Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութիւնը
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժին
Թող կրթութեան և դպրոցներու աշխարհը լցուած ըլլայ Աւետարանի ոգիով։ Այս է Մշակոյթի և կրթութեան վերատեսչութեան առաքելութիւնը, որ, ինչպէս նշուած է «Praedicate Evangelium» առաքելական սահմանադրութեան մէջ, «կ՛ աշխատի մարդոց մէջ մարդկային արժէքներ զարգացնելու քրիստոնէական մարդաբանութեան հեռանկարով՝ նպաստելով Յիսուս Քրիստոսին հետևելու լիարժէք իրականացումին»։
Անոր պարտականութիւնները կը կենտրոնանան երկու կարևորագոյն ոլորտներու՝ մշակոյթի և կրթութեան համադրութեան շուրջ: Վերատեսչութիւնը բաղկացած է Մշակոյթի բաժինէն, որ, ի թիւս այլ բաներու, նուիրուած է «հովուական աշխուժացումին և մշակութային ժառանգութեան արժևորումին», և Կրթութեան բաժինէն, որ կը «մշակէ կրթութեան հիմնարար սկզբունքները՝ յղում ընելով դպրոցներուն, կաթողիկէ և եկեղեցական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն և հետազօտական հաստատութիւններուն, և պատասխանատու է այս հարցերուն մէջ ներկայացուելիք բողոքարկումներուն»:
Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան ներկայ Վերատեսուչն է` Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մենտոնսան, մինչ Քարտուղարներն են` Գերպ. Փոլ Տեզմոնտ Թիկէ եւ Գերապ. Քարլօ Մարիա Փոլվանի։
Պատմական տուեալներ
Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութիւնը ծնունդ առած է Կաթողիկէ կրթութեան Ժողովի և Մշակոյթի Պապական խորհրդի միաւորումէն։
Անոր պատմական արմատները` սկիզբ առած են 1588 թուականին՝ Սիքստոս Ե-ի կողմէ հիմնադրուած «Congregatio pro universitate studii romani»-ով և ապա 1824 թուականին Լևոն ԺԲ-ի «Congregatio studiorum»-ով: Մշակոյթի Քահանայապետական խորհուրդը սկիզբ առած է Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովի օրով, նպատակ ունենալով շեշտել մշակոյթի կարևորութիւնը` մարդկային զարգացումին համար:
Վերատեսչութիւնը ունի երկու բաժին. Մշակոյթի բաժինը որ կը խթանէ միջ մշակութային երկխօսութիւնը և յարաբերութիւնները արուեստի, գիտութեան, արհեստագիտութեան և մարզանքի աշխարհներուն հետ՝ աջակցելով Եկեղեցւոյ մշակութային ժառանգութեան և համակարգելով Քահանայապետական ակադեմիաները, ապա Կրթութեան բաժինը` որ կը պաշտպանէ դպրոցներու կաթողիկէ ինքնութիւնը, կը խթանէ կրօնական կրթութիւնը, կ՛ աջակցի եկեղեցական և կարգաւորող հաստատութիւններուն և կը վերահսկէ ապագայի հովուական ծառայութեան գործիչներու ակադեմիական կազմաւորման վրայ։
Վերատեսչութիւնը կը մասնակցի միջազգային միջոցառումներու և կազմակերպութիւններու և կը կը խթանէ այնպիսի նախագծեր, ինչպիսին է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէն խրախուսուած Կրթութեան վերաբերեալ ընդհանուր պայմանագիրը՝ համընդհանուր եղբայրութիւնը խթանելու համար: Մշակոյթն ու կրթութիւնը Վերատեսչութեան առաքելութեան երկու հիմնասիւներն են:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ