MAP

2024.12.20 Biblioteca Apostolica Vaticana, Vat. lat. 9243, Messale, 1460-1470 ca BAV_Arte_che consola_060125

Վատիկանի Առաքելական Գրադարանը եւ Առաքելական Արխիւները

Հաստատութիւններ, որոնք կը համատեղեն աւանդոյթն ու նորարարութիւնը: Գրադարանի առաքելութիւնն է՝ «հաւաքել եւ պահպանել գիտութեան եւ արուեստի հարուստ ժառանգութիւնը եւ զայն հասանելի դարձնել ճշմարտութիւնը որոնող գիտնականներուն»։ Առաքելական Արխիւներու աշխատանքը կը զարգանայ երկու հիմնական ուղղութիւններով՝ փաստագրական ժառանգութեան պաշտպանութիւն եւ Եկեղեցւոյ հազարամեակներու գործունէութեան պատմական յիշողութեան արժեւորում։

Վատիկան Նիուզ - հայկական բաժանմունք

Վատիկանի Առաքելական գրադարանը եւ Վատիկանի Առաքելական արխիւները այսօր դէպի ապագայ նայող հաստատութիւններ են՝ միտուած ընտրելու նոր ուղիներ, սակայն հաւատարիմ մնալով Եկեղեցւոյ աւանդոյթներուն: «Պահպանման եւ հետազօտութիւններու հաստատութիւն» հանդիսացող Գրադարանի եւ «մտաւոր գթասիրութեամբ» զբաղող Արխիւներու, տարբերակիչ յատկանիշն է կիսել ժառանգութիւնը աշխարհի տարբեր Երկիրներու գիտնականներու հետ:

Հռոմէական Սուրբ Եկեղեցւոյ ներկայ Արխիւագէտը եւ Գրադարանավարը Գերապայծառ Ճովաննի Չեզարէ Բակացցին է:

Վատիկանի Առաքելական գրադարան

Վատիկանի Առաքելական Գրադարանը (Biblioteca Apostolica Vaticana - BAV) հիմնադրուած է Նիքքոլօ Ե․ Պապի կողմէ 1451 թուականին և պաշտօնապէս հաստատուած 1475 թուականին Սիսթօ Դ․ Պապի կողմէ: Գրադարանի առանձնայատկութիւններն ու նպատակները ի սկզբանէ եղած են այդ անգնահատելի ժառանգութիւնը գիտնականներուն հասանելի դարձնելը, որ ինչպէս յիշեցուցած է Պօղոս Զ․ Պապը 1975 թուականին, ոչ միայն տարածքներու կամ գիրերու ֆիզիկական բացում մըն է, այլեւ՝ «մշակութային բացութիւն է», որ կարող է խթանուիլ գիտելիքներու պահպանմամբ եւ փոխանցմամբ:

Քահանայապետական հրամանագրով Գրադարանը բաց է հետազօտողներու եւ գիտնականներու համար՝ անկախ կրօնէն, ծագումէն կամ մշակոյթէն, մասնաւորապէս՝ համալսարանական կամ բարձրագոյն կրթութեան փրոֆեսորներու եւ հետազօտողներու, ինչպէս նաեւ այլ գիտնական անհատներու համար։ Ներկայիս 6000 գիտնականներ եւ հետազօտողներ ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն Գրադարանի մէջ։

Վատիկանի Առաքելական Արխիւներ

Աշխարհի ամենէ կարեւոր եւ յայտնի պատմական հետազօտական կենտրոններէն մին, որ են Վատիկանի Առաքելական Արխիւները (Archivio Apostolico Vaticano - AAV), հիմնադրած է Պօղոս Ե․ Պապը՝ 1612 թուականին, ուր կը պահպանուէին Հռոմէական Քուրիայի տարբեր գրասենեակներու արխիւները։ 1600ականներու կէսերին առաւել յայտնի կը դառնան, որպէս Վատիկանի Գաղտնի Արխիւներ (երբեմն նաեւ «Վատիկանի Գաղտնի Առաքելական Արխիւներ») անուանումով։ Նման որակումը կը բացատրուի այն հանգամանքով, որ այդ արխիւները կը ծառայէին Քահանայապետի եւ Անոր կողմէ մատնանշուած պաշտօնեաներու առանձին օգտագործման համար։ Յիրաւի «գաղտնի»՝ լատիներէն «secretum», ածականը կը սերի «secernere» բայէն, որ կը նշանակէ առանձնացնել, տարբերակել, պահպանել։

22 Հոկտեմբեր 2019 թուականին, Ֆրանչիսկոս Պապը որոշեց «L’esperienza storica - Պատմական փորձառութիւնը» ինքնագիր նամակով, վերականգնել «Վատիկանի Առաքելական Արխիւներ» հին անվանումը։

Այդ արժէքաւոր գանձարանի մէջ պահպանուած շուրջ տասներկու դարերու (8էն 20րդ դարեր) փաստագրական ժառանգութիւնը կը ներառէ միլիոնաւոր թուղթեր եւ մագաղաթներ՝ պարփակուած 85 քիլոմեթր երկարութեամբ դարակներու մէջ եւ տեղակայուած ի միջի այլոց, Վատիկանի Թանգարաններու «Cortile della Pigna» բակի տարածքի տակ երկյարկանի նկուղի մէջ, որոնք հասանելի են բոլոր ազգութիւններու գիտնականներուն՝ անկախ կրօնական համոզմունքներէն։

Ներկայիս արդ Առաքելական Արխիւներէն օգտուելու ժամանակագրական սահմանն է 1958 թուականի Հոկտեմբեր ամիսը՝ Պիոս ԺԲ.-ի Քահանայապետութեան աւարտը։ Այդ թուականէն մինչ այսօր ինկած ժամանակահատուածի պարունակութիւնը փակ կը մնայ հետազօտողներու համար։

Վատիկանի Առաքելական Արխիւներու աշխատանքը կը զարգանայ երկու հիմնական ուղղութիւններով՝ փաստագրական ժառանգութեան պաշտպանութիւն՝ անոր ամբողջականութեան նպաստող պայմաններու խթանում եւ Եկեղեցւոյ հազարամեակներու գործունէութեան պատմական յիշողութեան արժեւորում։

Սուրբ Աթոռի սէրը մշակոյթի նկատմամբ

Քալել համընթաց ժամանակի հետ եւ պաշտպանել դարաւոր ժառանգութիւնը՝ ի սպաս Եկեղեցւոյ։ Այս է Առաքելական Գրադարանի եւ Առաքելական Արխիւներու հիմնական մարտահրաւէրը։ Հաստատութիւններ, որ նաեւ Սուրբ Աթոռի՝ մշակոյթի հանդէպ սիրոյ արտայայտութիւնն են։ Խնդիրը միայն գիտելիքի պահպանումը չէ, այլ այն բեղմնաւոր դարձնելը, այն մարդկային զարգացման եւ խաղաղութեան գործիքի վերածելու կարողութիւնը, «դարաշրջանի փոփոխութեան» մէջ գլխաւոր հերոսներ դառնալը եւ մարդկային համապարփակ զարգացման համար առաքինի համագործակցութեան խթանումը՝ մարդասիրական գիտելիքներու եւ նոր արհեստագիտութիւններու միջեւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2025, 13:07