Առաքելական Աթոռի ժառանգութեան մատակարարութիւնը
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Առաքելական Աթոռի ժառանգութեան մատակարարութիւնը «ԱՍԱ»ն մարմինն մըն է, որ կը զբաղի Սուրբ Աթոռի ինչքերու եւ ժառանգութեան տնտեսական աշխատանքներով, առաւելագոյն թափանցիկութեան լոյսին տակ, ինչպէս խնդրուած է, 2014 թուականին Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ նախաձեռնուած բարեփոխումներէն։
Առաքելական Աթոռի ժառանգութեան մատակարարութեան մարմնի նախագահն է Սալեզեան միաբանութեան անդամ գերպ. Ճորտանօ Փիքչինոթթի եւ քարտուղարը Ֆապիօ Կասբերինի ու մարմնիր ամենօրեայ աշխատանքն է զբաղիլ Սուրբ Աթոռի ստացուածքներու մատակարարումի աշխատանքներով, որոնք յատկապէս բնորոշուած են, Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ նախաձեռնուած բարեփոխումներէն ի վեր։
Պատմական նշումներ
1878 թուականին Լեւոն ԺԳ քահանայապետը, կարդինալ Նինան նշանակած է Իրեն որպէս քարտուղարը, Սուրբ Պալատներուն վարիչ եւ 1870 թուականէն ետք Սուրբ Աթոռի ժառանգութեան մատակարար։ 1880 թուականին, ինքնագիր նամակով մը, որ փոփոխուեցաւ 1883ին, նշանակեց կարդինալներուն յանձնաժողով մը՝ խորհրդակցական ձայնի իրաւունքով վերահսկելու համար Սուրբ Աթոռի ժառանգութիւնն ու գանձանակի մատակարարման աշխատանքները։
30 ապրիլ 1891 թուականին, Լեւոն ԺԳ Պապը այդ վերոյիշեալ յանձնաժողովին վստահած է Սուրբ աթոռի ժառանգութեան անմիջական կառավարումը, այն պաշտօնով որ իր խնամքը տարածէ այլ առնչուած տնտեսական ճիւղերուն եւ գործերու։
1926 թուականի դեկտեմբերին, Պիոս ԺԱ ինքնագիր նամակով մը հրամայեց միացնել տնտեսական հոգաբարձութեան եւ եկեղեցական վերատեսութիւններուն մատակարարման աշխատանքներու գրասենեակները, Սուրբ Աթոռի ինչքերուն ընդհանուր մատակարարումին վերատեսչութեան, որ կազմուած է երկու բաժանմունքներէն ու որոնք համապատասխանաբար համակարգուած էին երկու պատուիրակներուն կողմէ. «Սովորական բաժանմունք», որ կը կատարէր նախապէս Սուրբ Աթոռի ինչքերուն մատակարարման վերատեչութեան յանձնուած պարտականութիւնները եւ «Արտակարգ բաժանմունքը» , որ կազմուած է Պիոս ԺԱ կողմէն՝ 1929 թուականին յունիսին ինքնագիր նամակով, որուն նպատակն է մատակարարել Իտալիոյ կառավարութեան կողմէ Սուրբ Աթոռի վճարուած հիմնադրամները, ի կատարում 1929 թուականին ,11 փետրուարին Լատերանենան համաձայնագիրի կից կտնուող Ֆինասնական համաձայնագիրը։
ԱՍԱ մարմինը
ԱՍԱ մարմինը հիմնադրուած է Պօղոս Զ-ի կողմէ «Regimini Ecclesiae Universae» առաքելական կանոնադրութեամբ՝ Սուրբ Աթոռի պատկան եւ Սուրբ Աթոռի այլ մարմիններուն վստահուած ինչքերը կառավարելու նպատակով, որոնք նպատակաուղղուած են ապահովուել Հռոմի Քուրիայի գործունէութիւնները իրականացնելու համար անհրաժեշտ միջոցները։
2014ին, 8 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ որոշեց, որ Տնտեսութեան համար նոր քարտուղարութիւնը, իր պաշտօնական պարտականութիւններուն շարքին ստանձնէ Առաքելական Աթոռի Ժառանգութեան մատակարարման «սովորական բաժանմունքի» պարտականութիւնները եւ հետեւաբար, Վերատեսչութեան կը փոխանցէ այն պարտականութիւնները, որոնք սահմանուած էին Bonus pastor առաքելական կանոնադրութեամբ 1988ին, յանձնուած սովորական բաժանմունքին։
ԱՍԱ-ի յանձնուած ներկայ պարտականութիւնները եւ պաշտօնները կարգաւորուած են 4 յուլիս 2016ին առաքելական ինքնագիր նամակով, որուն մէջ կ՝ընդգծուի Սուրբ Աթոռի առաքելական մատակարարումի եւ Տնտեսական քարտուղարութեան պարտականութիւններուն բաժանումը, առաջինը պատասխանատու է ինչքերու եւ ֆինասնականա աշխատանքներուն մատակարուման գործուէնութիւններուն եւ մինչ երկրորդը կը վերահսկէ ֆինասնական աշխատանքներուն մատակարարման աշխատանքները։
2020 թուականին դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնագիր նամակով մը ԱՍԱ-ին վստահեցաւ Պետական քարտուղարութեան ստացուածքներուն մատակարարման աշխատանքները։
Ինչպէս սահմանուած է 2022ին Praedicate Evangelium առաքելական սահմանադրութեամբ, Սուրբ Աթոռի ժառանգութեան մատակարարութիւնը այն
մարմինն է, որ պատասխանատու է Սուրբ աթոռի անշարժ եւ շարժական հարստութիւններուն մատակարման աշխատանքներուն, որոնք նպատակաուղղուած են ապահովուել Հռոմի Քուրիայի յատուկ գործունէութիւնները իրականացնելու համար անհրաժեշտ միջոցները, ի սպաս տեղական եկեղեցիներուն ծառայութեան։
ԱՍԱ-ին յանձնուած է Սուրբ Աթոռի կազմակերպութիւններուն կողմէ յանձնուած անշարժ եւ շարժական գոյքերուն մատակարարման աշխատանքները ու Ֆինասնական աշխատանքներուն գործադրութիւնը կը կատարուի Վատիկանի դրամատան միջոցաւ։
ԱՍԱ-ն կ՝ապահովէ այն ամէն ինչ, որ անհրաժեշտ է Հռոմի Քուրիայի սովորական աշխատանքներուն, վերահսկելով հաշուապահութիւնները, գնումները եւ այլ ծառայութիւնները։
ԱՍԱ
ԱՍԱ-իի ներքին կազմակերչպական կառուցուածքը բաժնուած է երեք գործնական ոլորտներով, որոնք կը զբաղին անշարժ գոյքի կառավարումով, ֆինասնական գործերով եւ ծառայութիւններով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ