MAP

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@Vatican Media)

Հաղորդակցութեան վերատեսչութիւնը

Հաղորդակցութեան վերատեսչութիւն է, որ կը զբաղի Սուրբ Աթոռի ողջ հաղորդակցութեան համակարգով, որպէսզի Ան համահունչ կերպով արձագանգէ եկեղեցւոյ աւետարանական առաքելութեան կարիքներուն, թուային լրատուամիջոցներով յատկանշուած շրջանակէ ներս։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Հաղորդակցութեան Վերատեսչութիւնը հիմնադրուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ, 2015 թուականին յունիս 26ին, ինքնագիր նամակով մը, «հաղորդակցութեան քարտուղարութիւն անուան տակ։ Վերատեսչութեան յանձնարարուած է Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան ողջ համակարգի վերակազմակերպումը ու աստիճանաբար ներգրաւուած են հաղորդակցութեամբ զբաղող բոլոր իրականութիւնները, որոնց շարքին են. Ընկերային հաղորդակցութիւններուն Քահանայապետական խորհուրդը, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, Վատիկանի տպագրատունը, լուսանկարչական ծառայութիւնը, Վատիկանի հրատարակչութիւնը, «Օսէրվաթորէ Ռոմանօ» օրաթերթը, Ռատիօ Վատիկանը, Վատիկանի հեռուստակայանի կեդրոնը, Վատիկանի համացանցային ծառայութիւնը։

Հաղորդակցութեան վերատեսչութեան նպատակն է միացնել անցեալին անջատուած ինը իրականութիւններ, որոնցմէ իւրաքանչիւր ունի իր սեփական պատմութիւններն ու աւանդութիւնները, մէկ խմբագրական եւ վարչական համակարգերու մէջ, որ կառավարուած է Հռոմի Քուրիայի անբաժանելի մաս կազմող Վերատեսչութեան կողմէ։

Վերատեսչութիւն մը, որ կանչուած է «կամուրջներ կառուցելու» երբ այնքան շատեր պատեր կը կառուցեն՝ գաղափարախօսութիւններու պատեր, կանչուած է հաղորդութիւն խթանելու, երբ այնքան շատ պառակտում կը հրահրեն, կանչուած է ինքզինք թոյլ տալու ներգաւելու մեր ժամանակուան ողբերգութիւններուն մէջ, երբ շատեր անտարբերութիւն կը նախընտրեն», այս բառերով Ֆրանչիսկոս Պապը յիշած է Հաղորդակցութեան վերատեսչութեան առաքելութիւնը, Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան անդամներուն հետ ունեցած իր վերջին հանդիպումին ընթացքին, մինչ Լեւոն ԺԴ. Պապը, Քահանայապետ ընտրուելէ ետք հաղորդակցութեան աշխատաւորներուն հետ ունեցած իր առաջին հանդիպումի ընթացքին հրաւիրեց հաղորդակցութեան աշխտաւորները յառաջ տանելու հաղորդակցութեան տարբեր ձեւ մը, որ չփնտռեր ամէն գնով բոլորին համաձայնութիւնը, որ չծածկուիր յարձակողական խօսքերու մէջ, որ չընդունիր մրցակցութեան տիպարը, որ երբեք չբաժներ ճշմարտութեան որոնումը սէրէն, որուն հետ պէտք է խոնարհաբար փնտռենք զայն։ Այս սկզբունքներու վրայ է որ Հաղորդակցութեան վերատեսչութիւնը կը գործէ, որուն վերատեսուչն է Փաուլօ Ռուֆֆինի ու քարտուղարը՝ գերպ Լուչիօ Ռուիզ։

Պատմական նշումներ

Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան ամենէն հին իրականութիւններէն մին էր Վատիկանի Տպագրատունը, որ հիմնուած է Սիսթօ Պապին կողմէ, 27 ապրիլ 1587ին։ Մինչ «Օսսերվաթոռէ Ռօմանօ» օրաթերթը՝ Իտալերէն լեզուով առաջին անգամ տպագրուած է 1861ին։ Վատիկանի տպագրատունը եւ հրատարակչատունը ստեղծուած են 1926ին։ Վատիկանի Ռատիօ կայանի բացումը կատարուած է Պիոս ԺԱ կողմէ, 1931 թուականին փետրուար 12ին, որպէս Վատիկան քաղաք-պետութեան հաղորդումի կայան։ 1939 թուականին ստեղծուած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, որ պատասխանատու էր Պապին եւ Առաքելական Աթոռի տարբեր գործունէութեան վերաբերող բոլոր նորութիւններու եւ պաշտօնական հաղորդակցութիւններուն տարածումին համար։

«Praedicate Evangelium» առաքելական սահմանադրութեան համաձայն, Հաղորդակցութեան վերատեսչութիւնը կը համակարգէ եւ կը միացնէ Սուրբ Աթոռի ողջ հաղորդակցութեան համակարգը՝ արդիւնաւէտօրէն արձագանքելու համար Եկեղեցւոյ Աւետարանական առաքելութեան՝ թուային լրատուամիջոցներուն շրջանակէն ներս։ Ան կ՝օգտագործէ արտադրական օրինակներ, արհեստավարժական նորարարութիւններ եւ հաղորդակցութեան նոր ձեւեր զարգացնելով նաեւ աստուածաբանական եւ հովուական ծառայութեան երեւոյթներ, խթանելով նաեւ կրթութիւնը՝ կանխելու համար, որ հաղորդակցութիւնը դիտուի միայն որպէս արուեստ։ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութիւնը կը բարձրացնէ հաւատացեալներուն իրազեկութիւնը հաղորդակցութեան գործիքներուն կարեւորութեան մասին՝ հովուական առաքելութեան եւ քաղաքակրթութեան ծառայութեան մէջ, յատկապէս ընկերային հաղորդակցութիւններուն համաշխարհային օրուան կապակցութեամբ։

Վատիկան քաղաք-պետութեան ցանցային ենթակառոյցներու աջակցութեամբ Հաղորդակցութեան վերատեսչութիւնը կը  համագործակցի Պետական քարտուղարութեան եւ Հռոմի Քուրիայի ինչպէս նաեւ այլ հաստատութիւններուն հետ՝ արդիւնաւէտ հաղորդակցութեան գործունէութիւն ապահովուելու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2025, 16:55