Սուրբ Աթոռի Յոբելանը - Քոյր Ռիվա. Խաչի մեծ գեղեցկութիւնը մեզ պիտի փրկէ։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 8 յունիսին, Յոյսին նուիրուած Յոբելենական տարուայ ծիրէն ներս նշուեցաւ Սուրբ Աթոռի Յոբելեանը։
Առաւօտեան ժամը 9ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան նախագաւիթին մէջ Սուրբ Աթոռի մաս կազմող կղերական դասի անդամներն ու աշխարականները նախ մասնակցեցան Սուրբ խոստովանանքի խորհուրդի արարողութեան ապա Պօղոս Զ. անուան դահլիճին մէջ ներկայ եղան, «Adoratrici Perpetue del SS. Sacramento» միաբանութեան անդամ, քոյր Կլորիա Ռիվայի ներկայացուցած խորհրդածութեան, ներկայութեամբ նաեւ Լեւոն ԺԴ. Պապին։
Մտածականի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Պապին գլխաւորութեամբ ներկաները թափօրով ուղղուելով դէպի Սուրբ Պետրոսի տաճար անցան տաճարի Սուրբ Դուռէն եւ մասնակցեցան Լեւոն ԴԺ. Պապին նախագահած սուրբ Պատարագին։
Քոյր Կլորիա Ռիվա իր ներկայացուած խորհրդածութեան նիւթը կեդրոնացուց Յոյսին վրայ, որ «խորհրդանշականօրէն ներկայացուած է եփրայերէն "tikva"բառով, որ կը նշանակէ անցեալի եւ ապագայի միջեւ ձգուած թել»։ «Սուրբ Գիրքին մէջ, յոյս ունի այն մարդը, որ արմատացած է անցեալի մէջ եւ կարող է ցատկիլ դէպի ապագայ ապրելով ներկան լարուածութեան մէջ», ըսաւ մայրապետը։ Ան ապա օրինակ բերելով Տի Կիրկոն ու անոր Անառակ որդիին վերադարձի նկարը, նկատել տուաւ, թէ ինչպէս այդ նկարը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս անցեալը կարելի է ցատկահարթակ ըլլալ՝ ներկան յոյսով ապրելու համար, նայելով ապագային վստահութեամբ։
«Յոյսը կը գտնուի յաւիտենական կեանքին մէջ, որ կ՝արտացոլայ եկեղեցւոյ եւ մարդկային կեանքի գործունէութեան մէջ ու կը սնանի աշխատանքի, բարեգործութեան եւ Յարուցեալին նկատմամբ հաւատքէն», ըսաւ մայրապետը դիտել տալով, որ Սուրբ Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալներուն դէպի գերեզման վազքը կը խորհրդանշէ յոյսի ուղեւորութիւնը եւ յաւիտենական կեանքի նկատմամբ հաւատքը։
Քոյր Կլորիա Հրաւիրեց նմանելու Հռոմի օրինակին, Քրիստոնէութեան կեդրոնը, որ ցոյց կու տայ դէպի Սուրբ Հաղորդութեան ուղին, ուժի եւ յոյսի աղբիւրը ընդգծելով, որ դէպի սուրբ Հաղորդութեան հայեացքը կը բուժէ եւ կը բիւրեղացնէ հոգին։
Մայրապետը մտածականը աւարտեց յիշելով Տալիի Փորթ Լլիկաթ Տիրամայրը, կործանումի եւ վերածնունդի խորհրդանիշը, որ կը պաշտպանէ եւ կ՝ուղղեցի մարդկութեան, անոր ձախողութիւններուն եւ ուժերուն մէջ, հրաւիրելով վստահելու Տիրամօր, յոյսի եւ մթարութեան Աստուածամօր, որպէս առաջնորդ ու հաւատքի եւ վստահութեան տիպար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ