MAP

2021.05.31 Congregazione Cause dei Santi, gli archivi che custodiscono la documentazione 1

Սուրբերու Դատի Վերատեսչութիւնը

Ան պարտականութիւնն ունի Աստուծոյ ծառաներու երանացման եւ սրբադասման գործընթացին հետևելու, օգնելով ու թիկունք կանգնելով այն թեմերու եպիսկոպոսներուն որոնց կը պատկանին թեկնածուները։ Այնուհետև Վերատեսչութեան Վերատեսուչը Քահանայապետին կը ներկայացնէ դատերու հաստատման հրամանագրերը, որպէսզի Ան կարողանայ նշել բոլոր հաւատացեալներու կողմից մեծարման ենթակայ թեկնածուին:

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Ասիկա Վատիկանի այն վերատեսչութիւնն է, որ պատասխանատու է խորաններու պատուոյն արժանանալիք թեկնածուներու կեանքը քննելու. անոնց բնութագրերուն մէջ փնտռելով Աւետարանի յատկանիշները, որպէսզի իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կարողանայ զանոնք համարել հաւատալի և, ամենակարևորը, անկրկնելի վկաներ: Սուրբի մը հռչակման ետին կայ մանրակրկիտ միասնական նուիրուածութիւն, որ երբեմն կը տևէ տասնամեակներ: Սրբերի Դատի վերատեսչութեան ներկայ ղեկավարն է կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն է, իսկ քարտուղարը՝ արքեպիսկոպոս Ֆապիօ Ֆապենէն:

Պատմական տուեալներ

1969 թուականին Սուրբ Պօղոս Զ-ը, Sacra Rituum Congregatio առաքելական սահմանադրութեամբ, ստեղծեց Աստուածային պաշտամունքի և Սուրբերու գործերու ժողովները՝ անոնց միջեւ կիսելով Սուրբ Ծիսակատարութիւններու ժողովի առաջադրանքները: Նոյն սահմանադրութեամբ նոր ժողովի կառուցուածքը բաժանուեցաւ երեք գրասենեակի՝ դատականը, Հաւատքի գլխաւոր խթանողինը և պատմա-հոգեբանականը:

1983 թուականի Divinus perfectionis Magister առաքելական սահմանադրութեամբ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս բ-ը նախատեսեց սրբադասման գործերու ընթացակարգի խոր բարեփոխում և ժողովի վերակառուցում, որ, ի թիւս այլ բաներու, ունեցաւ իր Զեկուցողներու Դասը, որուն պարտականութիւնն է վերահսկել Աստուծոյ ծառաներու Positiones super Martyrio կամ super Vita, Virtutibus et Fama Sanctitatis-ի նախապատրաստումին:

Հետագային, 1988 թուականի Pastor Bonus առաքելական սահմանադրութեամբ, ժողովը փոխեց իր անունը՝ դառնալով Սուրբերի Դատերու ժողով: 2022 թուականին, Առաքելական սահամանադրութիւն՝ Praedicate Evangelium-ի միջոցաւ, Ֆրանչիսկոս Պապը զայն վերանուանեց Սուրբերի Դատերու Վերատեսչութիւն: 2025 թուականի Յոբելեանի առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը Վերատեսչութեան ծիրէն ներս ստեղծեց «Նոր նահատակներու՝ հաւատքի վկաներու յանձնաժողով»ը՝ որպէսզի կազմուի ցանկ մը որուն մէջ ներառուին բոլոր անոնք, որոնց շարքին նաեւ այլ քրիստոնէական դաւանանքներու ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց արիւնը թափեցին Քրիստոսը խոստովանելու և Անոր Աւետարանը վկայելու համար:

Պարտականութիւններ

Վերատեսչութեան պարտականութիւնն է Աստուծոյ ծառաներու երանացման եւ սրբադասման գործընթացին հետևիլ, օգնելով ու թիկունք կանգնելով այն թեմերու եպիսկոպոսներուն որոնց կը պատկանին թեկնածուները։

Հազիւ դատը սկսած թեկնածուն կը կոչուի Աստուծոյ Ծառայ (կամ Աղախին), որուն համար հարկաւոր է` «սրբութեան համբաւ» ի ապացոյցը։

Սակայն Դատական դատի տևողութիւնը կախուած է բազմաթիւ գործօններէն՝ ինչպէս օրինակ թեմական փուլի ժամանակ լսուելիք վկաներու և մասնագէտներու թիւէն, «Դիրքորոշումներու» կազմման համար անհրաժեշտ ժամանակը և աստուածաբանական ու պատմական խորհրդատուներու կողմէ ուսումնասիրութիւնը։ Կան ապա բժիշկներու ժամանակը երբ անոնք պէտք է քննարկեն ապաքինման հրաշք մը…

Եթէ բոլոր քայլերը դրական ըլլան, դատը կը տեղափոխուի Վերատեսչութեան անդամներուն մօտ՝ կարդինալներու և եպիսկոպոսներու հերթական նիստին։

Վերջնական որոշումը կը մնայ Քահանայապետին, որուն Վերատեսուչին կողմէ կը ներկայացուին ծրարները զոր Ան կը վաւերացնէ։

Սուրբերու դատերու ժողովի ստեղծումէն ի վեր 56 տարուայ հոգևոր և հովուական գործունէութեան ընթացքին, մինչև 2020 թուականը, տեղի ունեցան 3003 Երանացում և 1479 սրբադասում։ Ամէն տարի, ամսական երկու հերթական նիստերով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը քննարկէ երեքէն չորս գործ, եզրակացութեան հասած գործերու թիւը կը կազմէ 70-էն 80։

Դէպի Սրբադասում տանող ճանապարհի հանգրուանները

Սրբադասման դատը ունի հինգ հանգրուաններ եւ սրբակեաց անձի մը դատը սկսելու համար պէտք է նախ եւ առաջ առնուազն հինգ տարի անցած ըլլայ անոր մահէն եւ հարկ է, որ ան իր կենդանութեան ընթացքին վայելած ըլլայ սրբութեան համբաւը կամ եղած է նահատակ եւ իր կեանքը զոհած հաւատքին համար։

Սրբութեան Համբաւ

Երանացման դատը սկսելու համար պէտք է, որ թեկնածուն ունենայ «սրբութեան համբաւ» եւ մարդիկ` որոնք ճանչցան անձը պէտք է վկայեն անոր մասին, անոր օրինակելի կեանքի, դրական ազդեցութեան, առաքելութեան պտղաբերութեան ու կերտիչ մահուան մասին։

Թեմական փուլը

Թեկնածուն որպէսզի սրբադասուի պէտք է նախ հռչակուի Աստուծոյ ծառայ, կամ աղախին, ապա երանաշնորհ, հուսկ Երանելի եւ ի վերջոյ Սուրբ։

Աստուծոյ ծառայ կ՛անուանուի այն կաթողիկէ հաւատացեալը, որուն երանացման եւ սրբադասման դատը սկիզբ առած է։

Դատին համար անուանուած Խնդրարկուին (Postulatore) առաջին գործն է հաւաքել բոլոր փաստաթուղթերը, վկայութիւնները ու անձին հայող տեղեկութիւնները, որոնց միջոցաւ կարելի է հիւսել անոր կեանքի ու սրբութեան ընթացքը։

Դէպի սրբադասում տանող հանգրուանները ուստի սկիզբ կ՛առնեն պաշտօնական բացում կատարելով «թեմական հետազօտութեան», ինչ որ պիտի կատարուի Կարդինալ Աղաճաեանին համար, յառաջիկայ 28 հոկտեմբերին։

Հետախուզութեան նպատակն է քննարկել թեկնածուին առաքինութիւններու հերոսական էութիւնը կամ անոր հաստատակամութեամբ բարիք ընելու սովորութիւն դրսևորելը։ Այսինքն՝ պէտք է փաստուի, որ թեկնածուն առաքինութիւնները կիրառած է շատ բարձր մակարդակով՝ միջինէն բարձր։ Այլ դէպքերուն մէջ քննարկումի ստուգման առարկան կը վերաբերի քրիստոնէական նահատակութեան կամ կեանքի ընծայման պահանջներուն։

Թեմական փուլին համար հարկաւոր է Թեմին եպիսկոպոսին հաւանութիւնը։ Անոր կ՛իյնայ անուանել Դատարան մը, որ կազմուած ըլլայ Եպիսկոպոսին Պատուիրակէ մը, Արդարութեան Խրախուսողէն եւ Նոտարէ մը։ Մինչ յատուկ պատմական յանձնախումբ մը կը զբաղի Աստուծոյ Ծառային վերաբերող փաստաթղթերը հաւաքելով, մինչ այլ երկու Գրաքննիչ աստուածաբաններուն կ՛իյնայ այդ փաստաթուղթերուն քննարկումը, ստուգելու համար եթէ այնտեղ պարունակուած են հաւատքի կամ բարոյականութեան հակառակ արարքներ, խօսքեր կամ գրութիւններ։ Թեմական այս փուլի աւարտին տեղի կ՛ունենայ Թեմին Եպիսկոպոսին նախագահութեամբ փակման նիստ մը, որուն ընթացքին հաւաքուած բոլոր տեղեկութիւնները կը կնքուին եւ բոլոր նիւթերը կ՛ուղարկուին Սուրբերու Դատի Վերատեսչութեան գրասենեակ։

Հռովմէական (կամ Վատիկանեան) փուլը

Վերոնշեալ փաստաթուղթերուն հետ միասին Վերատեսչութեան կը ներկայացուի նաեւ « Positio», այսինքն երանացման դատին Խնդրարկուին շարադրած Թեմական փուլին առթիւ հաւաքուած ապացոյցները ամփոփող հատորը. Այս գործընթացը կը կոչուի հռոմէական փուլ:

«Positio»-ն պէտք է հաստատապէս ապացուցէ Աստուծոյ ծառայի կեանքի առաքինութիւնները կամ նահատակութիւնը և յարաբերական համբաւը: Ան կ՛ուսումնասիրուի Սուրբերու Դատի Վերատեսութեան կողմէ նշանակուած խումբ մը աստուածաբանական խորհրդատուներու կողմէ և «պատմական գործընթացի» դէպքի պարագային, այսինքն այն թեկնածուներուն համար որոնք ականատեսներ չունին, այս մէկը կը քննարկուի «պատմական խորհրդատուներու յանձնաժողովի կողմէն»։

Վերոնշեալ յանձնախմբերու դրական դատողութենէն ետքը «թղթածրարը» կ՛ենթարկուի Վերատեսչութեան եպիսկոպոսներու և կարդինալ անդամներու քննութեան։

Դրական պատասխանի մը պարագային Քահանայապետը կը հրատարակէ Աստուծոյ Ծառայի կամ Աղախինի հերոսական առաքինութիւններու կամ մարտիրոսութեան հրամանագիրը, ու թեկնածուն կը դառնայ Պատուարժան կամ Երանաշնորհ, այսինքն անձ մը, որ ապրեցաւ քրիստոնէական հերոսական առաքինութիւնները (Աստուածաբանական. Հաւատք, յոյս, սէր եւ Բարձր առաքինութիւնները) եւ կամ անձ մը, որ նահատակուեցաւ կամ իր կեանքը զոհեց իր հաւատքին համար։

Երանացումը

Երանացումը դէպի սրբադասում տանող գործընթացին միջանկեալ փուլն է։ Եթէ թեկնածուն մարտիրոս կը հռչակուի ան անմիջապէս Երանելի կը դառնայ ապա թէ ոչ հարկաւոր է առ նուազն անոր բարեխօսութեամբ մէկ հրաշքի պաշտօնական ճանաչումը։

Անգամ մը, որ Սրբազան Քահանայապետը կը վաւերացնէ դատին գործընթացքը եւ հրատարակել կու տայ Երանացման հրամանագիրը Երանելին կը ներառուի իր Թեմին Ծիսական Օրացոյցին մէջ։

Սրբադասումը

Սրբադասման հասնելուն համար, Երանելիին պէտք է ճանչցուի երկրորդ հրաշք մը, որ տեղի ունեցաւ Անոր երանացումէն ետքը։ Այս փուլին մէջ եւս Եկեղեցին կը դիմէ կանոնական գնահատականի, որ հիմնուած է յատուկ կանոններու վրայ։

Բոլոր դատավարութիւններու նման այստեղ եւս դատը կ՛ընթանայ մեղադրանքի եւ պաշտպանութեան մասով։ Պաշտպան փաստաբանն է` Խնդրարկուն, որուն պարտականութիւնն է փաստել թեկնածուին սրբութիւնը։ Իսկ Հաւատքի Խթանողը, կամ աւելի հասարակ կերպով ճանչցուած «սատանային փաստաբան»ին պարտականութիւնն է վկայութիւններն ու փաստաթղթերը քննարկել ու այնտեղ գտնել բացասական երեւոյթներ։ Առաջինը` այսինքն խնդրարկուն կը նշանակուի Անոր կողմէ, որ Դատը սկսելու առաջարկը ներկայացուց իսկ երկրորդը` պաշտօնեայ է Սուրբերու դատի Վերատեսչութեան մօտ։

Յատուկ պարագաներ

Յատուկ պարագաներու պարագային Քահանայապետը, պատշաճ քննարկումներ կատարելէն ետքը, կարող է առանց վերոնշեալ ընթացակարգին որոշում կայացնել անձի մը սրբութիւնը հռչակելու, այնպէս ինչպէս ըրաւ Ֆրանչիսկոս Պապը Յովհաննէս ԻԳ Պապը սուրբ հռչակելով հիմնուելով Անոր սրբութեան համբաւին վրայ ու նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը, որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ սրբադասման դատին բացումը կատարեց անոր մահուընէ մի քանի շաբաթներ ետքը առանց սպասելու նախատեսուած հինգ տարիները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2025, 17:04