MAP

Վատիկանի մէջ հեծանորդ Վատիկանի մէջ հեծանորդ  (ANSA)

14 յունիսին կը նշուի Մարզանքի Յոբելեանը

Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի մէջ ներկայացուեցաւ Մարզանքի յոբելեանի յայտագիրը։ Նախատեսուած է համագումար նուիրած մարզանքի աշխարհին, հանդիպում աշխարհահռչակ ախոյեաններուն հետ, ուխտագնացութիւն դէպի Սուրբ Պետրոս տաճար, ապա Պատարագ գլխաւորութեամբ Լեւոն ԺԴ. Պապին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յոյսի նուիրուած յոբելինական տարուան ծիրէն ներս, շաբաթ, 14 յունիսին, տեղի կ՝ունենայ Մարզանքի յոբելեանը, որուն ներկայացումը կատարուեցաւ այսօր՝ չորեքշաբթի, 11 յունիսին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ։

Մամլոյ ասուլիսին խօսքը առին Մշակոյթի եւ Կրթութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ, Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մէնտոնքա, նախկին լողորդ եւ լրագրող, Նովելլա Քալլիկարի, Համա-ողիմպիական խաղերու մարզիկ, Ամելիօ Քասթրօ Կրուէսօ, Վատիկանի մարզական խաղերու նախագահ, Ճամբաուլօ Մաթթէի։

14 եւ 15 յունիսին տեղի ունեցող մարզանքի յոբելեանի յայտագիրը սկիզբ կ՝առնէ շաբաթ, 14 յունիսին, առաւօտեան ժամը 9ի,ն Հռոմի «Աուկուսթինանում» համալսարանի դահլիճէն ներս կայանալիք «Յոյսի թափը. ամպիոնէն անդին պատմութիւններ» խորագիրով համագումարով, կազմակերպուած Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան կողմէ։

Համագումարին ելոյթ ունեցողներու շարքին են Մշակոյթի եւ Կրթութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մէնտոնքա, միջազգային ողիմպիական կոմիտէի, նախագահ, Թոմաս Պախ։

Մարզանքի յոբելեանի առթիւ կազմակերպուած համագումարին աւարտին, նոյն օրը յետմիջօրէին ժամը 2-էն մինչ 5, տեղի կ՝ունենայ մարզանքի մեծ ախոյաններուն հետ հանդիպում, որուն ընթացքին մարզիկները պիտի կիսեն իրենց փորձառութիւնները։ Այս ծիրէն ներս Փարիզի թեմը Վատիկանի մարզիկի մը կը յանձնէ մարզիկներուն խաչը, որ ժամանակ առ ժամանակ պիտի յանձնուի ողիմպիական եւ համա-Ողիմպիական կեդրոններուն։

Ապա յետմիջօրէին, ժամը 5ին, Հռոմի «Փիացցա Տէլ Փոփոլօ» հրապարակէն սկզիբ կ՝առնէ ուխտագնացութիւնը դէպի Սուրբ Պետրոսի տաճար, կազմակերպութեամբ Վատիկանի մարմնամարզի կողմէ։

Մարզանքի յոբելեանի առաջին օրը կ՝աւարտի երեկոյեան ժամը 9ին, Հռոմի Սուրբ Քոզիմաթօ հրապարակին վրայ Օսքարի մրցանակիր, Հուկ Հուտսոնի ֆիլմի ցուցադրութիւնով, կազմակերպուած Մշակոյթի եւ Կրթութեան վերատեսութեան կողմէ, «Փոքրիկ Ամերիկա» հիմնադրամին հետ մասին, «Il Cinema in Piazza», փառատօնի կապակցութեամբ։

Կիրակի 15 յունիսին, մարզանքի յոբելեանը կ՝աւարտի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ պատարագով, գլխաւորութեամբ Լեւոն ԺԴ. Պապին։ Յայտնենք, թէ նախապէս Սուրբ Պատարագը պիտի մատուցուէր, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, սակայն նախատեսուած բարձր ջերմաստիճանի պատճառաւ, որոշուեցաւ, որ Պատարագը մատուցուի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/06/2025, 11:18