Անչափահասներու պաշտպանութեան յանձնաժողովի անդամներու հանդիպումը Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 5 յունիսին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը հանդիպում ունեցաւ անչափահասներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնաժողովին անդամներուն հետ, որուն աւարտին յանձնաժողովը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` տեղեկացնելով, որ հանդիպումը տեւած է գրեթէ մէկ ժամ ու թէ այդ եղած է կարեւոր պահ մը, Եկեղեցւոյ մէջ անչափահասներուն եւ խոցելի անձերուն պաշտպանութեան վերաբերեալ մտորումներուն եւ երկխօսութեան համար։
Հանդիպումը ընդգծած է եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը՝ պաշտպանութեան համընդհանուր չափանիշերուն մէջ, որոնք արմատաւորուած են Աստուածաբանական, Սուրբ Գրային, Կաթողիկէ վարդապետութեան ուսմունքի մէջ, նպատակ ունենալով եկեղեցւոյ մշակոյթը վերափոխել պատասխանատուութեան, արդարութեան եւ կարեկցանքի մշակոյթի։
Յանձնաժողովը Լեւոն ԺԴ. Պապին տեղեկացուց համընդանուր պաշտպանութեան ուղեցոյցներուն առաջընթացի մասին, որոնք մշակուած են եկեղեցւոյ առաջնորդներուն հետ համագործակցութեամբ եւ փորձարկուած են մի քանի երկիրներու մէջ փորձնական ծրագիրներու միջոցաւ։ Այս ուղեցոյցները նպատակ ունինք խթանել սինոդական եւ աստուածաբանութեամբ ոգեշնչուած գործընթաց։
Ներկայացուած է նաեւ «Memorare» նախագիծը, նախաձեռնութիւն մը որ նպատակ ունի զարգացնել տեղական եկեղեցիներուն մէջ, մասնաւորապէս հարաւային աշխարհին մէջ կարողութիւններ՝ ստեղծելու պաշտպանութեան ենթակառուցուածքներ, խթանելու կրթութիւն, ամրապնդելու միջազգային համագործակցութիւն եւ բարելաւելու ռազմավարական հաղորդակցութիւնը։
Հանդիպումին կիսուեցաւ 2024 թուականի տարեկան զեկոյցը, որ կը գնահատէ տեղական եկեղեցիներուն պաշտպանութեան կարողութիւնները եւ կը կեդրոնանայ՝ զոհերուն փոխհատուցում տրամադրելու միջոցաւ ապաշխարութեան արդարութեան վրայ։
Զեկոյցը կը ներառէ տարածաշրջանային տուեալներ, միտումներ, վերլուծութիւններ, եկեղեցական կառոյցներուն վերանայում՝ բարեփոխումներ, թափանցիկութիւն եւ բուժում խթանելու նպատակով։
Յանձնաժողովը իր գնահատանքը յայտնեց Հռոմի Քուրիայի վերատեսչութիւններուն աճող համագործակցութեան համար ու կը հրաւիրէ շարունակել համագործակցութիւնը կենսական ծառայութեան մէջ։
«Մեր յոյսն է, տարեվերջին Նորին Սրբութեան ներկայացնել համընդանուր ուղեցոյցներուն վերջնական շրջանակը։ Մինչ այդ՝ մենք կը վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնը լսելու եւ քալելու զոհերուն եւ վերապրածներուն հետ միասին, ինչպէս նաեւ զօրակցելու եկեղեցական հաստատութիւններուն, իրենց ջանքերուն մէջ՝ կարեկցութեամբ պաշտպանելու համար ողջ Աստուծոյ ժողովուրդը», նշուած է անչափահասներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնաժողովին հաղորդագրութեան մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ