրօնական երկխօսութեան եպիսկոպոսական յանձնաժողովներու միջոցաւ,

- Կը խթանէ քրիստոնեաներու միջեւ երկխօսութիւնը՝ այլ կրօններու հետեւորդներու հետ յարաբերութիւններու առումով,

- Կը պահպանէ մշտական կապ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհրդի միջկրօնական երկխօսութեան գրասենեակի հետ եւ կը համագործակցի անոր հետ հետազօտութիւններու եւ երկխօսութեան խթանման նախաձեռնութիւններէն ներս,

- Կ’աջակցի այլ կրօնական աւանդոյթները ներկայացնող տարբեր խումբերու հետ երկխօսութեան եւ եղբայրութեան ոգին խթանող յարաբերութիւններուն եւ միջոցառումներուն,

- Կը խրախուսէ կրօններու ուսումնասիրութիւնը քրիստոնեաներու շրջանին եւ կը հրաւիրում է այլ կրօններու հետեւորդներուն խորացնել քրիստոնէութեան ուսումնասիրութիւնը:

- Կը խթանէ երկխօսութեան մէջ ներգրաւուած անձերու ձեւաւորումը՝ ըլլայ մտաւոր մակարդակի վրայ, ըլլայ առօրեայ կեանքի մէջ:

Վերատեսչութիւնը իր գործունէութեան ծիրէն ներս բարեմաղթանքներ կը յղէ տարբեր կրօնական աւանդոյթներուն, ինչպէս օրինակ մահմետականներուն Ռամատանի առթիւ, պուտտիսթներուն՝ «Վեսախ» կամ «Համանացուրի» տօնի առթիւ, Ինտուներու ամենագլխաւոր տօնի՝ Տիփավալիի փառատօնի առթիւ, եւ այլ։

Քահանայապետերու ներդրումը միջկրօնական երկխօսութեան ծիրէն ներս

Միջկրօնական երկխօսութիւնը մշտապէս խթանուած եղած է Քահանայապետերու կողմէ։ Օրինակ, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Պապի ցանկութեամբ, Ասսիզիի մէջ 1986 թուականին տեղի ունեցաւ Խաղաղութեան աղօթքի օրը՝ քրիստոնէական համայնքներու 50 եւ այլ կրօններու 60 ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Իսկ 2011 թուականին՝ այդ կարեւոր իրադարձութեան 25 ամեակին առթիւ, կրկին Ասսիզիի մէջ, կայացաւ երկրորդ հանդիպումը՝ այս անգամ Պենետիկտոս ԺԶ․ Պապի նախաձեռնութեամբ, որուն մասնակցեցան տարբեր կրօններու շուրջ 180 ներկայացուցիչներ:

Առաքելութիւնը Եկեղեցւոյ առաջնահերթութիւններէն մին դարձաւ ի մասնաւորի Ֆրանչիսկոս Պապի օրօք։ Այդ մէկը կը վկայեն «մարդկային եղբայրութեան» դրօշի ներքոյ իրականացուած միջազգային ուղեւորութիւնները՝ Ապու Տապիէն (2019ի Փետրուարէն) մինչեւ Իրաք (2021), որ շարունակուեցաւ մինչեւ Անոր վերջին եւ ամէնէ երկար ուղեւորութիւնը դէպի Ասիա եւ Ովկիանիա՝ (2024ի Սեպտեմբեր), որուն ընթացքին, ի թիւս այլ ձեռնարկներու, Ան օրհնեց «Բարեկամութեան ներքնուղին», որ Ինտոնեզիոյ մայրաքաղաք Ճաքարթայի մէջ կը միացնէ մզկիթը եւ կաթողիկէ մայր տաճարը։

Յիշատակի արժանի են Ֆրանչիսկոս Պապի՝ Ապու Տապիի մէջ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ ալ Թայեպին հետ ստորագրուած, «Մարդկային եղբայրութեան» նուիրուած փաստաթուղթը, եւ 2020 թուականին «Fratelli Tutti» Շրջաբերականը, որոնք վերջին տասնամեակներու ընթացքին ձեւաւորուած հանդիպման մշակոյթի մաս կը կազմեն։

«Nostra Aetate» հիմնադրամ

«Nostra Aetate» Հիմնադրամը ֆինանսապէս ինքնուրոյն եւ ինքնաֆինանսաւորուող հաստատութիւն է եւ ստեղծուած է 1990 թուականին։ Անոր գրասենեակը կը գտնուի նոյն՝ Միջկրօնական Երկխօսութեան Վերատեսչութեան մօտ։ Հիմնադրամը կրթաթոշակներ կը տրամադրէ երկխօսութեան մէջ ներգրաւուած այլ կրօններու երիտասարդներուն, որոնք արտասահման կ’ապրին եւ կ’ուզեն խորացնել իրենց քրիստոնէական գիտելիքները Հռոմի Քահանայապետական ակադեմիական հաստատութիւններուն մէջ։ Ուսումն աւարտելէն ետքը այս երիտասարդները՝ քրիստոնէական հաւատքի աւելի խոր ըմբռնում ձեռք բերելով, կը վերադառնան ծագման երկիրներ՝ կրկին ներգրաւուելու միջկրօնական երկխօսութեան գործունէութեան մէջ։ Հիմնադրամը նաեւ դրամաշնորհներ կը տրամադրէ ի աջակցութիւն միջկրօնական երկխօսութեան խթանմանն ուղղուած տեղական նախաձեռնութիւններուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2025, 17:01