Վատիկանի դրամատան 2024 թուականի ֆինանսական ցուցանիշները կ՝աճին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հրապարակուեցաւ Վատիկան Քաղաք Պետութեան IOR դրամատան կազմակերպութեան 2024 թուականի տարեկան հաշուետուութեան զեկոյցը որուն մէջ ընդգծուած է կայուն աճող ֆինանսական արդիւնքները։ Դրամատան Զուտ շահոյթը կը կազմէ 32,8 Միլիոն Եւրօ, ինչ 7 առ հարիւրով աւելի է 2023 թուականի համեմատ, շնորհիւ աճող տոկոսներուն, միջնորդ վաճառներուն եւ ծախսերու ուշադիր վերահսկողութեան։
Դրամատան զուտ ստացուածքը կը կազմէ 73,9 միլիոն եւրօ, ինչ 64,3 միլիոնով աւելի է, ինչ որ ստացուածքի կայունութեան նշան կը կազմէ։
Վատիկանի դրամատան միաձայն հաստատուած հաշուեկշիռը ուղարկուած է Կարդինալական յանձնաժողովին, ու այս վերջինը որոշած է դրամատան շահերէն 13,8 միլիոն եւրօ գումար փոխանցել Քահանայապետին։
Զեկոյցին մէջ նշուած է ,որ Վատիկանի դրամատունը ամրապնդած է իր գործառոյթները, ներդրումներ կատարած է թուային ենթակառուցուածքներուն մէջ, եւ բարելաւած է դրամատան նեդրումային ծառայութիւնները, պահպանելով դրամատան բարձր մակարդակը։
Վատիկանի դրամատունը կը ծառայէ 12,000 յաճախորդներուն աշխարհի մէջ աւելի քան 110 երկիրներուն մէջ, միշտ համապատասխանելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ