MAP

Ուքրանիա, Ռուսիա պատերազմ Ուքրանիա, Ռուսիա պատերազմ  (AFP or licensors)

Կարդինալ Փարոլին. «Ոչ մէկ պատերազմ անխուսափելի է, եւ ոչ մէկ խաղաղութիւն անկարելի է»

Իտալական «La stampa» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ, Վատիկանի Պետքարտուղարը կը խնդրէ, որ Կազայի մէջ անյապաղ վերացուի մարդկային օգնութեան շրջափակումը, տեղի ունեցող «հսկայական ողբերգութեան» պայմաններուն մէջ։ Թող` որ Ուքրանիոյ մէջ աշխատանք տարուի խաղաղութեան մը համար, որ «կը պաշտպանէ բոլորին արժանապատուութիւնը՝ առանց նուաստացումներու։» Եւրոպայի սպառազինութեան մրցավազքը անկայունացնող է, անյապաղ անհրաժեշտ են համակարգուած ջանքեր խաղաղութեան հաստատման համար»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետքարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին հարցազրոյց ունեցաւ Իտալական «La Stampa» օրաթերթին հետ։

Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցումներն ու անոնց համառօտ պատասխանները։

Հարցում. Պոլսոյ մէջ գագաթնաժողովի անարդիւնաւէտութենէն յետոյ ի՞ նչ քայլեր պէտք է ձեռնարկուին Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու համար։

Կարդինալ Փարոլին ընդգծեց, որ Պոլսոյ գագաթնաժողովի ձախողութիւնը պէտք չէ խոչընդոտէ պատերազմը դադրեցնելու ջանքերը։ Սուրբ Աթոռը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը խաղաղութեան համար, դէմ ըլլալով բռնութեան տրամաբանութեան։ Ծիրանաւորը դիտել տուաւ, որ ոչ մէկ պատերազմ անխուսափելի չէ ու բոլոր կողմերը պէտք են աշխատիլ երկխօսութեան եւ զէնքի դադրեցման համար։ Ան ապա յիշեցուց, որ Սուրբ Աթոռը տրամադիր է հարթակ դառնալու, որպէսզի թշնամիները իրարու հանդիպին ու իրարու աչքերուն մէջ նային, որպէսզի ժողովուրդներուն վերադարձուի յոյսն ու արժանապատուութիւնը` խաղաղութեան արժանապատւութիւնը։

Հ. Քահանայապետը կ՛ընդգծէ Ուքրանիոյ մէջ «արդար եւ մշտական» խաղաղութեան հրատապութիւնը, Ի՞ նչ կը նշանակէ այս մէկը շօշափելի առումով։

Կարդինալ Փարոլին նշեց, որ իսկական խաղաղութիւնը հիմնուած է կողմերու միջեւ խոր երկխօսութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ, առանց պարտադրուած լուծումներու։ Արդար խաղաղութիւնը կը ճանչնայ բոլորին արժանապատուութիւնը՝ խուսափելով նուաստացումներէն եւ բաց վէրքերէն եւ պէտք է ըլլայ մշտական՝ հիմնուած իրաւունքի, արդարութեան եւ ազատութեան վրայ եւ ոչ զէնքով երաշխաւորուած անկայուն հաւասարակշռութիւններուն վրայ։ Եկեղեցին կը հրաւիրէ երկխօսութեան մշակոյթին եւ կը ճանչնայ դերակատարութիւնը անոր, որ լռութեան եւ աղօթքի մէջ կ՝աշխատի խաղաղութեան համար, որպէս խաղաղութեան իսկական արհեստաւորներ։

Հ. Աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ սպառազինութիւններուն մրցավազքը կ՝արագանայ, Եւրոպական միութենէն սկսեալ, ի՞ նչ է Սուրբ Աթոռի դիրքորոշումը

Կարդինալ Փարոլին ընդգծեց, թէ ինչպէս վերջին տարիներուն ռազմական ծախսերու աճը կ՝արտացոլայ համաշխարհային անապահովութեան ըմբռնումը։ Ճանչնալով իւրաքանչիւր երկրի պաշտպանութեան իրաւունքը, Ծիրանաւորը դիտել տուաւ, որ պէտք է հարց տրուի` թէ որքանով ռազմական հզօրացումը կարող է երաշխաւորել ազգերու միջեւ վստահութիւնը ու նպաստէ երկարատեւ խաղաղութեան։

Կարեւոր է սահմանափակել ռազմական կարողութիւնները միայն անվտանգութեան կարիքներով՝ խուսափելով զէնքի չափազանց կուտակումէն, որ կարող է խթանել սպառազինութիւններուն մրցավազքը եւ անկայունացնել միջազգային յարաբերութիւնները։ Համատեղ նպատակը պէտք է ըլլայ խաղաղ հաւասարակշռութեան հասնիլը՝ զինաթափման եւ միջազգային համագործակցութեան միջոցաւ։ Եղան Կարդինալ Փարոլինին եզրակացութիւնները։

Հ. Կազայի հակամարտութիւնը կը շարունակէ քաղաքացիական բնակչութեան կոտորածներուն պատճառ դառնալ։ Ի՞նչ դիրքորոշում ունի Սուրբ Աթոռը Իսրայէլի կառավարութեանն վարքագիծի վերաբերեալ։

Այս հարցումին պատասխանելով Կարդինալ Փարոլինը նշեց թէ նման միւս միջազգային դերակատարներուն, Սուրբ Աթոռը եւս կը դատապարտէ պատերազմը եւ կոչ կ՝ուղղէ վերացնելու Կազայի ուղղութեամբ մարդասիրական օգնութեան շրջափակումը, ուր քաղաքացիական բնակչութիւնը կ՝ապրի լուրջ ճգնաժամի մէջ։ Վերջին զինադադարները թոյլ տուին ազատ արձակել 140 գերիներ, ցոյց տալով բանակցութիւններու արդիւնաւէտութիւնը՝ բարդ միջավայրի մէջ։ Սուրբ Աթոռը կը մաղթէ, որ այս բանակցութիւնները ներառուին աւելի լայն քաղաքական գործընթացի մէջ, որ նպատակաուղղուած է Իսրայէլի եւ Պաղեստինի հարցի լուծումին, եւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանին կայունացման։

Հ. Միացեալ Նահանգներն ու Չինաստանը կարծես կը շարժին դէպի համաշխարհային նոր երկբեւեռում։ Ինչպէ՞ ս պէտք է լուծուի այս աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական ուժականութիւնը։

Վատիկանի Պետքարտուղարը նշեց, Սուրբ Աթոռը կը շեշտէ Փեքինի եւ Ուաշինկթընի միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ երկու գերտէրութիւններուն միջեւ տարաձայնութիւնները հակամարտութեան վերածուելէ կանխելու համար։ Կարեւոր է որ երկու պետութիւնները շարունակեն երկխօսութիւնը, նուազեցնեն լարուածութիւնը եւ գտնեն համաձայնութեան կէտեր՝ առեւտուրի եւ անվտանգութեան հարցերուն մէջ ։ Առ Աւելին կարեւոր է համագործակցիլ այլ երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ՝ բազմակողմնութիւնն ու բազմաբեւեռութիւնը ամրապնդելու եւ համաշխարհային կայունութիւնը խթանելու համար։ Դիւանագիտութիւնը, յարգանքը, արդարութիւնը եւ թափանցիկութիւնը բանալի միջոցներ են խաղաղութիւնը, կայունութիւնը եւ զարգացումը խթանելու համար։

Ի՞ նչ նշանակութիւն ունեցան համաշխարհային առաջնորդներուն Ֆրանչիսկոս Պապին յուղարկաւորութեան եւ Լեւոն ԺԴ.-ի Քահանայապետութեան սկիզբի պատարագի ժամանակ տեղի ունեցած հանդիպումներն ու քննարկումները հարցումին Կարդինալ Փարոլին պատասխանեց. «Կարծեմ, որ անոնք Սուրբ Աթոռի խաղաղութեան նկատմամբ յանձնառութեան միջազգային ճանաչումի նշանակալից նշան են։ Յանձնառութիւն, որ հաստատեց Լեւոն ԺԴ. Պապը իր առաջին խօսքերուն մէջ, որոնք սրտանց կոչ էին միասին կամուրջներ կառուցելու։

«Ինծի կը թուի, որ միջազգային հանրութիւնը հետաքրքրութեամբ ընդունեց այդ մէկը եւ յաջորդ օրերուն տեղի ունեցած երկխօսութիւնները կեդրոնացած էին հակամարտութիւնները վերջ դնելու անհրաժեշտութեան վրայ՝ ճանչնալով Սուրբ Աթոռի հաւաստի դերը անոնց լուծման գործին մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2025, 11:00