Կարդինալ Փարոլին. Միջուկային զինաթափումը Սուրբ Աթոռին առաջնագիծն է
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին արտայայտեց եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը, միջուկային զինաթափումը խթանելու համար, հաստատելով, որ Սուրբ Աթոռը գործօն կերպով կ՝աշխատի միջուկային զէնքի վերացման ուղղութեամբ առաջարկելով համաձայնագիրեր նման զէնքերու տիրապետումի եւ օգտագործումին դէմ։ Կարդինալ Փարոլին ընդգծեց խաղաղ զինաթափումի կարեւորութիւնը՝ երկխօսութեան եւ բանակցութիւններուն միջոցաւ ու այս ծիրէն ներս վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի յանձնառութիւնը։ Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ աճող լարուածութեան ի լուր, կարդինալ Փարոլինը ընդգծեց Սուրբ Աթոռի իղձը, նպաստելու աւելի անվտանգ աշխարհի ստեղծումին։
Իտալիոյ մէջ Հեշտամահութեան կիրառման նիւթին վերաբերեալ, կարդինալ Փարոլին մտահոգութիւն յայտնեց Իտալիոյ մէջ անդամալուծուած կնոջ դէպքի վերաբերեալ, որ խնդրած է իր բժիշկէն մահացու դեղամիջոց կիրարկել։ Ծիրանաւորը յիշել տալով, որ Իտալիոյ սահմանադրութիւնը կը պաշտպանէ կեանքը յոյս յայտնեց, որ ապագային առնուելիք որեւէ որոշում ապահովէ մարդկային արժանապատուութիւնը եւ յարգանք եւ օգնութիւն շնորհէ շահագրգիռ անձերուն։
Վատիկանի Պետական քարտուղար յիշեց «Յովհաննէս ԻԳ» հասարակութեան հիմնադիր, հայր Օրէսթէ Պենզինը, նշելով որ Հայր Օրէսթէն խաղաղութեան եւ զօրակցութեան կամուրջներ կառուցող անձ մը եղաւ , ինչպէս նաեւ վերջիններուն մօտիկ կանգնող եւ խոնարհ վարդապետ մը, որ Եկեղեցին հարստացուց իր հաւատքին եւ ծառայութեան միջոցաւ։
Հայր Պենզիի հասարակութիւնը հիմնուած է 1968ին, ու այդ հասարկութիւնը նոր կեանք տուաւ բազմաթիւ գաղթականներուն եւ աղքատներուն, աշխատելով հիւրընկալութեան եւ բաժնեկցութեան ոճով։ Կարդինալ Փարոլին ընդգծեց թէ ինչպէս այս աշխատանքի պտուղները ծաղկեցուցին բազմաթիւ կեանքեր եւ վկայութիւն են այն մասին, թէ ինչպէս Աւետարանը կը ճանչցուի իր պտուղներով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ