MAP

Սուրբ Պետրոս Սուրբ Պետրոս 

«APSA». Աւելի քան 62 միլիոն եւրօ շահոյթ 2024 թուականին

Հրապարակուեցաւ Առաքելական Աթոռ ժառանգութեան վարչութեան ֆինանսական հաշուետուութիւնը։ Վերջին տարիներու լաւագոյն Ֆինանսական հաշուետուութիւնէն մէկը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Առաքելական Աթոռի ժառանգութեան վարչութիւնը- APSA»ն հրապարակեց իր հինգերորդ ֆինանսական հաշուետուութիւնը, որուն մէջ ընդգծուած է 62 միլիոն եւրօ արտակարգ շահոյթ, որ 16 միլիոն եւրոյով աւելի է քան 2023 թուականը, եւ 46.1 միլոն եւրօ ներդրում ՝ Սուրբ Աթոռի եւ Հռոմի Քուրիայ ֆինանսական կարիքները հոգալու համար։ Այս աճող շահութաբերութիւնը թոյլ կու տայ արդիւնաւէտ ներդրում ունենալ Սուրբ Աթոռի աջակցութեան մէջ, որուն ֆինանսական պահանջը գնահատուած է 170,4 միլիոն եւրօ։

Դրական արդիւնքը կը բխի ներդրումներուն եւ գոյքի աւելի արդիւնաւէտ կառավարումէն՝ կեդրոնանալով հարստութիւններուն արժէքներուն բարձրացումին վրայ եւ ոչ թէ վաճառքի վրայ։ Մասնաւորապէս SMA-ի ռազմավարական ներդրումներուն եւ անշարժ գոյքի կառավարման բարելաւումի շնորհիւ, APSA ն գրանցած է 8.51% գործառնական եկամտաբերութիւնը։ Անշարժ գոյքի կառավարումը պահպանած է կայուն արդիւնքներ՝ եկամուտներուն աճով, բայց նաեւ բարձր ծախսեր, քանի որ կ՝իրականացուին նախաձեռնութիւններ ժառանգութեան որակը բարձրացնելու համար։

APSA -ն կը կառավարէ աւելի քան 4200 անշարժ գոյք Իտալիոյ եւ արտերկրի մէջ, տուրքեր կը վճարէ Իտալիոյ մէջ ու կը համագործակցի Tecnocasa ընկերութեան հետ վարձակալութեան կառավարումին համար: Անոր գործունէութիւնը կը բնութագրուի բարձր բարոյական եւ թափանցիկ նուիրուածութեամբ, ինչպէս նաեւ ծառայութիւնները կը մատուցանէ Եկեղեցական կազմակերպութիւններուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2025, 17:20