MAP

Սուրբ Խորան, մատուռ Սուրբ Խորան, մատուռ 

Աստուածային պաշտամունքի եւ Սուրբ Խորհուրդներու մատակարարման Վերատեսչութիւնը։

2022 թուականին, Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հրապարակուած «La Predicate Evangelium» փաստաթուղթին մէջ նշուած է իւրաքանչիւր վերատեսչութեան առաքելութիւնն ու պարտականութիւնները

Վատիկան Նիուզ - հայկական բաժանմունք

Աստուածային Պաշտամունքի եւ Սուրբ Խորհուրդներու մատակարարման վերատեսչութիւնը կը խթանէ Սուրբ ծէսը, Վատիկանի Տիեզերական Բ ժողովի կողմէ նախաձեռնուած վերանորոգումի լոյսին տակ։ Անոր իրաւասութեան ոլորտներ են Առաքելական աթոռին օրէնքով վերապահուած բոլոր հարցերը, որոնք կը վերաբերին Սուրբ Ծէսի կարգաւորման եւ խթանման ինչպէս նաեւ հսկողութեան, որպէսզի եկեղեցւոյ օրէնքները եւ ծիսական կանոնները հաւատարմօրէն պահպանուին ամենուրեք։

Վերատեսչութեան պարտականութիւնն է ապահովել ծիսական գիրքերու բնորոշ հրատարակութիւններուն մշակումը, կամ վերանայումը։

Վերատեսչութիւնը կը հաստատէ ծիսական գիրքերու թարգմանութիւնները ժամանակակից լեզուներով եւ կը հաստատէ անոնց համապատասխան յարմարեցումները տեղական մշակոյթներուն, որոնք օրինականօրէն հաստատուած են եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու կողմէ։
Վերատեսչութիւնը կը հաստատէ նաեւ համապատասխան իրաւասու մարմնի կողէ հաստատուած որոշակի եկեղեցիներու, նուիրեալ կեանքի հաստատութիւններուն եւ առաքելական կեանքի ընկերութիւններուն ծիսական օրացոյցները, պատարագներն ու ժամերգութեան ժամերը։
Վերատեսչութիւնը կ՝օգնէ թեմական եպիսկոպոսներուն եւ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերուն՝ արդիւնաւէտ եւ համապատասխան միջոցներով խթանելու ծիսական հովուական ծառայութիւնը, մասնաւորէս այն ինչ որ կը վերաբերի Սուրբ Հաղորդութեան եւ Սուրբ խորհուրդներուն եւ ծիսական արարողութիւններուն, որպէսզի հաւատացեալները գործօն կերպով մասնակցին արարողութիւններուն։

Վերատեսչութիւնը կը խթանէ եւ կը ոգեւորէ Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային տօնակատարութիւնները եւ իր համագործակցութիւնը կը շնորհէ Ազգային Սուրբ հաղորդութեան համաժողովներուն տօնակատարութեան գործին մէջ։ Վերատեսչութիւնը կը զբաղի ծիսական կեանքի վերաբերող ոլորտներով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2025, 16:00