Սուրբ Աթոռի Յոբելեանը. «Խաղաղութիւնը սերմանել Աւետարանի դիւանագիտութեամբ». Կարդինալ Փարոլին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Պապական Նուիրակը Աւետարանի դիւանագիտութեան կրողն է ու Անոր պարտականութիւնն է ինքզինք նուիրել միջնորդութեան եւ երկխօսութեան» ու դառնալ «խաղաղութեան սերմանող», այս խօսքերով է, որ արտայայտուեցաւ Վատիկանի Պետքարտուղարը` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին՝ 9 յունիսին, Սուրբ Աթոռի Յոբելեանին առթիւ եւ Լեւոն ԺԴ-ի՝ Պապական ներկայացուցիչներուն հետ, 10 յունիսին նախատեսուած ունկնդրութեան նախօրէին։
Ստորեւ համառօտ կերպով կը ներկայացնենք հարցում պատասխանները։
Սուրբ Աթոռի Յոբելեանը հնարաւորութիւն կ՝ընծայէ հանդիպելու եւ խորհրդածելու այն մասին, թէ ինչպէս եկեղեցին կը յարաբերի աշխարհի հետ։ Ի՞նչ նշանակութիւն ունի սա Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական մարմնի եւ մասնաւորապէս առաքելական նուիրակներուն համար։
Սուրբ Աթոռի Յոբելեանը առիթ կ՝ընծայէ ապրելու՝ նաեւ քահանայապետական ներկայացուցիչներուն միութեան պահ մը։ Անոնց իւրաքանչիւրին կեանքը շարունակական «ուխտագնացութիւն» է, առանց՝ իրականութեան մը մէջ արմատաւորուելու կարելիութեան։ Անիկայ շարժումի մէջ կեանք է, այո՛, բայց ոչ առանձին։ Եւ այսպէս այս յոբելեանը միտքս կը բերէ ընտանիքի մը պատկերը, որ ցրուած ըլլալով աշխարհով մէկ՝ բայց միացած կը հաւաքուի Հռոմի մէջ, Պապին շուրջը։
Քահանայապետական ներկայացուցիչը նախ եւ առաջ կամուրջ է Քրիստոսի Տեղապահի եւ այն համայնքներու միջեւ, ուր ուղարկուած են եւ միեւնոյն ժամանակ կենդանի կը պահեն տեղական Եկեղեցիներուն եւ Առաքելական Աթոռի միջեւ կապը։ Այս միութիւնը երաշխաւորելու համար Պետական քարտուղարութիւնը կը կատարէ իր համակարգողի դերը, աջակցելով Պապական նուիրակներուն առաքելութեան ըլլայ Հռոմի, ըլլայ աշխարհին մէջ։
Պապական նուիրակները կը ներկայացնեն Քահանայապետը տեղական եկեղեցիներուն եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն առջեւ։ Ո՞րն է անոնց ծառայութեան առանձնայատկութիւնը եւ ինչպէ՞ս անոնք կը համատեղեն հովուական ծառայութեան ծաւալը դիւանագիտութեան հետ։
Պապական նուիրակները, իհարկէ, Քահանայապետին ներկայացուցիչներն են ազգային կառավարութիւններուն եւ վերազգային հաստատութիւններուն մօտ։ Այս հարցին մէջ անոնց պարտականութիւնը յատուկէն դիւանագիտական է . Երկխօսիլ քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ, աշխատիլ կտրուածքները բուժելու, խաղաղութիւնը, արդարութիւնը եւ կրօնական ազատութիւնը խթանելու համար, առանց անձնական շահեր հետապնդելու ՝ այլ ոգեշնչուած աշխարհի եւ միջազգային յարաբերութիւններուն աւետարանական տեսլականով։ Սակայն անոնց ծառայութիւնը, իր բնոյթով, կարելի չէ, որ վերածուի պաղ պաշտօնական գործառոյթի, այլ պէտք է աջակցուի իսկական հովուական ծառայութեան ներկայութեամբ։
Առաքելական նուիրակը նախ եւ առաջ Եկեղեցւոյ մարդ է, Ան նաեւ Հովիւ է եւ պէտք է հետեւի Քրիստոսի` Բարի հովիւի օրինակին։ Հովիւ ըլլալ կը նշանակէ մօտիկ ըլլալ այն եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն եւ համայնքներուն որոնց կանչուած է ծառայելու, ունենալով միշտ եկեղեցական հայեցաք, այսինքն քահանայի, որ իր վրայ կը զգայ ուրիշներուն նկատմամբ պատասխանատուութիւնը։ Այսպիսով առաքելական նուիրակը կամուրջ կը դառնայ Սուրբ Պետրոսի յաջորդի եւ տեղական եկեղեցիներուն միջեւ, Եկեղեցւոյ եւ կառավարութիւններուն միջեւ, աշխարհի վէրքերուն եւ աւետարանի յոյսի միջեւ։
Ի՞նչ յատկանիշներ անհրաժեշտ կը համարէք Պապական ներկայացուցիչներուն համար, նամանաւանդ այս բարդ պատմական պահուն։
Քահանայապետական ներկայացուցիչներուն համար կարեւոր են երեք հիմնական յատկանշեր. Խոնարհութիւնը, Աւետարանական եռանդը եւ հաշտուելու ունակութիւնը։
Խոնարհութիւնը թոյլ կու տայ ապաւինիլ Աստուծոյ շնորհքին նոյնիսկ բարդ իրավիճակներուն մէջ, մինչ աւետարանական եռանդը կ՝ենթադրէ աւետարանի լոյսը հասցնել աշխարհին ծայրերը։ Քահանայապետական դիւանագիտութիւնը պարտականութիւն ունի խթանելու ճշմարտութիւն, արդարութիւն եւ խաղաղութիւն, խրախուսելով երկխօսութիւն եւ միջնորդութիւն, որպէս միջազգային համագործակցութեան գործիքներ։ Պապական նուիրակները խաղաղութեան սերմնարկողներ են։
Անընդհատ փոփոխուող աշխարհին մէջ, ինչպէ՞ս երիտասարդ քահանաներուն դիւանագիտական կազմաւորումը համընթաց քայլերուն մէջ կը մնայ ժամանակակից մարտահրաւէրներու հետ։
Երեք հարիւր տարի շարունակ քահանայապետական եկեղեցական կաճառը պատասխանատու եղած է քահանաներու կազմաւորումին, որոնք կը պատրաստուին մտնելու Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ծառայութեան մէջ։ Կաճառին մէջ վերջերս իրականացուած բարեփոխումը նպատակ ունէր թարմացնել եւ ամրապնդել ուսուցումը, որպէսզի ան աւելիով արձագանգէ ժամանակակից աշխարհի բարդութիւններուն։ Վատիկանի դիւանագիտութեան այս նոր փուլին նպատակն է աշխարհին մէջ ուղարկել կարող դիւանագէտներ՝ արհեստագիտական գետնի վրայ եւ խորապէս ոգեշնչուած են աւետարանական ոգիով, գիտակցելով Սուրբ Պետրոսի վարդապետութիւնը յառաջ տանիլ, որպէս հաղորդութեան գործիքներ, խաղաղութեան սերմանողներ եւ ժողովուրդներու միջեւ կայուն եւ խաղաղ յարաբերութիւններ կառուցողներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ